Մեր բառերուն ամենէն փափուկը
Երեւան-Սեւան մայրուղիի 14-րդ քիլոմետրի վրայ ճամբու եզրին մեր աշակերտները սկսեր էին քարեր հաւաքել՝ որպէս հայրենի յուշանուէր։ Մինչ շատեր ափ մը օպսիտիանով կը գոհանային, Աւօն եւ Շանթը, որոշեր էին «սատանի եղունգ» կոչուած այդ քարի ամենամեծը որոնել։ Այդ «քարահաւաք» արարողութիւնը առիթ տուած էր, որ Մեղեդիի հետ խօսէինք «քար» բառի մասին։ Ու, հասեր էինք այն եզրակացութեան, թէ հակառակ իր նիւթի կարծրութեան՝ «քար»ը մեր ամենէն փափուկ բառերէն մէկն էր... Բանաստեղծներ Պարոյր Սեւակի, Գէորգ Էմինի եւ Համօ Սահեանի քնարական տողիկներն էին մեր վկաները։ Անոնք, որոնք մեր նախորդ զրոյցին ականջալուր եղած են, լսած են, թէ «քար»ը նաեւ մատեան էր եւ սուրբ, արցունք էր եւ ծաղկունք... Աշակերտները կը սկսին հանրաշարժ վերադառնալ։ Իսկ Աւօն... Ան գրկած է հսկայական կտոր մը օպսիտիան, այն սեւ, ապակենման եւ կիսաթափանցիկ գեղեցկուհին, որմով հարուստ է Հայկական լեռնաշխարհը։
- Տղա՛յ, ասիկա ինչպէ՞ս պիտի տանիս։
- Պարոն, դժուար չի, դնում եմ ճամբրուկիս մէջ, փաթաթում են շորերիս ու տանում եմ։ Կը պահենք դասարանում։
Հանրաշարժի մէջ Ալիքը դարձեալ նստած է վարորդ Արտուշին քով, գետինը։ Աղջնակը, իր թանկագին լուսանկարչական գործիքը ձեռքին՝ անթարթ կը դիտէ հայրենի բնաշխարհը ու կը լուսանկարէ զայն։ Որոշած է իր նկարներու համադրութեամբ դասարանի համար մեծաչափ պաստառ մը ստեղծագործել։
- Պարոն, քարի այս պաշտամունքը հարազատ թուաց ինծի։
- Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ մեր ցեղը քարածին է ու նստած է քարերու վրայ։ Եւ ի՞նչ ընէր ժողովուրդը, եթէ ոչ՝ մտովի փափկացնէր ու մեղմացներ զայն, որպէսզի գոյատեւէր քարասիրտ այս բնութեան մէջ։
- Գրականութեամբ կարելի է։
- Ճիշդ է. գրականութեամբ եւ մանաւանդ խաչքարերով, որմով մեր նախնիները, Գէւորգ Էմինի խօսքով՝ «ասեղնագործած են իրենց սէրն առ Աստուած, յոյզերը, մտքերը... որպէս քարէ աղօթք»։ Ըստ Էմինի, հայ ժողովուրդը մետաքսի նուրբ թելեր կը հանէ նոյնիսկ հայոց բիրտ քարերէն։
- Երկիրը սիրել, ուրեմն, պիտի նշանակէ քարը սիրել։
- Ահա, սկսար քարերու լեզուն հասկնալ։ Տե՛ս, Էմինը ի՛նչ նուրբ տողիկ մը նուիրած է մեր երկրին. «Քարէ խորհուրդ է ու քարէ խաչ»։ Ան նաեւ երկտողի մէջ երգած է հայոց պատմութիւնը.
Երգից բացուում են շուրթերը քարի,
Մենք երգում ենք, եւ լալիս է քարը։
Բանաստեղծը, Ալիք, գիտէր նաեւ թէ քար էր ու քարին պիտի վերադառնար, ու դանդաղօրէն սկսաւ գրի առնել հետեւեալ միտքերը.
