ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Վարձկան լոպիները անզօր են Ազնաւուրի դիմաց

Բովան­դակ հա­յաշ­խարհ կը սգայ ֆրան­սա­հայ երգչի՝ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի կո­րուստը։ Մա­հը սուգ կը պար­տադրէ։ Սի­րելիի մը ան­վե­րադարձ հե­ռացու­մը թա­խիծ կը պատ­ճա­ռէ։ Սա պա­հուն Ազ­նա­ւու­րի մա­հով այդ բո­լորին զու­գա­հեռ եւ խիստ հա­կասա­կան երե­ւոյ­թով մենք կրնանք նաեւ տօ­նել իր յաղ­թա­նակը։

Շահ­նուր Վա­ղինակ Ազ­նա­ւու­րեանի մա­հը պսա­կադ­րում մըն է նաեւ ամ­բողջ կեան­քի մը տե­ւողու­թեամբ կու­տա­կուած յա­ջողու­թիւննե­րու շա­րանին։ «Արաս» հրա­տարակ­չութեան կող­մէ հրա­տարա­կուած կեն­սագրու­թիւնը յաղ­թա­նակի բազ­մա­թիւ օրի­նակ­ներ կը նկա­րագ­րէ, սկսե­լով անոր բե­մական կեան­քի առա­ջին աս­տի­ճան­նե­րէն։ Նո­ւաճած բո­լոր բար­ձունքնե­րուն հա­սած է յա­մառ պայ­քա­րով, մա­քառե­լով ինչ ինչ դժո­ւարու­թիւննե­րու դէմ։

Դժո­ւար էր գաղ­թա­կան մը ըլ­լա­լով նախ մուտք գոր­ծել ֆրան­սա­կան բե­մէն ներս։ Ապա մագլցել այդ ճա­նապար­հի սան­դուխնե­րով ու հաս­նիլ գա­գաթ։ Այդ բար­ձունքէն հա­ղոր­դո­ւիլ աշ­խարհի չորս ծա­գերուն, եւ այդ բո­լորի մէջ պան­ծացնել նաեւ հա­յու անու­նը։

Թուրքիոյ մէջ պե­տու­թեան անու­նով գոր­ծող քա­ղաքա­կան միտ­քը եր­կար ժա­մանակ դժգո­հեցաւ բուռ մը հա­յուն հա­մաշ­խարհա­յին գետ­նի վրայ տի­րացած ու­ժէն։ Ամեն ան­գամ որ խորհրդա­րանի մը օրա­կար­գին կու գար հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդի­րը, թուրք գոր­ծիչներ կը փոր­ձէին տրա­մաբա­նական բա­ցատ­րութիւն մը գտնե­լու այդ բա­նաձե­ւին բարձրաց­ման ետին։ Եր­կար տա­րիներ այս երե­ւոյ­թը մեկ­նա­բանե­ցին ընտրու­թիւննե­րու կա­պակ­ցութեամբ։ Մինչդեռ իրենք եւս ու­նէին սփիւռք այդ եր­կիրնե­րու մէջ։ Ապա չես գի­տեր որ խել­քին ծա­ռայե­լով, մտա­բերե­ցին ԱՄՆ-ի մէջ գոր­ծող լո­պիական ըն­կե­րու­թիւննե­րու դի­մել։ Հսկայ գու­մարներ փո­խան­ցե­ցին այդ ընդհան­րա­պէս հրէական ծա­գու­մով կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն։ Կ՚ակնկա­լէին թէ տո­ւեալ ըն­կե­րու­թիւնը զա­նազան եղա­նակ­նե­րով պի­տի կա­շառէ կոնգրե­սական­ներ կամ ծե­րակու­տա­կան­ներ, որոնք Թուրքիոյ ի նպաստ դիրք պի­տի բռնեն ամե­րիկեան քա­ղաքա­կան դաշ­տին վրայ։

Ան­շուշտ որ ապար­դիւն էր այս բո­լորը։ Ապար­դիւն էր՝ քա­նի որ մղուած էր չար միտ­քով։ Անար­դա­րու­թիւնը ան­խուսա­փելի կեր­պով պի­տի պար­տուէր ար­դա­րու­թեան դի­մաց։ Թուրքիոյ պե­տու­թեան մսխած մի­լիոնա­ւոր տո­լար­նե­րու դի­մաց կանգնած էր Ազ­նա­ւու­րը, իր ար­դար, մար­դա­սէր, հա­մամարդկա­յին բո­լոր յատ­կութիւննե­րով։ Մեծ­խօ­սիկու­թեան կա­րիք չու­նէր ան։ Կը բա­ւարա­րուէր իր գոր­ծը, որ­դեգրած ու­ղին լա­ւագոյնս կա­տարե­լով։

Կ՚ար­ժէ հա­ւելել մի այլ երե­ւոյթ։ Դար­ձեալ «Արաս» հրա­տարակ­չութեան մի­ջոցաւ կար­դա­ցած ենք Մի­սաք Մա­նու­շեանի յու­շե­րը։ Հոն եւս կը հան­դի­պինք յետ եղեռ­նեան տա­րինե­րու Ֆրան­սա ապաս­տա­նած գաղ­թա­կանի մը կեր­պա­րին։ Աւե­լին՝ կը տես­նենք, թէ Մա­նու­շեան մտե­րիմ եղած է Ազ­նա­ւու­րեան­նե­րուն։ Վա­ղինակ թե­րատի պա­տանի մըն է այդ տա­րինե­րուն, երբ Մի­սաք իր ամ­բողջ էու­թեամբ մաս­նակցած է ֆա­շիստնե­րու դէմ ֆրան­սա­կան դի­մադ­րա­կան շար­ժումին։ Ահա­ւասիկ կեր­պար մը եւս, որ ինքնին լո­պիի մը ազ­դե­ցու­թիւնը գոր­ծած է ֆրան­սա­ցի հա­սարա­կու­թեան վրայ։ «Կար­միր Որ­մազդ»ի հե­րոսին ազ­դե­ցու­թիւնը վարձկան լո­պինե­րով չէ­զոքաց­նե­լը այդքան ալ դիւ­րին բան չէ։ Մա­նու­շեան, Ազ­նա­ւուր կամ Ու­լիեամ Սա­րոյեան իրենց գոր­ծին բնա­կան հե­տեւան­քով հա­յուն անու­նը պան­ծա­ցու­ցին իրենց ապ­րած եր­կիրնե­րուն մէջ։ Այդ է պատ­ճա­ռը, որ Մաք­րոն ֆրան­սա­կան շան­սո­նի ար­քա­յին մա­հուան գոյ­ժը յայտնած պա­հուն կը յի­շէ հայ ժո­ղովուրդը։ Այդ է պատ­ճա­ռը, որ Փա­րիզի քա­ղաքա­պետը Էյ­ֆե­լի աշ­տա­րակը կը լու­սա­ւորէ ի յի­շատակ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի, ներ­քեւ զե­տեղե­լով մեծ պաս­տառ, որուն վրայ իր եր­գե­րով կը տո­ղան­ցէ Ազ­նա­ւուր։ Նոյն պա­հուն Երե­ւան եւ Կիւմրիի մէջ հայ ժո­ղովուրդը իր յար­գանքի տուրքը կը մա­տու­ցէ մո­մավա­ռու­թիւննե­րով եւ Ազ­նա­ւու­րեան երաժշտու­թիւն լսե­լով։

Ազ­նա­ւուր եւս «մա­հուամբ զմահ կո­խեաց»։

Յարգանք իր վաստակին։

pakrates@yahoo.com