ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՔԱՐ

Մեր բառերուն ամենէն փափուկը

Մետաքս է, ծիածան է, աղօթք է, հէ­­­քիաթ է, նա­­­զանք է, ար­­­ցունք եւ ժպիտ է։ Ո՛չ, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, այս ազ­­­նիւ եւ քնա­­­րական խօս­­­քե­­­­­­­րը չեն ուղղո­­­ւած դէ­­­պի գե­­­ղեց­­­կուհիի մը, անոր մա­­­զերուն, կամ՝ դէ­­­պի անոր բա­­­նած նուրբ ասեղ­­­նա­­­­­­­գոր­­­ծութեան։ Այս խօս­­­քե­­­­­­­րով հայ ժո­­­ղովուրդը նկա­­­րագ­­­րած է՝ քա­­­րը։ Այո, այն կարծր նիւ­­­թը՝ որ ագու­­­լիսցիի հա­­­մար «քօր» էր, զէյ­­­թունցիի եւ հա­­­ճըն­­­ցիին հա­­­մար «քօյ», իսկ մու­­­սա լեռ­­­ցիի հա­­­մար՝ «քուր», եւ որուն վրայ նստած է ամ­­­բողջ ժո­­­ղովուրդ մը, եւ որուն քար­­­հատ, քար­­­տաշ եւ քար­­­կոփ վար­­­պետնե­­­րը, իրենց քա­­­րածին ձեռ­­­քե­­­­­­­րով, դա­­­րեր շա­­­րու­­­նակ ստեղ­­­ծեր են քա­­­րակո­­­թող­­­ներ, քա­­­րար­­­ձաններ եւ «քա­­­րէ մա­­­տեան­­­ներ»։ Տես­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար, թէ ինչպէ՛ս քա­­­րացած բառ մը հա­­­յու մտա­­­ծողու­­­թեան մէջ փափ­­­կա­­­­­­­ցաւ ու դար­­­ձաւ նոյ­­­նիսկ «սիմ­­­ֆո­­­­­­­նիա», ձեզ կը հրա­­­ւիրեմ մտո­­­վի ճամ­­­բորդել Երե­­­ւանէն Սե­­­ւան ուղղո­­­ւող «Մ4» միջ­­­պե­­­­­­­տական ճա­­­նապարհ, կանգ առ­­­նել անոր 14-րդ քի­­­լոմեթ­­­րի վրայ, ու դի­­­տել մեր աշա­­­կերտնե­­­րը, որոնք հան­­­րա­­­­­­­շար­­­ժէն իջած՝ ճամ­­­բու եզ­­­րին կը հա­­­ւաքեն «սա­­­տանի եղունգ»։ (Ժո­­­ղովուրդը այսպէս կը կո­­­չէ հրաբ­­­խա­­­­­­­յին, ապա­­­կեն­­­ման, կի­­­սաթա­­­փան­­­ցիկ այն սեւ քա­­­րը, որ երկրա­­­բանա­­­կան շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու մէջ յայ­­­տի է որ­­­պէս «օպ­­­սի­­­­­­­տիան»։

- Պա­­­րոն, նոյն քա­­­րերն են հոս կամ հոն։ Տղա­­­ները ին­­­չո՞ւ վեր-վեր կ՚ել­­­լեն։

- Այո... Մե­­­ղեդի, երբ տղայ զա­­­ւակ ու­­­նե­­­­­­­նաս կը հասկնաս։

Երբ աշա­­­կերտնե­­­րու մե­­­ծամաս­­­նութիւ­­­նը մեր մօ­­­տակայքն է ու տա­­­բատի մը գրպա­­­նը լեց­­­նե­­­­­­­լու չափ քար հա­­­ւաքե­­­լով զբա­­­ղած է, Շանթն ու Աւօն, հայ­­­կա­­­­­­­կան լեռ­­­նաշխար­­­հի պարզ զա­­­ւակ­­­ներ, քա­­­րեր գլո­­­րելով դար­­­վար՝ սկսած են բլրա­­­կի վրայ բարձրա­­­նալ։ Անոնք քո­­­թոթ­­­նե­­­­­­­րու կը նմա­­­նին, որոնք կը սի­­­րեն խա­­­ղի հա­­­մար մայր ար­­­ջուկի գլու­­­խը կամ ու­­­սը մագլցիլ։

- Մե­­­ղեդի, թէեւ «քար» բա­­­ռին բուն իմաստն է «կարծր», ու գիտ­­­նա­­­­­­­կան­­­ներ թող շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն չա­­­փել ու կշռել անոր նիւ­­­թա­­­­­­­կան յատ­­­կութիւննե­­­րը, տե՛ս հա­­­յու երե­­­ւակա­­­յու­­­թիւնը ինչպէ՛ս նրբա­­­ցու­­­ցեր է զայն։ Սուրբ Գիր­­­քի մէջ ան գոր­­­ծա­­­­­­­ծուած է «գո­­­հար, ակունք» իմաս­­­տով, ուրկէ կու գայ Գե­­­ղար­­­դի քա­­­րափոր տա­­­ճարի մէջ ձեր եր­­­գած «շա­­­րական»նե­­­րուն իմաս­­­տի մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւնը։ Իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր տօ­­­նի հա­­­մար յա­­­տուկ ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւած այդ հո­­­գեւոր եր­­­գե­­­­­­­րու շար­­­քը կը ստու­­­գա­­­­­­­բանո­­­ւի որ­­­պէս թան­­­կա­­­­­­­գին քա­­­րերու՝ «ակն»նե­­­րու շարք՝ «շար-ական»։ Իսկ եթէ երգ է քա­­­րը, նա­­­խեր­­­գանքը պէտք է, որ կա­­­տարէ Վա­­­հան Տէ­­­րեանը։ Կը յի­­­շե՞ս «Մի՛ խառ­­­նէք մե­­­զէ բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը։

- Այո, ա՚ն, որ Նաիրան ար­­­տա­­­­­­­սանեց ար­­­տա­­­­­­­սանու­­­թեան երե­­­կոյին։

- Այո, այդ մէ­­­կը, ուր Տէ­­­րեանը աշ­­­խարհին կը յոր­­­դո­­­­­­­րէ.

«Չի հաս­­­կա­­­­­­­նայ ձեր հո­­­գին եւ ծոյլ, եւ օտար,

Տա­­­ճար է մեր եր­­­կի­­­­­­­րը, 
սուրբ է ամէն քար»։

Գի­­­տե՞ս Մե­­­ղեդի, թէ՛ ին­­­չու բա­­­նաս­­­տեղծներ այսպի­­­սի սուր եւ ար­­­դար տե­­­սողու­­­թիւն ու­­­նին։ Աշուղ Ճի­­­ւանին տո­­­ւեր է պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը.

«Բա­­­նաս­­­տեղծի աչ­­­քե­­­­­­­րը փոր­­­ձա­­­­­­­քար են հաս­­­տա­­­­­­­տուն,

Չեն դա­­­դարի քննե­­­լուց լաւ ու վա­­­տը օրն ի բուն»։

Աւօն, «Հա­­­յաս­­­տան» կո­­­չուած քա­­­րակոյ­­­տի այժմ սփիւռքաբ­­­նակ զա­­­ւակը, իր հայ­­­րե­­­­­­­նի կա­­­րօտի չափ մեծ քա­­­րեր կը պե­­­ղէ։ Յա­­­տուկ ջանք կը թա­­­փէ ամե­­­նէն ծան­­­րը յայտնա­­­բերե­­­լու հա­­­մար։

