Հրանդ Տինքի ոճիրի դատավարութիւնը արդէն իսկ բոլորած է 11 տարին եւ այս 11 տարիներու ընթացքին տակաւին շատ հեռու կը գտնուինք գոհացուցիչ արդիւնքի մը հասնելէ։ Արդարեւ Դատախազներու եւ դատաւորներու բարձրագոյն խորհուրդի որոշումով անգամ մը եւս փոխուած է դատակազմը։ Այս շաբաթուայ համար նախատեսուած էր դատական չորս նիստեր, որոնցմէ առաջինը կայացաւ Չաղլայանի Արդարադատական համալիրի մէջ 24 Սեպտեմբեր երկուշաբթի օր։ Իսկ յաջորդ նիստի արդէն ամբողջովին փոխուած էր դատակազմը եւ այս նոր կազմն ալ դատավարութիւնը յետաձգեց 28 Սեպտեմբեր ուրբաթ օրուայ։
Ներկային Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդիրով կը դատուի 85 ամբաստանեալներ, որոնցմէ վեցը ձերբակալուած է, իսկ տասը փախուստի դիմած։ Դատական նիստի մեկնարկումէն առաջ դատարանի մուտքին մէկտեղուող «Հրանդի ընկերները» խմբակցութիւնը մամլոյ յայտարարութիւն մը ընելով բողոքեց ձգձգման դէմ եւ պահանջեց, որ դատարանը այլեւս յանգի եզրակացութեան եւ արժանի կերպով դատուին բոլոր մեղադրեալները։ Անոնք անգամ մը եւս կրկնեցին ծանօթ կարգախօսը, ուր կ՚ըսուի՝ «Մինչեւ որ մենք վերջացաւ չըսենք, այս դատը չաւարտիր»։