Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը նոր յաջողութիւն մը եւս արձանագրեց եւ իր տարած պայքարի հետեւանքով վերատիրացաւ եկեղեցւոյ նախապէս գրաւուած կարեւոր մէկ կալուածին։ Այս զարգացումը թաղական խորհուրդի կողմէ մամլոյ յայտարարութիւնով մը փոխանցուեցաւ պոլսահայ հասարակութեան։ Այս առթիւ բացատրութիւններ տրուեցաւ շարունակուող դատական գործընթացքին մասին։ Այս բացատրութիւններու համաձայն թաղականութեան վերատիրացած կալուածը երկար ժամանակէ ի վեր գրաւուած էր բանակի կողմէ։ Փոքրամասնութիւններու նախապէս առգրաւուած կալուածներու վերատիրանալուն առիթ ընդձեռող օրինական բարեփոխութիւններէ ետք եկեղեցին իսկոյն շարժման անցած էր եւ երկարատեւ պայքար տարած իր սեփականութեան վերատիրանալու համար։ Թաղականութիւնը այս մասին տուաւ մանրամասնութիւններ խնդրոյ առարկայ տարածքին, գտնուած վայրին եւ անոր ծաւալին մասին։ Յայտնի կը դառնայ, որ այս նոր առիթով թաղականութիւնը կ՚ամրացնէ իր եկամուտը, որ արդէն բաւական դիրքի տիրացած էր նախորդ ձեռքբերումներու հետեւանքով։
Որքան ալ ապահովուած չըլլայ համայնքային հաստատութիւններու մէջ ընդհանուր պիւտճէի մը ապահովումը Օրթագիւղի թաղականութիւնը անցեալին միշտ ալ կրցաւ նեցուկ ըլլալ անբաւարար եկամուտ ունեցող համայնքային հաստատութիւններուն։ Այս պայմաններու ներքեւ ձեռքբերումը ո՛չ միայն Օրթագիւղի թաղականութեան, այլ ամբողջ Պոլսահայութեան համար շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի։