Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետին ձօնուած վանական համալիրը շատ երկար տարիներ մնաց հայ հոգեւոր մշակոյթի կարեւորագոյն օճախ։ 1915-ի մեծ աւերը յիշատակի վերածեց վանքի բոլոր հարստութիւնները։ Բայց այդ հարստութիւններէն մէկ մէկ նմոյշներ հրաշքի համազօր արկածախնդրութիւններով եկան հասան մեր օրերուն։ Անոնցմէ մէկն է հսկայ մատեանը՝ «Մշոյ ճառընտիր»ը։ Ան իր ծաւալով ու ծանրութեամբ պիտի դժուարացնէր փոխադրութիւնը։ Հետեւաբար այս մասունքին նկատմամբ երկիւղածութեամբ լեցուն երկու ընտանիքներ ճարահատօրէն կիսեցին զայն եւ անհաւատալի դժուարութիւններ յանձն առնելով բերին հասցուցին Հայաստան։ Այս անգամ Սուրբ Կարապետի ուրիշ մի մասունք 1212 թուականին վերագրուած փայտաշէն դուռը կը ցուցադրուի Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթեն» թանգարանի դահլիճին մէջ։ «panorama.am» կայքէջը այս լուրը կը հաղորդէ հիմնուելով Ռուպէն Շուֆեանի դիմատետրի էջին տեղադրած գիտելիքներով։ Իրականութեան մէջ անհաւատալի պատահականութիւններու հետեւանք է այս դրան յայտնութիւնը եւ մինչեւ Նիւ Եորքի թանգարան հասնող ոդիսականը։ Դուռը առաջին անգամ յայտնաբերուած է գերմանացի արուեստագէտ Ռիխթերի կողմէ։ Ան պատահականօրէն տեսած է այդ դուռը Մշոյ գիւղապետի մը մարանին մէջ։ Յաջողած է 5,000 մարքի փոխարէն գնել այն եւ փոխադրել նախ Պոլիս ապա Գերմանիա։ «Մեթրոփոլիթենի» ցուցահանդէսը առաջին առիթն է, որ հասարակութիւնը տեսնէ այդ արուեստի արտակարգ նմոյշը։