Հայ եկեղեցւոյ նշած ազգային տօներու մէջ յատուկ նշանակութիւն ունի Թարգմանիչ վարդապետներու ձօնուած Թարգմանչաց Տօնը։ Մեսրոպեան այբուբենի գիւտը մեծ նշանակութիւն ունեցած է ազգային մշակոյթի մը կառուցման գործի մէջ։ Արդարեւ աշխարհի երեսին հազարներով կը հաշուըւին խօսակցական լեզուները, իսկ յատուկ այբուբենները չեն հասնիր նոյնիսկ երեսունի։ Այսօր կենդանութիւնը շարունակող միայն ու միայն 28 տառեր կան, որոնցմէ մէկն է Մեսրոպեան երկաթագիրը։ Անշուշտ, որ այս եզակիութիւնը գնահատուած է եւ Մեսրոպ Մաշտոց ու Սահակ Պարթեւ սրբադասուած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ։ Պոլսոյ հայոց Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան քաջ կը գիտակցէր այդ տօնի իմաստին եւ ամէն տարի իր մօտ կը կանչէր քաղաքիս սանուց միութիւնները, իրենց հետ կ՚ունենար խորհրդակցական ժողով, որու ընթացքին կը թելադրէր զանազան միջոցառումներ։ Իր դժբախտ բացակայութեան հետեւանքներէն մէկն ալ եղաւ այդ իմաստի խրախուսման բացակայութիւնը։ Պոլսահայ համայնքին մէջ մշակութային նախաձեռնութիւնները երկար տարիներ ակնկալուած մնացին սանուց միութիւններէ։ Անոնք են, որ ստանձնած էին այդ կարեւոր առաքելութիւնը եւ քաղաքական ինչ-ինչ ճնշումներու դիմաց պիտի յաջողէին հայ մշակոյթին վերաբերող գիտելիքներ փոխանցել հասարակութեան։
Այսօր սանուց միութիւնները եւս դադրած են իրենց առաքելութիւնը ի կատար բերելէ եւ կորսնցուցած են իրենց հիմնադրութեան հիմնական պատճառը։ Այս բացթողումը կարելի չէ այս կամ այն երեւոյթով արդարացնել։ Արդարացման համար ներկայացուած բոլոր պատճառաբանութիւնները չեն անցնիր դատարկախօսութեան սահմաններէ։ Իրողութիւնը գիտակցութեան նուազումն է միայն։ Թերեւս այս երեւոյթի հետեւանքն է, որ վերջին տարիներուն աւելի յաճախակիօրէն տեսանք դպրոցներու նախաձեռնութիւններ, որոնք կու գային միութիւններու տեղի տուած բացթողումը լրացնելու։ Բայց ինչպէս գիտենք սփիւռքի պայմաններու մէջ ազգը կորսնցուցած է «ժողովուրդ» ըլլալու յատկութիւնը եւ հետեւաբար ալ կը թերանանք ազգային մշակոյթի վրայ նոր արժանիքներ աւելացնելու, նոր նուաճումներ ձեռքբերելու իմաստով։
Բայց դիտելով հայոց բազմադարեան պատմութիւնը կրնանք ձերբազատուիլ վհատելու եւ յուսահատելու ախտէն, քանի որ այդ երկար ճանապարհի տեւողութեամբ հայը յաջողեցաւ յաղթահարել պատմութեան մութ դարերը եւ վերակերտել իր ապագան։ Ուրեմն Թարգմանչաց Տօնը դիմաւորենք Աշուղ Ճիւանիի խօսքերով. «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան։ Վհատելու չէ, վերջ կ՚ունենան կու գան ու կ՚երթան»։
«ԱԿՕՍ»