Նախորդ շաբաթ մանրամասնութիւններով փոխանցած էինք Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան արձանագրած յաջողութիւնը։ Ըստ որու թաղականութիւնը տիրացած էր Օրթագիւղի բարձունքին շատ արժէքաւոր հողատարածքի մը սեփականութեան։ Այս անգամ նման ուրախ լուր մը կը հասնի Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի շրջանակներէն։ Արդարեւ Դպրեվանքի պատկանող հողատարածք մը աւարտելով դատական բոլոր հանգրուանները լուրջ հատուցում մը ապահոված է հայկական հիմնադրամին։
Այս մասին Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի խնամակալները կը պատրաստուին յաջորդ շաբթու մէջ բովանդակալից յայտարարութիւնով մը նիւթը փոխանցել հասարակութեան։