24Սեպտեմբեր երկուշաբթի յետմիջօրէին հրաւէր մը ստացանք Պատրիարքարանի մէջ կայանալիք ժողովի մը համար։ Բնականաբար խորհեցանք, թէ արտակարգ զարգացում մը ըլլալու է։ Պատրիարքարան հասնելով տեսանք, թէ ժամանած էին համայնքային մարմիններու վարիչներու մեծամասնութիւնը, որոնք եւս տեղեակ չէին, թէ ինչու համար հրաւիրուած են։ Ապա դահլիճ մտան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ արք. Մաշալեան, Լուսարարապետ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Փոխանորդ սրբազանը պարզեց օրակարգը։ Ըստ որու պիտի քննարկուէր իր ատենապետի կողմէ լուծուած ՎԱՏԻՓ-ի ապագան, Համայնքային վարժարաններու ելմտական բացը եւ ՎԱՏԻՓ-ի ընդհանուր քարտուղար, Կետիկփաշայի եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Յարութիւն Շանլըի հրաժարականը։
Յայտնի էր, թէ նախորդ շաբաթ Թրքահայ դպրոցներու միութեան շուրջ ծագած բանավէճը ծաւալած էր եւ հասած էր Շանլըի հրաժարումին։ Արդէն այդ հանգրուանէն ետք Շիրինօղլու խօսք առաւ եւ պատմեց, թէ Շանլը ամբողջ գործընթացքի տեւողութեամբ սխալ տեղեկութիւններ փոխանցած է իր հասցէին։ Աւելցուց նաեւ, թէ Դպրոցներու միութեան որդեգրած գերբին դէմ Իսթանպուլի կուսակալութիւնն ալ դժգոհութեան պատգամ մը փոխանցած է իրեն։ Ըստ երեւոյթի Կուսակալութեան մէջ ոմանք իրենց գործը մէկդի դրած, ուսումնասիրած են օրինական մարմինի մը հանգամանք ալ չունեցող Դպրոցներու միութեան գերբին եւ զայն կուսակցութեան մը գերբին նմանեցնելով դժգոհութիւն յայտնած են Շիրինօղ-
լուին։ Պարոն Շիրինօղլու ապա անդրադարձեր է մեծ գայթակղութեան մը եւս։ Նկատեր է թէ Դպրոցներու միութեան անձնակազմէն մէկուն հայրը «Միտքտ հարթակ» խումբի անդամ է։ Այս բոլորը տեսնելով ալ ծանօթ ազդը հրատարակելր է «Ժամանակ» թերթին մէջ։ Ափսոս որ Շանլը կամ Դպրոցներու միութեան անդամներէն ոչ մէկը ներկայ էին ժողովին, հետեւաբար չկրցան պատասխանել իրենց ուղղուած մեղադրանքներուն։ Միայն Կեսարիոյ թաղականութենէն Զատիկ Թոքէր հարցուց, թէ արդեօք նախքան այդ ազդը հրատարակել փորձա՞ծ էր այս ընկերներու հետ խօսելու։
Ապա սկսաւ համայնքային այլ խնդիրներու քննարկումը։ Այլեւս սովոր ենք այս ժողովներու բնոյթին։ Բոլորն ալ իրար մեղադրեցին եւ վեր բարձրացուցին իրենց ըրած գործերը։ Միջոց մը քուէարկութիւն կատարուեցաւ ՎԱՏԻՓ հարթակի շարունակութեան մասին։ Յայտնի էր, թէ Շիրինօղլու եւ Աթէշեան Շանլըի հրաժարումէն ետք կ՚ուզէին նոր կազմով մը երթը շարունակել։ Քուէարկութիւնը դրական արդիւնք տուաւ եւ ժողովականներու մեծամասնութիւնը կողմնակից եղան ՎԱՏԻՓ-ի շարունակուելուն։ Ուշագրաւ էր անոնցմէ մէկուն «Թէեւ շատ մը գործեր չենք կրցած յաջողիլ, բայց գոնէ իրար ճանչցանք» խօսքը։ Իսկ ժողովի աւարտին բարեկամ մը ճիշդ ալ այս արտայայտութիւնը յիշեցնելով պիտի ըսէր՝ «Թերեւս աւելի լաւ էր, որ չճանչնային»։
