Ձայնապնակները ամբողջ աշխարհի տարածքին աւելի քան 180 միլիոն վաճառուած երգիչ Շարլ Ազնաւուր երկուշաբթի՝ 1 Հոկտեմբերին հարաւ Ֆրանսայի Ալփիլ աւանի, իր բնակարանին մէջ աւանդեց վերջին շունչը։ Յետ մահու կատարուած յայտարարութեան մէջ կը նշուէր, թէ անուանի երգիչը մահացած է սրտի եւ շնչառութեան անբաւարարութեան հետեւանքով։ Ազնաւուր նախորդ ամսուայ ընթացքին հիւրահամերգներ սարքած էր Ճափոնի մէջ եւ կը պատրաստուէր Պրիւքսէլեան համերգի մը։ Ընտանիքը դիմատետրի վրայ ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով նշեցին, թէ իր ժառանգը պիտի շարունակուի յաւիտեանս։
Ֆրանսայի Սինաթրան էր
Աւազանի անունով Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան 22 Մայիս 1924-ին ծնած էր Փարիզ։ Ան ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած ախլցխացի հօր եւ ատափազարցի մօր զաւակն էր։ Միշտ զգացած էր գաղթական մը ըլլալու առթած դժուարութիւնները։ Արագօրէն բարձրացաւ համբաւի աստիճանները։ Բացի իր անզուգական երգերէն ան նաեւ կը յիշուի իր յօրինումներով եւ դերասանական շնորհքով։ Ազնաւուրի համեստ թատերաբեմերէն դէպի երգարուեստի բարձունքներ սլացող ճանապարհին վրայ կարեւոր նշանակութիւն ունի երգչուհի Էտիթ Փիաֆ։ Ան մեծ համբաւի տիրացաւ Փիաֆի հետ դէպի Միացեալ Նահանգներ կատարած հիւրահամերգներով։ Ֆրանսայի Սինաթրան 1988-ի երկրաշարժէն ետք մեծ նուիրումով լծուեցաւ աւերուած երկրի վերընդձիւղման աշխատանքին։ Հիմնեց «Ազնաւուրը Հայաստանի համար» բարեգործական հիմնադրամը։ Իր այս գործունէութիւններով Հայաստան իրեն շնորհեց «ՈՒՆԵՍՔՕ»ի մէջ Հայաստանի դեսպանի կոչումը։ 2004-ին կառավարութիւնը ողջունեց Շարլ Ազնաւուրի նուիրեալ աշխատութիւնը, իրեն շնորհելով «Հայաստանի ազգային հերոս» շքանշանը։ 2009-ին ան դարձած էր Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան։ Այդ կոչումին յաջորդեց ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչի կոչումը։
Թէ երգիչ եւ թէ մարդու
իրաւունքներու պաշտպան
Ազնաւուր յաճախ կը ներկայանար, իբրեւ իր երգած երգերու բառերու հեղինակ ըլլալով։ Երգերու բառերուն մէջ ան կը մերժէր բոլոր թապուները։ 1924-ին, երբ ծնաւ Ազնաւուր ընտանիքը Միացեալ Նահանգներ գաղթելու համար վիզա կը սպասէր։ Այդ վիզան տարիներու հոլովոյթով ուշացած էր եւ մինչ այդ Ազնաւուրեաններ Փարիզի մէջ բացած էին «Լէօ Քաֆքաս» անուն ճաշարանը, ուր Շարլ Ազնաւուր եւ քոյրը կ՚երգէին։ Ազնաւուրեաններու ընտանիքը աւելի ետք ապաստան եղաւ նազիներու բռնակալութենէն փախող հրեաներուն եւ համայնավարներուն։ Անոնց շարքէն էր նաեւ Միսակ Մանուշեան։ Միսակ Մանուշեան իր քաղաքական աշխատանքներուն հետեւաքով ձերբակալուեցաւ եւ գնդակահարուեցաւ նազիներու ձեռքով։ Ազնաւուրի երաժշտական կեանքին մէջ անկիւնադարձային բնոյթ ունեցող երեւոյթ մըն է անոր նշանաւոր «Օլիմփիա» դահլիճին մէջ ներկայացուցած համերգը։
Ազնաւուր զանազան դերեր մարմնաւորեց, աւելի քան 60 ֆիլմերու մէջ։ Յատկապէս բարձր գնահատուած էր Ֆրանսուայ Թրուֆոյի «Սպաննեցէ՛ք դաշնակահարը» անուն ֆիլմի դերակատարումով։
2002-ին Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմին մէջ եւս կը տեսնենք բազմավաստակ արուեստագէտը։
Ազնաւոր ծանօթ է նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ձօնուած իր աշխատութիւններով։ Ան պաշտպանած է միասեռականներու եւ կիներու իրաւունքները։ Ինքզինք ներկայացուցած է «հարիւր առ հարիւր ֆեմինիստ» կոչումով։
Մաքրոնի եւ Փաշինեանի
պատգամները
Ազնաւուրի մահէն ետք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ցաւակցական պատգամ մը հրատարակելով վշտակցութիւն յայտնած է ֆրանսացի եւ հայ ժողովուրդներուն։ «Ազնաւուր երեք սերունդներու ուրախութեան եւ վիշտերուն ընկերակից եղաւ։ Անոր գլուխգործոցները եւ փայլը երկար ժամանակ կենդանի պիտի մնայ»։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ալ դիմատետրի էջին վրայ գրեց հետեւեալը. «Մեր երկրին համար տխուր օր մը։ Ոչ եւս է հայ ժողովուրդի հերոս Շարլ Ազնաւուրը։ Հայաստանի համար, հայ ժողովուրդի համար, Ֆրանսայի եւ ֆրանսացի ժողովուրդի համար ու վերջապէս համայն աշխարհի համար մեծ կորուստ մը»։
Սգահանդէսը 5-6 Հոկտեմբերին
Շարլ Ազնաւուրի համար 5 Հոկտեմբեր ուրբաթ օր Փարիզ Ինվալիտներու համալիրին մէջ պետական սգահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ, որուն ներկայ պիտի գտնուին Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
5 Հոկտեմբեր ուրբաթ օր Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ազգային սուգ հռչակուած է։
«Ես այդ անթաղ ննջողներու շարքէն եմ»
ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆ
Դժուարութիւններով հանդերձ ծնաւ ազատ երկրի մը մէջ։
Երբեք չմոռցաւ իր արմատները։ Կարիք չունեցաւ ինքնութիւնը քօղարկելու։
Բայց ամէն ինչ իր ժամանակը ունի։ Այդ ժամանակը հասաւ 1975-ին։
51 տարեկան էր։ 45-նոց ձայնապնակի մը մէկ երեսին ձայնագրեց «Քու աչերը, իմ աչերը» եւ հանդիպակած երեսին ալ «Անոնք ինկան»։
«Անոնք ինկան» կը պատմէր ժողովուրդի մը ողբերգական պատմութիւնը, 1915-ը եւ յաջորդող տարիներու վայրագութիւնը։ Երգի մեղեդին, թախիծի շարադրութեան մը կը նմանէր։ Իսկ բառերը հատորներու բովանդակութիւնը կազմող եղելութիւնները հրաշալի ներդաշնակութիւնով մը փոխանցած էր 32 տողերու վրայ։ Բանաստեղծական էր, խորութիւն ունեցող։
Այդ երգով հրապարակած էր ինքնութիւնը։ Երգի 25-րդ տողին վրայ կ՚ըսէր՞«ես այդ անթաղ ննջողներու շարքէն եմ»։ Հրապարակած է ինքնութիւնը, քանի որ երգի բառերը իրեն կը պատկանէին։
Մինչեւ վերջին շունչը շարունակեց երգելու։ Հայութիւնը իր ինքնութեան կեդրոնին չէր դրած, բայց երբեք ալ չէ պոկուած այդ ինքնութենէն։ Իր հարազատ ժողովուրդի կողքին էր միշտ։ Դեսպանն էր, բարեկամն էր ժողովուրդին։
Մրցանակ ստանալը սովորական երեւոյթ էր իրեն համար։ Ձայնագրութիւնները միլիոններով կը սպառէին ամբողջ աշխարհի վրայ։ Շուտով սպառող երաժշտութիւն մը չէր իր ըրածը։ Որակաւոր էր, խորութիւն ունէր, յատուկ էր, ինքն էր։ Հսկայ աւանդ մը թողելով հրաժեշտ կ՚առնէ մեզմէ։ Շարլ Ազնաւուրն էր ան կամ ալ աւազանի անունով Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեանը
Ազնաւուրներ անպակաս ըլլան
ՄԱԺԱԿ ԹՕՇԻԿԵԱՆ
Պահ մը մտածել պէտք է, երբ կը խօսինք Շարլ Ազնաւուրի մասին։ Ան մեծ բանաստեղծ է, մեծ երգահան եւ շատ մեծ կատարող։ Յիշեցէք, որ շատ քիչ են հազիւ մէկ ձեռքի մատներուն չափ, անոր երգերը մեկնաբանող երգիչները։ Պատճառը պարզ է, ան ձայնով ու մեկնաբանութեամբ կը կախարդէ։ Աշխարհի վրայ շատ են իր հետ զուգերգել ցանկացողները, բայց միայն քանի մը երգիչ յաջողած է այդ բանը։
Անշուշտ այստեղ պէտք չէ մոռնալ մեծ երգահան Գէորգ Կառվարենցը, որուն հետ համատեղ արտադրած բազմաթիւ երգեր ունին։
Երանի մեծ վարպետին, որ յաջողեցաւ երգել մինչեւ 94 տարեկան։
Վիճակագրութիւններ կան այս մասին, որոնք այդ տարիքին համերգներով բեմ բարձրանալու երեւոյթը եզակի կը համարեն Ազնաւուրի հաշւոյն։ Երիտասարդ տարիներէս ի վեր հիացումով կը հետեւիմ իրեն։ Հետեւած եմ բազմաթիւ համերգներուն եւ ականատես եղած եմ բեմին վրայ իր ինքնավստահութեան։ Կ՚ուզեմ այս առթիւ անձնական փորձառութիւն մը փոխանցել։ Աշխարհի երեսին ուր որ ալ երթաք մարդիկ բարեկամական հետաքրքրութեամբ հարց կ՚ուտան ազգային պատկանելութիւնս։ «Հայ եմ» կ՚ըսեմ, «Այ էմ Արմենիէն» կամ «Ժէ սիւի Արմենիէն»։ Մարդիկ առաջին հերթին չեն հասկնար եւ հարցական հայեացքով կը նային երեսս։ Իսկոյն կը դիմեմ երկրորդ պատասխանին՝ «Շարլ Ազնաւուր»։ Այդ պահուն խօսակիցիս բիբերը կը խոշորնան ու կը բացականչէ «Օ՜ հիմա հասկցայ»։ Աստուած հայ ազգին շուտով պարգեւէ նոր Ազնաւուր մը։