ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Կիլիկիայի Արամօ գիւղի մօտ եկեղեցի մը կար, Սուրբ Գէորգի անունը կը կրէր։ Երբ այս եկեղեցում արարողութիւն կ՚ընէին, եկեղեցու հիւսիսային վէմին կ՚երեւար Սուրբ Գէորգի ստուերը։ Արարողութեան աւարտին վեմէն կ՚անհետանար նաեւ սրբի ստուերը։
Սուրբ Գէորգը Կապադովկիայէն էր, ազնուական ընտանիքի զաւակ։ Վաղ հասակում քրիստոնէութիւն կ՚ընդունէ։ Սակայն յետագայում թաքցնելով իր քրիստոնեայ լինելը, զինուորական ծառայութեան կ՚անցնէ Դիոկղետիանոս կայսեր բանակում։ Կարճ ժամանակում նա մեծ պաշտօնի կը հասնի։
Սակայն օր մը լսելով կայսեր խորհրդածութիւնները քրիստոնեաներին չարչարելու մասին՝ կընդդիմանայ եւ կը բացայայտի իր քրիստոնեայ լինելը։ Երկար տանջանքներէ ետք կայսեր հրամանով կը մարտիրոսանայ՝ միանալով սուրբ նահատակաց դասին։
Սուրբ Գէորգը հայ ժողովրդի սիրելի սրբերէն է՝ Մարիամ Աստուածածնէն, Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետէն եւ Սուրբ Սարգսէն յետոյ։
Սուրբ Գէորգի անունը կրող մէկ այլ եկեղեցի ալ Սեբաստիայէն հարաւ-արեւելք կը գտնուի։ Սրա անունը նախապէս Դեւոցա կամ Տեւեքսէ եղած էր, քանզի վանքը դեւերուն կը պատկաներ եւ դեւեր կը բնակէին այնտեղ։ Սակայն հետագայում սրբի զօրութեամբ դեւերը հալածուել են եւ վանքը վերանուանուել է Սուրբ Գէորգի անուամբ։
Վասպուրականի Անգղ գիւղի մօտ վանք մը կայ՝ Անգղայ վանքը։ Կը պատմէն որ ժամանակին ճգնաւորներու խումբ մը այստեղ կը սկսէ վանք կառուցել։ Սակայն ճգնաւորներն իրենց կառուցածը յաջորդ առաւօտեան աւերուած կը գտնէին։
Այդպէս կը շարունակուի երեք օր։ Վերջը ճգնաւորները, հասկանալով, որ սա չարքերի ձեռաց գործն է, յուսահատ կը լքեն տարածքը։ Ճանապարհին նրանց կը կանգնեցնէ Սուրբ Գէորգը՝ իր հրեղէն ձիով, եւ կը պատուիրէ դառնալ ու նորէն փորձել։
Ճգնաւորները կ՚ապաւինեն սրբի խօսքերին եւ կը շարունակեն վանքի կառուցումը։ Չարքերը այլեւս չեն համարձակեր խառնուիլ, եւ վանքը մէկ օրում կը կանգնեցնեն եւ օծել կու տան։
Իրանի Ղարատաղ գաւառում Հուժ անունով գիւղ մը կար՝ գիւղի մէջը Սուրբ Գէորգ անունը կրող եկեղեցի մը։
Օր մը թաթարները կը յարձակուին գիւղի վրայ, սրի կը քաշեն ողջ բնակչութեանը, կը թալանեն ունեցուածքն ու կ՚աւերեն բովանդակ գիւղը։ Ետքը թուրք գիւղացի մը կու գայ եւ եկեղեցու դուռը հանելով՝ այն կը շալակէ եւ կը տանի իր տուն՝ իր բնակարանի համար օգտագործելու նպատակով։
Բայց երբ այս թուրքը իր տուն կը հասնի եւ կը կամենայ գետնին դնել վանքի դուռը, այն շալակէն չէր հանուեր։ Ուրիշ թուրք-թաթարներ ալ կը հաւաքուին, բայց ինչ կ՚ընեն, դուռը մէջքէն չէր ելնի, այդպէս կպած էլ կը մնար։
Վերջը գիւղացիք կը մտածեն թէ սա Աստծոյ պատիժն է, քանի որ եկեղեցին Աստծոյ տունն է, իսկ իրենց համագիւղացի թուրքը այն անարգել է։ Մտիկ կ՚ընեն որ հարկէ մատաղ ընել եւ դուռը տանել, նախկին տեղը դնել։
Թուրք գիւղացին այդպէս ալ կ՚ընէ։ Ոչխար մը մատաղ կ՚ընէ եւ դուռը մէջքին ետ կը դառնայ եկեղեցի։ Եկեղեցի հասնելուն պէս դուռը կը պոկուի թուրքի մէջքէն, եւ նա այն իր տեղը կը դնէ։
Սուրբ Գէորգին կը պատկերէն նժոյգին հեծած, նիզակը ձեռքին, որով նա կը խոցէ նժոյգի պայտերի տակ ճնշուող վիշապին։ Վերջինս չարի խորհրդանիշն է։ նոյն պատկերը կը տեսնենք սուրբ Սարգսի դէպքում։
Չարքերին հալածող եւ իր վանքերը վնասողներին պատժող սրբին յաճախ սուրբ Սարգսի հետ միասին կը յիշատակեն։ Կը պատմեն որ օր մը լճի ափին հանգստացող հովիւները ջրի խորքէն զօրաւոր խրխինջ կը լսեն եւ սարսափահար կ՚ընկնեն։ Ուշքի գալով՝ կը նկատեն, որ աւազների վրայ ձիու սմբակների թարմ հետքեր կան։
Կը հաւատան, որ այդ սուրբ Սարգիսն ու սուրբ Գէորգն էին, ովքեր հեծած այս ջրերում բնակող իրենց հրեղէն ձիերը, խելայեղ թափով կը հասնին այնտեղ, ուր կը զօրանայ եւ աւերներ կը գործէ չարը։