- Մե­­­ղեդի, եզա­­­կի երե­­­ւոյթ է աշ­­­խարհի բո­­­լոր լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու մէջ, որ հա­­­յերէ­­­նը ու­­­նի չորս հա­­­րիւ­­­րի չափ, ո՛չ, սխալ չլսե­­­ցիր, չորս հա­­­րիւր բառ՝ «քար»ով շի­­­նուած։ Փոք­­­րիկ բա­­­ռարան մը պէտք պի­­­տի ըլ­­­լար բո­­­լորը ցան­­­կագրե­­­լու հա­­­մար։

- Չեմ զար­­­մա­­­­­­­նար, պա­­­րոն, երբ մեր եր­­­կի­­­­­­­րը քա­­­րերով է հա­­­րուստ, թէեւ աղ­­­քատ է անոր իւ­­­ղով...

- Իսկ ինչպէ՞ս չյի­­­շել մեր «քար»է տե­­­ղանուննե­­­րը։ Ըստ «Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի եւ յա­­­րակից շրջան­­­նե­­­­­­­րու տե­­­ղանուններ» բա­­­ռարա­­­նի՝ Ծոփ­­­քէն Ու­­­տիք, Գու­­­գարքէն Սիւ­­­նիք, կէս հա­­­զարի չափ են անոնք։ Եւ քա­­­րակերտ մեր երկրա­­­մասի կեդ­­­րոնն է քա­­­րերուն ամե­­­նէն սրբա­­­զանը՝ Արա­­­րատը, ու մեր քա­­­րաշէն բնա­­­կավայ­­­րե­­­­­­­րը, որ­­­պէս լոյ­­­սի կա­­­թիլ­­­ներ, փռո­­­ւած են այդ հսկա­­­յու­­­թեան փէ­­­շերուն տակ, ինչպէս՝ Քա­­­րաբեր­­­դը, Քա­­­րախա­­­չը, Քա­­­րաղ­­­բիւրը, Քա­­­րաշամ­­­բը, Քա­­­րավա­­­ճառը, Քա­­­րավան­­­քը, Քա­­­րաձորն ու Քա­­­րու­­­տը... Բայց, Մե­­­ղեդի, օրեր եղան ու մեր քա­­­րը ծո­­­վը ին­­­կաւ։ Անիշ­­­խան երկրի մէջ քար քա­­­րի վրայ չմնաց, քա­­­րադէմ աս­­­պա­­­­­­­տակող­­­ներ քա­­­րու­­­քանդ ըրին նրբա­­­կերտ այդ գե­­­ղեց­­­կուհին։ Երկրի մէջ տի­­­րեց քար լռու­­­թիւն։ Բա­­­նաս­­­տեղծ Գէորգ Էմի­­­նը, որուն տա­­­պանա­­­քարը Աշ­­­տա­­­­­­­րակի Կարմրա­­­ւոր եկե­­­ղեցիի բա­­­կի մէջ է, քա­­­րացաւ, երբ իր աչ­­­քե­­­­­­­րով դի­­­տեց պատ­­­մութեան այդ քա­­­րասիրտ էջե­­­րը։ Երբ սթա­­­փեցաւ, բա­­­նաս­­­տեղծը ծան­­­րօ­­­­­­­րէն վերսկսաւ շար­­­ժել իր գրի­­­չը. «Քա­­­րաշատ այն եր­­­կի­­­­­­­րը, որ­­­տեղ քա­­­րէ տուն ու­­­նէր միայն Յի­­­սու­­­սը, եւ որը յա­­­ճախ չէր կա­­­րողա­­­նում մի կտոր քար դնել իր ամե­­­նից սի­­­րելի զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րի շի­­­րիմ­­­նե­­­­­­­րին... Գառ­­­նին ու Զո­­­ւարթնո­­­ցը, իմ Ախ­­­թա­­­­­­­մարն ու Տե­­­կորը... աւե­­­րուա՛ծ ան­­­գամ, նրանք մեր քա­­­րէ ստո­­­րագ­­­րութիւնն ու կնիքն են այս հո­­­ղի վրայ»։ Սա­­­կայն, Մե­­­ղեդի, քա­­­րի կամք ու­­­նե­­­­­­­ցող ժո­­­ղովուրդը, ամուր որ­­­պէս քա­­­րաբե­­­կոր, քա­­­րէն հա­­­նեց իր հա­­­ցը։ Նկա­­­տեցի՞ր նաեւ, թէ որ­­­քա՛ն հա­­­րուստ են մեր «քար»է դար­­­ձո­­­­­­­ւածքնե­­­րը։

