Կը դատուին խաղաղութիւն քարոզող ակադեմականները

9Հոկտեմբեր երեքշաբթի օր կայացաւ «Ակադեմականներ խաղաղութեան համար» հարթակի դատավարութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է 1128 ակադեմականներ միասնաբար ստորագրած էին «Մեղսակից չենք ըլլար այս յանցագործութեան» խորագրեալ գրութիւն մը։ Անոնք այս յայտարարութիւնով կը դատապարտէին կառավարութեան ռազմատենչ քաղաքականութիւնը։ Յայտարարութեան հրապարակումէն ետք անոնցմէ խումբ մը 15 Մարտին 2016-ին բերման ենթարկուած եւ ձերբակալուած էին ու 22 Ապրիլ 2016-ին ազատ արձակուած։

Իսթանպուլի 13-րդ Եղեռնադատ ատեանի մէջ կայացող նիստին դատախազը ամբաստանեալներու համար պահանջեց բանտարկութեան պատիժ։ Դատախազը իր պնդումները կը հիմնաւորէր ահաբեկչութեան դէմ պայքարի սահմաններով։ Մեղադրեալներու պաշտպանութեան հայցերը լսելու համար նիստը յետաձգուեցաւ 28 Յունուար 2019 թուականին։

Այս դատավարութիւնը անգամ մը եւս վիճելի կը դարձնէ Թուրքիոյ արդարադատական համակարգի որդեգրած ընկալումները, քանի որ շատերու համար անհասկնալի կը մնայ խաղաղութիւն քարոզելով ահաբեկչական մեղք գործելու յարաբերութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