«Արաս»ի շնորհիւ կը պանծայ հայ հրատարակչութեան աւանդոյթը

Արդի ժամանակներու իրո­­­ղու­­­թեան մէջ Պո­­­լիս ան­­­գամ մը եւս կը ներ­­­կա­­­­­­­յանայ հայ հրա­­­տարակ­­­չութեան կա­­­րեւո­­­րագոյն օր­­­րաննե­­­րէն մէ­­­կը ըլ­­­լա­­­­­­­լով։ Ան­­­շուշտ որ այստեղ կայ շատ կա­­­րեւոր տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն մը բաղ­­­դատմամբ նա­­­խորդ դա­­­րաս­­­կիզբի հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­պատ­­­կե­­­­­­­րին։ Ան­­­ցեալին Պո­­­լիս հա­­­յերէն հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւննե­­­րու կա­­­րեւո­­­րագոյն օր­­­րանն էր, ուր հայ մշա­­­կոյ­­­թի ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րած մեծ ոս­­­տումին զու­­­գա­­­­­­­հեռ իրա­­­րայա­­­ջորդ կեր­­­պով կը հրա­­­տարա­­­կուէին բազ­­­մա­­­­­­­թիւ գիր­­­քեր, մե­­­ծաւ մա­­­սամբ գրա­­­կան ար­­­ժէք ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նող գոր­­­ծեր։ Իսկ այ­­­սօ­­­­­­­րուայ իրո­­­ղու­­­թիւնը կը ներ­­­կա­­­­­­­յանայ շատ աւե­­­լի տար­­­բեր երե­­­ւոյ­­­թով մը։ Այս ան­­­գամ չենք կրնար խօ­­­սիլ հա­­­յերէն եւ հա­­­յատառ գրա­­­կանու­­­թեան մա­­­սին, այլ այդ գրա­­­կանու­­­թեան շատ կա­­­րեւոր մէկ բա­­­ղադ­­­րի­­­­­­­չի՝ թարգմա­­­նու­­­թիւննե­­­րու վե­­­րաբե­­­րեալ։ Այ­­­սօր լոյս տես­­­նող գիր­­­քե­­­­­­­րը թէեւ հա­­­յերէն չեն, բայց ամ­­­բողջո­­­վին հայ­­­կա­­­­­­­կան։ Այս ոս­­­տումը կը պար­­­տինք «Արաս» հրա­­­տարակ­­­չութեան, որ իբր առա­­­քելու­­­թիւն որ­­­դեգրած է հայ գրա­­­կանու­­­թիւնը ծա­­­նօթաց­­­նել թրքե­­­րէն ըն­­­թերցող զան­­­գո­­­­­­­ւածին։ Իր կար­­­գին շատ կա­­­րեւոր առա­­­քելու­­­թիւն մըն է այս մէ­­­կը, քա­­­նի որ սոյն գրա­­­կանու­­­թիւնը հետզհե­­­տէ դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւած էր մո­­­ռացու­­­թեան եւ շնոր­­­հիւ այս նոր զար­­­թօնքի, ան կը վե­­­րակեն­­­դա­­­­­­­նանայ եւ ու­­­շադրու­­­թիւնը կը գրա­­­ւէ զան­­­գո­­­­­­­ւածի մը, որ պատ­­­մա­­­­­­­քաղա­­­քական ինչ-ինչ պատ­­­ճառնե­­­րով զրկուած էր անոր հետ հա­­­ղոր­­­դակցե­­­լու կա­­­րելիու­­­թե­­­­­­­նէն։

Ըն­­­թերցո­­­ղը ար­­­դէն գու­­­շա­­­­­­­կած է, խօս­­­քը կը վե­­­րաբե­­­րի «Արաս» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան, որ սոյն տա­­­րուայ Սեպ­­­տեմբեր ամի­­­սը եւս բո­­­լորեց խիստ շա­­­հեկան ու նոր հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւննե­­­րով։ Բա­­­ցի հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­կան հարստու­­­թե­­­­­­­նէ, ու­­­շագրաւ է այս ոլոր­­­տէ ներս ձեռք բե­­­րուած ար­­­տա­­­­­­­կարգ յա­­­ջողու­­­թիւնը։ Նախ անդրա­­­դառ­­­նանք հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան սա վեր­­­ջերս լոյս ըն­­­ծա­­­­­­­յած հա­­­տոր­­­նե­­­­­­­րուն։ Առա­­­ջին հեր­­­թին կը տես­­­նենք Գառ­­­նիկ Բա­­­նեանի շատ կա­­­րեւոր յու­­­շագրու­­­թիւնը՝ «Յու­­­շեր ման­­­կութեան եւ որ­­­բութեան» հա­­­տորը, որ թրքե­­­րէն թարգմա­­­նու­­­թեամբ լոյս տե­­­սաւ «Մնաս բա­­­րեաւ Ան­­­դուրա» խո­­­րագի­­­րով։ Այս յու­­­շագրու­­­թիւնը վկա­­­յու­­­թիւններ կը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ ման­­­կութիւն չու­­­նե­­­­­­­ցող սե­­­րունդի մը՝ Մեծ եղեռ­­­նի որ­­­բե­­­­­­­րուն տխուր պատ­­­մութե­­­նէն։

Շատ կա­­­րեւոր երկրորդ գիրք մըն է ակա­­­դեմա­­­կան Ճան­­­տան Պա­­­տեմի ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնը, որ նիւթ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ 1877-1878 տա­­­րեթի­­­ւերուն Ռուս-Օս­­­մա­­­­­­­նեան պա­­­տերազ­­­մէն ետք ռու­­­սա­­­­­­­կան իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան են­­­թարկո­­­ւած Կար­­­սի, Ար­­­տա­­­­­­­հանի եւ Արթվի­­­նի շրջա­­­կայ­­­քի ան­­­ցուդար­­­ձե­­­­­­­րը։ Պատ­­­մա­­­­­­­բան­­­նե­­­­­­­րու կող­­­մէ ար­­­ժա­­­­­­­նի կեր­­­պով չէ ու­­­սումնա­­­սիրո­­­ւած պատ­­­մութեան այս հա­­­տուա­­­ծը, հե­­­տեւա­­­բար Ճան­­­տան Պա­­­տեմի այս ծա­­­ւալուն աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թիւնը նոր հո­­­րիզոն­­­ներ կը բա­­­նայ, թէ հայ եւ թէ այլ ազ­­­գի պատ­­­մա­­­­­­­բան­­­նե­­­­­­­րու առ­­­ջեւ։ Նշենք, որ Պա­­­տեմ այս աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թիւնը կա­­­տարե­­­լու ըն­­­թացքին ու­­­սումնա­­­սիրած է ռու­­­սա­­­­­­­կան, վրա­­­ցական եւ հայ­­­կա­­­­­­­կան ար­­­խիւնե­­­րը։ Ան որոշ ժա­­­մանակ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ ալ հե­­­տեւած է հա­­­յերէն դա­­­սըն­­­թացքնե­­­րու աւե­­­լի հմուտ կեր­­­պով ու­­­սումնա­­­սիրե­­­լու հա­­­մար հա­­­յերէն փաս­­­տա­­­­­­­թուղթե­­­րը։

«Արաս»ի Սեպ­­­տեմբե­­­րեան հունձքին մաս կը կազ­­­մէ նաեւ գիւ­­­ղա­­­­­­­գիր Մկրտիչ Մար­­­կո­­­­­­­սեանի հաս­­­տա­­­­­­­փոր հա­­­տորի մը մէջ մէկ­­­տե­­­­­­­ղուած գրա­­­կան գոր­­­ծե­­­­­­­րը։ Այդ գոր­­­ծե­­­­­­­րը, որ նա­­­խապէս մեծ ժո­­­ղովրդա­­­կանու­­­թեան ար­­­ժա­­­­­­­նացած էին այժմ ամ­­­բողջա­­­կան մա­­­տեանի մը ձե­­­ւով կը դրո­­­ւի ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րու սե­­­ղանին վրայ հա­­­մախմբե­­­լով նա­­­խապէս ան­­­ջա­­­­­­­տաբար լոյս տե­­­սած բո­­­լոր գրա­­­կան եր­­­կե­­­­­­­րը։

Պար­­­տիք նշել, որ «Արաս» իր հետ ու­­­նե­­­­­­­նալով այս նոր հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւննե­­­րը, վեր­­­ջերս մաս­­­նակցած էր Տի­­­յապե­­­քիրի գիր­­­քի փա­­­ռատօ­­­նին։ Փա­­­ռատօ­­­նի կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պիչնե­­­րը այս տա­­­րուայ «Պա­­­տուոյ հիւր» ըն­­­դունած էին Մկրտիչ Մար­­­կո­­­­­­­սեանը, որ գիր­­­քի փա­­­ռատօ­­­նի տե­­­ւողու­­­թեամբ ար­­­ժա­­­­­­­նացաւ Տիգ­­­րա­­­­­­­նակեր­­­տի ըն­­­թերցա­­­սէր­­­նե­­­­­­­րու բուռն հե­­­տաքրքրու­­­թեան։

Այս բո­­­լորին վրայ եկաւ աւել­­­նա­­­­­­­լու մի այլ ոգե­­­ւորու­­­թիւն, քա­­­նի որ «ՓԵՆ» Գրող­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին միու­­­թեան Թուրքիոյ մաս­­­նա­­­­­­­ճիւ­­­ղը ող­­­ջունեց Մկրտիչ Մար­­­կո­­­­­­­սեանի գրա­­­կան վաս­­­տա­­­­­­­կը, զինք կո­­­չելով այս ամ­­­սո­­­­­­­ւայ կա­­­րեւո­­­րագոյն գրո­­­ղը։

Այս բո­­­լորը վրայ վրա­­­յի գու­­­մա­­­­­­­րած մենք ար­­­դար հպար­­­տութեամբ կը բաժ­­­նենք «Արաս»ի յա­­­ջողու­­­թիւննե­­­րը եւ այդ յա­­­ջողու­­­թեան պատճառած ուրախութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