Ան իր նկարներով ինծի այլ աշխարհ տանող ընտիր անձերէն մէկն է։ Շատ անգամ նկարներուն մէջ տեղ գտած թմբլիկ կիները ես ինձ կը նմանցնեմ։ Ամէն անգամուն կը շշմիմ իրեն երազներու աշխարհի ծովածաւալ անըմբռնելութեան։ Յօրինումները անտեսանելի աշխարհ մը կը բանայ մեր առջեւ։ Անծանօթ մարդկանց, անծանօթ երկրի մը նոր հեքեաթները կը պատմէ մեզի։ Ես շատ յաճախ կը սիրեմ անոր պատուհանէն ներս մտնել։
2013-էն ի վեր երկրիս զանազան ցուցահանդէսներուն մասնակցող Աշոտ Եանի նոր ցուցահանդէսի բացումը կայացաւ 29 Սեպտեմբերին։ այս առիթով քաղաքս ժամանած յարգելի բարեկամներ Պայքար Տեմիր եւ Աշոտ Եան այցելեցին «Ակօս» եւ պարգեւեցին հիւթեղ զրոյց մը, զոր կը ներկայացնեմ ընթերցողներուն։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Բարի եկար։ Այս անգամ քանի՞ գործով ներկայացար պոլսեցիներուն։
ԱՇՈՏ ԵԱՆ- Մօտ 30 գեղանկար եւ ութը հատ ալ կրաֆիքա։
Այլեւս Պոլսոյ համար ծանօթ նկարիչ կրնաս համարուիլ։ Արդիւնք ըլլալով բացման օրը քեզ գոհացուց, ուզածդ գտա՞ր։
Ա.Ե.- Այո, շատ որակաւոր եւ բարձր մակարդակով էր։ Ցուցահանդէսի բացման օրը անգամ նկարներս ծախուեցան։ Մարդիկ կային, որոնք հին ցուցահանդէսներուս հետեւած եւ գիտակցելով եկած էին, իմ նոր գործերը տեսնելու։ Մինչեւ այժմ ըրած ցուցահանդէսներու մէջ վաճառքի առումով ամենադրական արդիւնք առած ցուցահանդէսս է կրնամ ըսել։
Ընդհանրապէս պոլսահայերը քիչ կը յաճախէն ցուցահանդէսներուն։ Այս անգամ հայեր կայի՞ն։
Ա.Ե.- Այո, քիչ կային, բայց գոնէ եկան։
Ցուցահանդէսը մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ։
Ա.Ե.- Ցուցահանդէսը մինչեւ 20 Հոկտեմբեր բաց պիտի մնայ։ Բացառեալ երկուշաբթիէ ամէն օր կրնաք այցելել ժամը 10.30-էն մինչեւ 18.30։ Մենք Քուզկունճուքի «Իմօկա Արտ Սփէյս» ցուցահանդէսի մէջ արուեստասէրներուն կը սպասենք։
Այս անգամ թեման ի՞նչ է։
Ա.Ե.- Այս ցուցահանդէսը ինչ որ երկխօսութեան նման ըլլար ինծի համար։ Անցած տարուան աշխատանքս ու ես։ Ինչեր ապրած եմ, ինչերու մէջէն անցած եմ, ինծի ինչ հետաքրքիր եկած է ասոնք նկարներուս մէջ կրնաք տեսնել։ Անոր համար կ՚ըսեմ, որ աւելի շատ երկխօսութեան բնոյթ ունին այս բոլորովին նոր նկարներս։
Աշխատանքներդ քիչ մը կրնա՞ս ծանօթացնել։
Ա.Ե.- Ցուցահանդէսիս ներկայացուած մօտ 30 նկարներէս կան երեքը, որ չափսով շատ մեծ են եւ շատ երկար աշխատած եմ իրենց վրայ։ Օրինակ «Բարի գալուստ իմ թագուհի» աշխատանքս, 2,10 մեթրի վրայ է եւ մօտ տարի ու կէս աշխատեցայ։ Անգարայի ցուցահանդէսին ալ այս նկարով ներկայացայ։ Երկրորդ մեծ աշխատանքս կը կոչուի «Հիմառներու նաւը», Ինքը շատ արդիական է եւ 1,60 մեթրի վրայ է։ Բոլոր շրջանակներու կենցաղը, առօրեան, անցուդարձը մէջը կը պարունակէ։ Այս աշխատանքս ալ մօտ ութը ամիս տեւեց։ Անկէ մի քիչ կարճ տեւեց երրորդ նկարս, որ կը կոչուի «Կապոյտ Երազ» ան ալ մօտաւորապէս երկրորդ նկարի չափսերն էին։ Ասոնք իմ կեանքիս առաջին մեծ չափսով նկարներն են։
