15Հոկտեմբերի երեկոյեան Շիշլի «Քենթ» դահլիճի մէջ կրկնուեցաւ երգիչ Պարթեւի երաժշտական վաստակի 40-ամեակին ձօնուած համերգը։ Սոյն տարուայ Ապրիլ ամսուն կայացող առաջին համերգէն ետք զգալի ցանկութիւն մը գոյացած էր բոլոր այն զանգուածէն, որոնք ակամայ չէին կրցած հետեւիլ 40-ամեակի առաջին համերգին։ Այդ բուռն պահանջը տեղի տուաւ համերգի կրկնութեան։ Բայց փորձառութեամբ գիտենք, թէ Պարթեւ Կարեան իբրեւ սկզբունք կը խուսափի կրկնութիւններէն։ Արդարեւ ան այս իբրեւ թէ կրկնուող համերգն ալ յաջողեցաւ իր տեսակին մէջ եզակի դարձնել։ Այդ եզակիութեան առաջին ազդանշանը եղաւ նորօք հանգուցեալ Շարլ Ազնաւուրի հանդէպ յարգանքի տուրքը։ Բեմին աջ անկիւնը զետեղուած էր մեծ երգիչի լուսանկարը եւ արդէն Պարթեւ իր յայտագրին սկսաւ երգելով ազնաւուրեան խիստ տպաւորիչ շանսոն մը։ Այդ պահուն արդէն ան յաջողած էր հանդիսատեսի սրտի տրոփիւնը ձերբակալելու եւ մինչեւ համերգի աւարտին բեմի եւ դահլիճի զարկերակներու կշռոյթը համադրելու։
Համերգի բացումը կատարեց անուանի երգչի դուստրը՝ Արեւ Կարեան, որ նախ ներկայացուց Պարթեւի սրտի խօսքը ուղղուած իր ծնողներուն՝ Սիւզան եւ Կարպիս Կարեաններուն։ Պարթեւ հայ երգի ուղղուած իր առաքելութեան մէջ անուրանալի գործօն մը ըլլալով կը դիտէ իր ընտանեկան միջավայրը, քանի որ առաջին անգամ հոն սկսած էր թեքերել հայերէն երգի առաջին հնչիւնները։ Ապա Պարթեւի երաժշտական ճանապարհը ներկայացուց նախորդ միջոցառումներէն փոխանցուած զանազան տեսանիւթերով։
Ինչպէս ըսինք նախորդ տողերուն մէջ Պարթեւ խուսափած էր կրկնութենէն եւ իր երգացանկը պատրաստած էր կարգ մը նոր երգերով, կամ ալ երկար տարիներ առաջ երգուած եւ այժմ վերյիշուած կատարումներով։ Այսպէս ան իր հանդիսատեսը կը տանէր մերթ ընդ մերթ տարիներու հոլովոյթով եւ հանդիսատեսին մօտ կ՚ապրեցնէր համատարած ոգեւորութիւն։ Այդ ոգեւորութեան կարեւորագոյնը ապրեցանք, երբ ան Յարութ Փամուքճեանի մեծ ժողովրդականութիւն վայելած «Տարիները անցան» երգը կը մեկնաբանէր։ Այս երգը տարիներ առաջ մեկնաբանած էր նաեւ թրքերէն փոփ երաժշտութեան կարեւորագոյն դէմքերէն Ճեմ Քարաճան թրքերէն բառերով։ Ան ապա մեկնաբանեց Քարաճայի եւս երկու երգը, որոնք մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին դահլիճին մէջ։
Պարթեւ Կարեան, որ անցեալին կարգ մը շրջանակներու կողմէ կ՚արհամարհուէր իբրեւ ճաշարանի երգիչ, իր այս համերգներով կ՚ապացուցէ, թէ ինք բազմած է բարձունքի մը վրայ եւ հայ երգարուեստի անունով բաւական վեր դիրքի մը մէջ է զինք արհամարհողներու նկատմամբ։ Ինչպէս այս բնոյթի բոլոր համայնքները՝ պոլսահայութիւնն ալ ունի իր թերութիւնները մարդակերութեան իմաստով։ Միայն ազնիւ մարդիկ են, որ կը յաջողին իրենց վաստակով դուրս գալ նման դժկամութիւններու տեղի տուած հալածանքէն։ Պարթեւ անգամ մը եւս ապացուցեց, թէ ինք կը գտնուի բարձունքի մը վրայ, ուր հասած է ժողովուրդի գնահատանքով։
Իր երաժշտական տեսակին մէջ Պարթեւ կազմած է «Առագաստ» նուագախումբը, որ վարպետ կատարողներով արտակարգ հնչողականութիւն մը կը պարգեւէ երաժշտասէրներուն։ Ռոպէր Տողանայի եւ Արի Հերկելի գլխաւորած այս խումբը արդէն ունի վաստակաւոր անդամներ, ինչպիսին են՝ ջութակահար Մեթեհան Տատա, թմբկահար՝ Ռաֆի Տէր Գէորգեան, ձայնի ընկերակցութեամբ Մարալ Չափան։ Այս համերգին անոնց միացած էին պաթերիստ Արտա Ույար, կիթառահար Թայիս Եըլտըզճը եւ սաքսաֆոնահար Սայաթ Տալտալ։ Իւրաքանչիւրը զանազան երգերու մէջ յառաջ եկան իրենց մենակատարներով եւ արժանացան հանդիսատեսի գնահատանքին։
Պարթեւ Կարեան ունի եւս շնորհք մը, որն է համերաշխ գործակցութիւն տանիլ երգիչներու լայն զանգուածի մը հետ։ Այս համերգին ալ Մարալ Աթաման, Թաթիանա Պոսթան, Լիտա Քէօսէօղլու, Մարալ Չաղլըչուպուքչու, Լարա Նարին եւ Քարոլին Սարը բեմը բաժնեցին Պարթեւի հետ, միասնաբար կատարելով Մաքրուհի Պիւյիւքյակոբեանի խօսքերուն վրայ Ռոպէր Տողանայի յօրինումը՝ «Իմ լեզուս» երգը։
Անգամ մը եւս տպաւորիչ համերգ մըն էր, որ կու գար ամրապնդելու հայ երգի երկրպագուներու սէրն ու համակրանքը, թէ երգին եւ թէ երգիչին հանդէպ։