10Հոկտեմբեր 2018 այն խորհրդանշական թուականն է, երբ կը յուշէ Հանրապետութեան շրջանի պատմութեան ամենաարիւնալի ահաբեկչական արարքի երրորդ տարին։ Երեք տարիներ առաջ Անգարայի երկաթուղիի կայարանի մուտքին երկու մահապարտներ պայթեցուցին իրենց վրայ կապուած ռումբերը եւ խլեցին հարիւրէ աւելի կեանքեր յիշատակելով մութ ու խաւար շրջանի մը ամենաարիւնալի դէպքը։ Թէ ի՞նչ էր այդ օրուայ նշանակութիւնը։ Այդ օր երկրի զանազան քաղաքներէն եկած եւ մեծամասնութիւնը երիտասարդներէ բաղկացող ցուցարարներ մէկտեղուած էին մօտակայ ընտրութիւններու նախօրեակին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու համար պատերազմի դէմ եղող քաղաքականութիւններուն։
Այս պայթումէն կարճ ժամանակ առաջ արդէն Սուրուչի մէջ տեղի ունեցած էր նման բնոյթով մի այլ յարձակում, ուր այս անգամ ալ պատերազմով տուժած Քոպանիին զօրակցելու համար երիտասարդներ բռնած էին այդ քաղաքի ճամբան։ Հոն եւս արձանագրուած էր մարդկային կեանքի ծանր կորուստ։ Նոյն եղանակով մահապարտի մը ինքզինք օդը հանելով մահացած էին 34 երիտասարդներ։
Թուրքիա այն զարմանալի երկիրներէն է, որ այս տեսակի մարդասպանութիւնները միշտ կրնան գործադրուիլ եւ այդ ոճիրներու հեղինակները երբեք ու երբեք չեն յայտնաբերուիր։ Այլ ընդ հակառակը կ՚անհետանան անարդար դատական համակարգի մը մութ լափիւրիտոսներուն մէջ խաւարին մէջ թողելով գործուած ոճիրը։
Այստեղ անկարելի է յուսահատութեան չմատնուիլ, քանի որ այս բնոյթի ոճիրները ընդմիշտ մնացին անպատժելիութեան թանձր քօղին տակ։ Ոչ մէկ կերպ կարելի եղաւ վերացնել այդ քօղը եւ պարզել անոր ներքեւ թաքնուած չարիքը։ Այս արարքները կը յիշուին, կը յիշատակուին պարզապէս անոր համար, որ միայն մէկ գործողութիւնով յաջողած են մեծ կորուստներ պատճառել։ Բայց անդին կան նոյնքան նողկալի բազմաթիւ չարագործութիւններ, որոնք դժբախտաբար կը մատնուին մոռացութեան եւ որոշ ժամանակ անց ոչ ոք կը յիշէ այդ պատահած չարիքը։
Ահաւասիկ այս օրերուն դարձեալ կ՚ապրինք նման չարիքի մը մոռացութեան մատնուելու երեւոյթներ։ Մեր այս թիւի սիւնակներուն մէջ կը կարդաք վերջին երկու օրերու ընթացքին բերման ենթարկուածներու մասին լուրերը։ Անոնց մէջ կը հանդիպինք անուն մը՝ «Մեզոփոթամիա» լրատու գործակալութեան աշխատակից, լուսանկարիչ Ապտուրրահման Կէօքին, որ յաջողած էր 21 Մարտ 2017-ին Նեւրոզի տօնակատարութեան ընթացքին տեղի ունեցած ոճրագործութիւնը նկարելու։ Ան իր ոսպնեակով վաւերագրական կերպով լուսանկարած էր Տիճլէ համալսարանի աշակերտ Քեմալ Քուրքութի սպանութեան պահը։ Ոստիկաններ առանց որեւէ պատճառաբանութեան սպաննած էին երիտասարդ ուսանողը, որ կը փորձէր Նեւրոզի կայանալիք տարածքը մտնել։
Այս տեսակի բոլոր ոճիրները իրականութեան մէջ կը նկարագրէ Թուրքիոյ հանրապետութեան կազմութեան օրերէն այս կողմ որդեգրուած մտայնութիւնը։ Այդ մտայնութիւնը միշտ հիւսուած մնաց ոճիրներով, մարդասպանութեամբ։ Վերջապէս Թուրքիոյ մէջ այս բոլորը արդարացնող կարգախօս մըն ալ բաւական լայն տարածութիւն եւ ընդունելութիւն գտած է։ Կ՚ըսուի, թէ երբ հայրենիքի շահերը խնդրոյ առարկայ է մնացեալ բոլորը պարզ մանրամասնութիւններ են միայն։
pakrates@yahoo.com