Արդարեւ որքան ալ հիմնադրութեան օրէն սկսեալ իրմէ ակնկալուածին բոլորովին հակառակ ուղղութիւնով ընթացող ՎԱՏԻՓ հարթակը ասկէ ետք ալ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Այսուհետեւ ժողովները ո՛չ թէ Հիւանդանոցի, այլ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ պիտի կայանան։ Անորոշութեան մէջ մնաց Թրքահայ դպրոցներու միութեան ապագան։
Կուսակալութենէն եկած դժգոհութեան այդ բողոքին դէմ ինչո՞ւ չէ ըսուած, թէ այդ գերբին մէջ նկարուածը Հիւանդանոցի պարտէզի ծառերէն մէկն է եւ ոչ մէկ կապ ունի որեւէ կուսակցութեան խորհրդանշանին հետ։
Նոյնպէս չէ հասկցուած, թէ Դպրոցներու միութիւնը ո՞ր նիւթին մէջ ի՞նչ տեսակ սխալ մը գործած է։ Պարոն Շիրինօղլու ի՞նչ յուսացած է բաժակ մը ջուրի մէջ փոթորիկներ ստեղծելով։ Մեզի համար պարզուած պատկերը հետեւեալն է Կուսակալութեան բնաւ իրեն չհետաքրքրող նիւթի մը մէջ միջամտելը շատ բնական տեսնուած է մեր վարիչներուն կողմէ եւ թողենք բնական տեսնուիլը նոյնիսկ հրահանգ համարուած է։ Դպրոցներու միութեան պարոն Շիրինօղլուի յամառօրէն պնդած «Դպրոցները թող միացուին» առաջարկի արժանի արձագանգը չգտնելը մեծ զայրոյթի տեղի տուած է Միտքի հարթակի հանդէպ այս անհասկնալի ատելութիւնը նոյնիսկ փոխանցուած է անոնց զաւակներուն եւ այս բոլորին ականատես կ՚ըլլանք նշանակուած փոխանորդի մը իշխանութեան շրջանին։ Ափսոս որ անգամ մը եւս խրտչած են այն գործիչները, որոնք բարի նպատակով լծուած էին համայնքային ցաւալի խնդիրի մը լուծումներ որոնելու գործին։
Այս դոհուբոհի մէջ պարոն Շիրինօղլու համացանցի վրայ հարցազրոյց մը ունեցաւ, ուր ակնարկութիւններ կ՚ընէր Հայոց ցեղասպանութեան խնդրին։ «1915-ի դէպքը խաղ մըն է։ Օսմանեան կայսրութիւնը պառակտելու նպատակով իրականացած խաղ մը։ Օտար պետութիւնները մեզ հայերս շահագործեցին։ Անշուշտ, որ մեծ կորուստներ ապրուեցան։ Հայերը հաւատարիմ են իրենց հայրենիքին եւ ազգին։ Բայց անոնցմէ ոմանք խաբուեցան։ Ես այդ արտասանուած թիւերուն ալ չեմ հաւատար, որովհետեւ այդ թուականին ահագին ժողովուրդ Լիբանան, Սուրիա, Ֆրանսա, Պարսկաստան, ԱՄՆ, Աւստրալիա գաղթեցին»։ Այս խօսքերը խիստ վիրաւորական են հայոց համար։ Իւրաքանչիւր հայ գիտէ թէ 1915-ին եւ յաջորդող տարիներուն ինչ պատահած է։ Բայց Շիրինօղլու այսքանով ալ չի բաւարարուիր եւ կ՚աւելցնէ հետեւեալը. «Աշխարհի գործատէրը ԱՄՆ է, բայց անոր ալ գործատէրը հրեաներն են»։ «Շալոմ» թերթը իր վերջին թիւին մէջ հրապարակեց Շիրինօղլուի զղջման խօսքերը, իսկ 1915-ի մասին ըսածները ըստ երեւոյթի պիտի թողունք պատմութեան եւ ժողովուրդի խղճին։
«ԱԿՕՍ»Ի ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