Կը գամ, կը նստեմ այս մամռոտ քարին,
Կը գամ կը պառկեմ այս քարի վրայ,
Կամ... այս քարի տակ։
Իսկ Էջմիածնի անապատական, բանաստեղծ Իսահակ աբեղայ Պօղոսեանի համար քարը յուզումներու ծանրութիւն է. «Սրտիս մէջ քարեր ու լոկ անապատ»։
- Պարոն, ես լուսանկարներուս մէջ կ՚ուզեմ դրական ըլլալ ու ցոյց տալ, թէ քարը կեանք է ու սէր է։
- Հայու համար նաեւ երաժշտութիւն... Վաղը մենք կ՚երթանք Գառնի։ Ձորամէջը, Ալիք, բնութեան հրաշալի մէկ ստեղծագործութիւնն է, կոչուած՝ Քարերի Սիմֆոնիա։ Մեր նկարագիրը, ըստ երեւոյթին, կերտուած է այդ սիրունատես քարերով, ինչպէս Համօ Սահեանը ըսեր է. «Երազներից քարէ ծաղիկ եւ քարեղէն հեքիաթ հիւսող»։ Կը տեսնե՞ս, մեր լեզուն քարով կրնայ արտայայտել կեանքի ամէն հանգրուան եւ զգացմունք։ Ահա մայրենիի ամենէն պատկերալից գոհարները. քարարձան, քարերգ, խաչքար, խարսխաքար, եզրաքար, պորտաքար, սալաքար, կաթիլաքար, անկիւնաքար, շիրմաքար եւ ամենէն նուիրականը՝ սրբատաշ քար։ Մեր հիներու գրաբար լեզուն ունեցեր է նոյնքան պատկերալից դարձուածքներ. «Քար պատուական», «քար դժոխային», «քար մանրիկ», «յարկանել քարիւ», «քարկոծել քարամբ», «չթողուլ քար ի քարի վրայ» եւ բախտաւորութիւն մը՝ «միով քարամբ զերկուս պարսաքարել»։ Ժողովուրդը ունի քարէ բազմաթիւ ասացուածքներ։ Որքան քար, այնքան ասացուածք- «Եօթը քարի արանք» անելի մատնուած վիճակ, «քարերը կ՚աղաղակեն» իրականութիւնը կարելի չէ ծածկել, «քարսիրտ դառնալ» գութը կորսնցնել, «քարը հալեցնել» աղիողորմ լալ, «քար նետել» սուր ակնարկութիւն տալ, «քարը գոգէն՝ փէշէն թափել» զիջել, «քարը տեղը դնել» ճիշդ խօսքը ըսել, «քարէ հաց կամ իւղ հանել» չարչարանքով ապրուստ վաստկիլ։ Այսքան քարի մէջ անշուշտ գիրքի անուն պիտի դառնար ան. Ռազմիկ Դաւոյանի ժողովածուն՝ «Քարէ Բարձ»... Քանի՞ հատ լուսանկար ունիս հիմա։
- Հազար երկուհարիւր։ Պարոն, մեծ պաստառիս համար խորագիր գտայ. «Իմ Քարէ Երկիր»։
- Մեր քարակոյտի վրայ քար մըն ալ դուն աւելցուցած պիտի ըլլաս...
Հանրաշարժը կը մօտենայ Երեւան։ Իրիկնամուտի այս ժամուն քարակերտ քաղաքը սկսեր է շիկանալ։
- Պարոն, Մեղեդիին ինչո՞ւ ըսիք, թէ երգ էր քարը։
- Մեր երգահաններու ազնիւ յօրինումներն են անոնք։ Ալիք, մտաբերէ «Էրեբունի-Երեւան»ը, քայլերգը մեր լուսաւոր մայրաքաղաքին, որուն մականունն է «Վարդագոյն քաղաք», եւ որ կը պատրաստուի իր ծննդեան 2800-ամեակը տօնել։ Ըստ Պարոյր Սեւակի ան «Մեր դարէ կարօտ, մեր քարէ նազանք» է։
- Եւ, «տաք է սէրը մեր իր շէկ քարերի պէս»...
Պարոն Արտուշէն կը խնդրենք, որ նուագէ Թաթայի «Երեւանս, Երեւանս» երգը։ Րոպէ մը չանցած երգչուհի Տաթեւ Ասատրեանի ձայնով կը հնչէ այդ մեղմօրօր մեղեդին.
Թէ յուշերից քաղաք հիւսեմ,
Հիւսեմ թելով երազներիս...
Երեւանս, Երեւանս,
Անգին քարս, անգին քարէ վարդս…։
Հիմա ուշ Հոկտեմբեր է։ Աւոյին քարը, որպէս յուշաքար, արժանապէս կը կանգնի դասարանի գրասեղանի վրայ ու կը զարմացնէ բոլորին։ Ալիքին պաստառը, «Իմ Քարէ Երկիր», պատի վրայ զետեղուած գեղեցկուհի, իր պատմութեամբ կը ներշնչէ շատերուն։ Իսկ Շանթը, ան, որ Աւոյին հետ քարաբլուրին գագաթը մագլցած էր, դպրոցական առիթներուն, կտոր մը օպսիտիան գրպանէն հանելով՝ Յովհաննէս Գրիգորեան կ՚արտասանէ.
Սա իմ երկիրն է,
Չափերով այնպիսին,
որ ազատօրէն տեղաւորել եմ սրտիս մէջ,
որ չկորցնեմ յանկարծ։