Իսկ ամենափոքր չափսի նկարներդ որոնք են։
Ա.Ե.-Իսկ ամենափոքր նկարներս մարդու, կանանց դիմանկարներն են։ Այդպէս շարք ալ ունիմ։ Այդ դիմանկարները իմ երազ աշխարհիս անձինք են։ Մէկ մէկ անոնց հետ կը խօսիմ։ Երբեմն իմ հարցերուս պատասխանը կու տան, երբեմն ալ չեն տար։ Բայց կը խօսիմ անոնց հետ…։ Կտաւը երկխօսութեան նիւթ է նկարիչի մը համար։ Նկարիչը հարթութեան մէջ չի նստիր։ Նկարը պատուհան մըն է։ Կը բանաս պատուհանը ու երազներու աշխարհ կը մտնես։ Այդ ժամանակ ինքզինքդ աւելի մօտէն կրնաս ճանչնալ։ Ան նկարը ֆիկիւր է, դիմանկար է, ֆիկիւրադիւ է կապ չունի։ Ան միջոց մըն է, որուն շնորհիւ հեղինակը ինքն իրեն աւելի մօտէն ճանչնայ։
Կարծեմ դուք Թուրքիոյ մէջ միշտ Պայքարին հետ աշխատեցաք։
Ա.Ե.- Այո, ինք իմ Թուրքիոյ ներկայացուցիչն է։ Իմ բոլոր Թուրքիոյ հետ կապերը Պայքարը կը կազմակերպէ։ Առաջարկները իրեն հետ կը քննարկենք։
Հետաքրքիր է ինծի համար Պայքարը ձեզի պէս Հայաստանէն տարբեր նկարիչներ ունի՞։
Ա.Ե.- Այո, Արծրունի Ապրեսեանը, Տիգրան Ասատրեանը, Արթուր Յովհաննիսեանը, Վահագն Իգիթեանը ասոնք իմ յիշածներս են։
Սա Թուրքիոյ մէջ քանիերո՞րդ ցուցահանդէսդ է։
Ա.Ե.- Սա երրորդ անհատական ցուցահանդէսս է։ Երկու անգամ Պոլսոյ մէջ, իսկ այս տարի մի անգամ ալ Անգարայի մէջ ցուցահանդէս ունեցայ։
Անգարայի ցուցահանդէսին մասին ի՞նչ կրնաս ըսել։
Ա.Ե.- «Արդ էքսթօ»ին մասնակցած եմ։ Մօտ վեց աշխատանք բերած եմ։
Այս ժամանակահատուածին Հայաստանի մէջ նոր անձնական ցուցահանդէս ունեցա՞ծ ես։
Ա.Ե.- Ո՛չ։ Հայաստանի մէջ ցուցահանդէսներ չեմ ըներ, որովհետեւ այնտեղ որ ընեմ ես պէտք է կազմակերպեմ։ Անկեղծ ըսեմ ժամանակ չունիմ։ Անոր համար ալ երկրէ դուրս, ով որ կը կազմակերպէ եւ ինձ կը հրաւիրէ, կը մասնակցիմ։ Անկեղծ ըսած օրը 15-18 ժամ պարտադիր կ՚աշխատեմ։ Եթէ 40-50 տարեկան դառնամ այսքան ներուժ չեմ ունենար, քանի հիմա ունիմ շատ պէտք է աշխատիմ։
Օրուայ մէջ մօտաւորապէս 15-18 ժամ կ՚աշխատիմ ըսիր։ Մարդ ինչպէ՞ս այդքան կրնայ աշխատիլ։
Ա.Ե.- Օրինակ հինգ ժամ կը քնանամ։ Արուեստանոցս տան մէջ է։ Բացի իմ սեփական աշխատանքէն կ՚օգնեմ նաեւ կնոջս։
Աշխատելու համար դուրս կ՚ելլա՞ս։
Ա.Ե.- Հազուադէպ, տարին մի քանի անգամ նկարներուս հետ բնութիւն նկարելու կ՚երթամ։
Ասկէ երկու ամիս առաջ Անատոլի Աւետեանի հետ ԱՄՆ-ի Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի մէջ ցուցահանդէս մը ունեցանք։ Յաջող ցուցահանդէս էր։ Ես 35 նկարով մասնակցեցայ։ Մի այնքան ալ Անատոլիան ունէր։ Համարեայ անհատականի նման ցուցահանդէսներ էին։
Մտադիր եմ Եւրոպայի մէջ նոր ցուցահանդէս մը բանալու, բայց նայինք։