- Պա­­­րոն, մեր քո­­­վէն անցնող-գա­­­ցող օտար զբօ­­­սաշրջիկ­­­նե­­­­­­­րուն ինչպէս բա­­­ցատ­­­րել այս ամէ­­­նը ու մեր «քա­­­րահա­­­ւաք» այս արա­­­րողու­­­թիւնը։

- Գի­­­տեն։ Մի­­­թէ՞ մեր քա­­­րակերտ վան­­­քե­­­­­­­րէն, Քա­­­րին Տա­­­կերէն ու Քա­­­րահունջե­­­րէն գրա­­­ւուած չեն անոնք։ Իսկ, եթէ աւե­­­լի հա­­­մոզիչ ըլ­­­լալ կ՚ու­­­զես, Հա­­­մօ Սա­­­հեան թարգմա­­­նէ ու պատ­­­մէ անոնց.

Ուր որ նա­­­յում եմ, քա­­­րէ բար­­­ձունք է,

Քա­­­րէ ար­­­ցունք է, քա­­­րէ ժպիտ,

Քա­­­րէ ծաղ­­­կունքի քնքշանք է բիրտ,

Քա­­­րէ ամպրոպ է ու ծիածան է,

Քա­­­րէ մա­­­գաղաթ, քա­­­րէ մա­­­տեան է։

Խօ­­­սիր Չա­­­րեն­­­ցը ու հպարտ ար­­­տա­­­­­­­սանէ. «Ու հնա­­­մեայ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րի հա­­­զարա­­­մեայ քարն եմ սի­­­րում»։ Պատ­­­մէ անոնց, նաեւ թէ մենք մայ­­­րա­­­­­­­կան սէրն իսկ չա­­­փեր ենք քա­­­րով ու թարգման եղիր Շի­­­րազին.

Հի­­­մալայն իբ­­­րեւ կշռա­­­քար դրի՝

Վեր թռաւ լե­­­ռը հետն իր նժա­­­րի...

Նո­­­րից մայ­­­րի­­­­­­­կիս սէ­­­րը քա­­­շեց վար։

Իսկ երբ այս գի­­­շեր Երե­­­ւան վե­­­րադառ­­­նանք, լե­­­զու եղիր Պա­­­րոյր Սե­­­ւակին ու պատ­­­մէ անոնց, թէ հայ բա­­­նաս­­­տեղծը ինչպէս նկա­­­րագ­­­րեց իր մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քը։

- Ճիշդ այսպէս. «Տաք է սէ­­­րը մեր շէկ քա­­­րերիդ պէս»։

- Եւ, շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ... «Մեր դա­­­րէ կա­­­րօտ, մեր քա­­­րէ նա­­­զանք»... Մե­­­ղեդի, տղա­­­ներուն այ­­­լեւս կան­­­չենք, աւե­­­լի վեր չել­­­լեն ու վտան­­­գա­­­­­­­ւոր բան մը չը­­­նեն։ Մեր խօ­­­սակ­­­ցութիւնն ալ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կենք հան­­­րա­­­­­­­շար­­­ժի մէջ ու կը տես­­­նենք, թէ մեր բա­­­ռը պատ­­­մութեան ի՜նչ քա­­­րու­­­ղի­­­­­­­ներէ ան­­ցեր է։