Առաջին անգամ Պոմոնթիի Մխիթարեան նախակրթարանի տարեվերջի հանդէսին Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհ. Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեան ափսոսանքով յայտնած էր թէ Մխիթար Աբբահօր անունը վերացած է մեր քաղաքի դպրոցներէն։
Իբրեւ պատմական վերյիշում, նշենք որ Պոլսոյ մէջ կան երկու Մխիթարեան վարժարաններ, մին նախակրթարան, միւսը երկրորդական։ Անոնցմէ մէկը կը պատկանի միաբանութեան Վենետիկի ուխտին, իսկ երկրորդը Վիեննական։ Այսօր երկուքն ալ հրաժարած են Մխիթար Սեբաստացիի անունէն։ Առաջինը կը ներկայանայ լատինատառ BEK կրճատումով՝ որ կը բացատրէ Պոմոնթիի Հայ Կաթողիկէ նախակրթարան (Bomonti Ermeni Katolik Ortaokulu) ։ Իսկ Վիեննական ուխտին պատկանող երկրորդական դպրոցը շատ երկար տարիներէ ի վեր դպրոցի մուտքի ցուցատախտակէն հանած էր Աբբահօր անունը։ Դպրոցը պաշտօնապէս կը ներկայանար «Փանկալթը լիսէսի» անուանումով։
Կ՚արժէ հարց տալ թէ ի՞նչ խելքի ծառայելով վերացած է Մխիթար Սեբաստացիի անունը միաբանութեան այս երկու դպրոցներէն։ Այդ վերացումը որեւէ անհանգստութիւն չէ՞ պատճառած մէկու մը։ Օրինակի համար դպրոցի նախկին սաները մէկտեղող սանուց միութիւնը այս վերացման դէմ առարկութիւն մը ունեցա՞ծ է։
Այսօր միասնաբար կը խօսինք պոլսահայ դպրոցական կեանքի մատնուած դրամական ճգնաժամի մասին։ Իրողութիւն մը ըլլալով յայտնուած է դրամական ճգնաժամը։ Անուանակոչումն ալ կատարուած՝ 10 Միլիոն ԹԼ, կամ մօտաւորապէս 1,5 Միլիոն ԱՄՆ տոլար։ Այս է մեր դպրոցներու միասնական ելմտական բացը։
Կայ ճգնաժամի շատ աւելի խոր երեւոյթը, որուն մասին առհասարակ չենք խօսիր։ Ոչ դպրոցներու վարիչները, ոչ ալ հասարակութիւնը կը մտահոգուի ճգնաժամի շատ աւելի էական երեսակով։ Պոլսոյ մէջ հայ դպրոցը կորսնցուցած է իր առաքելութիւնը։ Իմաստն ու նշանակութիւնը կորսնցուցած է դպրոցը։ «Հայ դպրոց» կոչումը արդարացնող յատկութիւնները տարիներու ընթացքին վերացած են մեր կրթական հաստատութիւններէն, առանց որեւէ մէկու կողմէ նկատուելու։
24 Սեպտեմբերին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացող ժողովին Հայր Թաթուլ կը պարզէր զաւկին հայերէնի դասերէն զերծ պահուելուն համար ծնողի մը ներկայացուցած աղերսագրի օրինակը։ Չենք գիտեր թէ որ ծնողքը, որ դպրոցին փոխանցեց այդ աղերսագիրը։ Այդ մանրամասնութիւնը կարեւոր չէ։ Բայց խիստ կարեւոր է իրեն փոխանցուած պատասխանը։ Արդեօք տուեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը համարձակեցա՞ւ այդ աշակերտի արձանագրութիւնը չեղեալ համարելու։ Թէ ոչ միջանկեալ լուծում մը առաջարկեց աշակերտի կորուստ չապրելու մտահոգութեան տակ։
Պարտինք խոստովանիլ թէ տասնամեակներ շարունակ զիջած ենք նման պահանջներու դիմաց եւ իբր հետեւանք կորսնցուցած ենք հայ դպրոցը։ Այժմ ունինք շէնքեր, որոնց մէջ հայ տարեկիցներով շրջապատուած է ոչ հայախօս, հայեցի անունէ զուրկ, այլասերման զանազան հոսանքներու դիմաց անպաշտպան «ծագումով հայ» երեխան։ Ծնողքը հայ դպրոցը կը նախընտրէ միայն ու միայն զաւակը հայկական միջավայրի մէջ պահելու համար։ Մնացեալ բոլորը հայախօսութիւն, հայեցի գիտակցութիւն, նոյնիսկ գիտելիքներ բոլորն ալ աւելորդաբանութիւններ են, որոնցմէ ձերբազատուիլ պէտք է։
Այս պայմաններու տակ շատ բնական է որ աւելորդաբանութիւն համարուի Մխիթարեան անունն ալ։ Մի տանջուիք, Էսաեանը վերածեցէք «Թաքսիմ լիսէսի»ի, Կեդրոնականը «Մերքեզ լիսէսի»ի, Ա.Խ. Դպրեվանքը «Իւսկիւտար լիսէսի»ի, քանի որ վստահաբար շատ աւելի մատչելի պիտի հնչէ ձեզ համար։
Ոչ ծնողքը մեղադրելի է առանցին, ո՛չ տնօրէնութիւնը կամ խնամակալ-թաղականութիւնը։
Սա հաւաքական ամօթն է մեր համայնքին, որուն տակաւին չենք ալ անդրադարձած, կը տառապինք միայն դրամական բացը հաւասարակշռելու համար։
pakrates@yahoo.com