«Ակօս»ի սիւնակագիր Պասքըն Օրան, երբ կ՚անդամակցէր մարդու իրաւունքներու խորհրդակցական խորհուրդին, գրի առած էր «Փոքրամասնութեան իրաւունքները եւ մշակութային իրաւունքներ» խորագրեալ տեղեկագիր մը։ Այդ տեղեկագրի հրապարակումէն ետք ան ստացաւ մահուան սպառնալիքներ։ Այդ սպառնալիքներու համար դիմեց դատարան։ Սակայն դատական գործընթացքը առաջին օրէն սկսեալ լուրջ ձգձգումներով ընթացաւ։ Օրան դիմում կատարած էր Անգարայի ատեանին, քանի որ ինք կը բնակէր Անգարա։ Սակայն Անգարայի դատարանը դիմումը փոխանցեց Պոլիս եւ Պոլսոյ ատեանն ալ, սպառնական գրութիւններուն Ատանայէն առաքուած ըլլալը նկատի առնելով իր կարգին թղթածրարը ղրկեց Ատանայ։ Ատանայի դատարանը եւս մերժեց այս խնդրի քննարկումը, հարցաքննութեան ծրարը ետ ուղարկելով դէպի Պոլիս։ Այդ հանգրուանէն ետք է, որ Վճռաբեկ ատեանի որոշումով դատավարութիւնը տեսնուեցաւ Ատանայի մէջ եւ այս քաղաքի Հաշտարար ատեանը մէկ տարի ութը ամիս բանտարկութեան դատապարտեց սպառնացողը ու վճիռի յայտարարութիւնը յետաձգեց։
Այս պայմաններու դիմաց Պասքըն Օրան դիմեց Սահմանադրական ատեան, յայտնելով թէ կեանքը վտանգուած է եւ այդ պայմանները արգելք հանդիսացած են իր ազատօրէն խօսելու կամ գրելուն։ Սահմանադրական ատեանը այս դիմումը նկատի ունենալով մեղադրած է պետութիւնը իր քաղաքացիի անվտանգութիւնը ապահովելու խնդրին մէջ թերանալուն համար։ Դատարանը 27,000ԹԼ պատժատուգանք ճշդած է Օրանի մատնուած անարդարութեան դիմաց։
Պասքըն Օրան այս մասին տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը։ «Թուրքիոյ մէջ օրէնքի գերակայութիւնը արդէն վերացած է։ Ոչ մէկ երկիր կրնայ առանց օրէնքի գոյատեւել։ Այս երեւոյթը սկսաւ Արտակարգ իրավիճակներու դրութեան գործադրման ժամանակ։ Այդ ժամանակ օրէնքի կանոնները անտեսող Սահմանադրական ատեանը առաջին անգամ է, որ նման որոշում մը կ՚արձակէ։ Կը յուսամ, որ այս որոշումը անօրէնութեան գործընթացէն ձերբազատուելու նախաքայլը կ՚ըլլայ»։