8եւ 9 Հոկտեմբերին Տիյարպեքիրի մէջ ոստիկաններ բերման ենթարկեցին բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ եւ լրագրողներ։ Քաղաքական գործիչները ընդհանրապէս Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան Տիյարպեքիրի անդամներն են եւ այս ձերբակալութիւններու ալիքը կը դիտուի երկի մէջ վերջերս հետզհետէ ծաւալող լարուածութեան նոր մէկ երեւոյթը ըլլալով։ Ինչպէս ծանօթ է տնտեսական ճգնաժամը մէկ կողմէ կը ճնշէ հասարակութեան վրայ, անմիջականօրէն ազդելով անոր ամենօրեայ կենցաղին, իսկ միւս կողմէ իշխանութիւնները կը փորձեն հասարակութիւնը համոզելու, թէ իրականութեան մէջ ճգնաժամ մը չկայ, երկրի տնտեսութիւնը ամուր հիմքեր ունի եւ կատարուածը պարզ դաւադրական խաղ մըն է երկրի ազգային դրամի կայունութեան դէմ։ Սակայն այս բոլորը այդքան ալ հաւաստի չեն թուիր, որու հետեւանքով կառավարութիւնը կ՚ուզէ անգամ մը եւս սպառնալիքներու միջոցաւ սրել քաղաքական դաշտը եւ այդ եղանակով ալ ուշադրութիւնները շեղել տնտեսական նեղ կացութենէն։
Այդ ընթացքով ձերբակալուածներու մէջ են բազմաթիւ լրագրողներ ընդհանրապէս «Մեզոփոթամիա» լրատու գործակալութենէն, «Ժին Նիւս» եւ «Եէնի Եաշամ» թերթերու անձնակազմէն։ Առաջին տուեալներու համաձայն ոստիկանութիւնը իր ձեռքին ունի 151 անուններէ բաղկացող ցանկ մը եւ այդ ցանկէն առաջին հերթին բերման ենթարկուած են աւելի քան 90 անձ։