Տարիներու զուգահեռ կ՚աճին նաեւ կարօտներս։ Վրաս գլուխս տակն ու վրայ, մազերուս հիւսկին կիսով քակուած վիճակը կու գայ աչքերուս առջեւ։ Մանկութեան տարիներս է յիշածներս։ Անհամբեր կը սպասէի արձակման զանգին։ Արարողակարգ մըն էր դպրոցէն դուրս գալու պահը։ Զոյգ զոյգ կարգի պիտի կանգնէինք ելքի դրան ետեւ։ Աստուա՜ծ իմ, այդ քանի մը վայրկեանը յաւիտենութեան կը վերածուէր ինծի համար։ Հերթ որ կ՚ըսեմ դուք հրմշտուք հասկցէք։ Ետեւը կեցողները կը հրմշտկեն, առջեւինները վար կ՚իյնան ու կը սպասենք, որ տնօրէնուհին գայ, մի առ մի ստուգէ իւրաքանչիւրիս հագուածքը, սանտրուածքը ու ապա յանձնէ ծնողաց։
Այս տարի իմ դպրոցի հիմնադրութեան 175-ամեակն է եւ ես երախտապարտութեամբ կը յիշեմ մեզ պատրաստելու համար իրենց կեանքը մաշեցուցած, բոլոր ուսուցիչները ու տնօրէնուհիները։
Տատեանի դռնէն մուտք գործելով ակամայ կը յիշեմ մանկութիւնս։ Ես այդ երդիկին տակ ուսանեցայ եւ հիմա հերթը եկած է զաւակներուս։ 175 տարի։ Այդ ժամանակի տեւողութեամբ ով գիտէ քանի ընտանիքներ ապրեցան այսօր ինծի յուզում պատճառող նման սերնդափոխութիւնը։ Այս զգացումներով լեցուն կը զրուցեմ դպրոցիս վաստակաւոր նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլուի եւ այժմու տնօրէն Ալիս Պայրամի հետ։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Այս տարի վարժարանիս 175 ամեակն է։ Յատուկ ծրագիրներ ունի՞ք այս մասին։
ԱԼԻՍ ՊԱՅՐԱՄ- Վարժարանս հիմնուած է 1844 թուականին Յովհաննէս Պէյ Տատեանի կողմէ, թաղին հայ գործաւորներու զաւակներուն դաստիարակութեան համար։ 175 երկար տարիներ անցեր են այդ օրէն ետք։ Այսօր ալ հսկայ կաղնիի նման կանգուն է վարժարանս ու կը շարունակէ գոյատեւել։ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին Եկեղեցին ալ կառուցուած է նոյն թուականին անմահ բարերարին կողմէ եւ այսօր իբր յուշարձան կը հովանաւորէ հայահոծ թաղին բնակիչներուն։Կը պատրաստուինք արժանավայել կերպով նշելու մեր այս երկու կարեւոր կոթողներուն 175 ամեակը։ Ունինք ծրագրուած այլազան ձեռնարկներ։
Յատուկ յանձնախումբ մը կազմեցիք այս մասին այս ծրագրի անդամները մեզի կրնա՞ք ծանօթացնել։
Ա.Պ.- Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը եւ Տնօրէնութիւնս նախապէս գումարուած ժողովներու ընթացքին համախորհուրդ գտնուեցանք ու պատշաճ դատեցինք 175 ամեակի յանձնախումբի ատենապետութեան առաջարկը տանիլ Տատեան Վարժարանի վաստակաշատ նախկին Տնօրէնուհի՝ Օր. Հերմինէ Պէնլիօղլուի, որ երկար տարիներ մեծ նուիրումով ծառայութիւն բերաւ վարժարանիս։
Ինչպէս գիտէք 150 ամեակի ձօնուած յուշամատեան մը ունինք։ Տատեանի վերջին 25 տարիները մեր բոլորին համար կարեւոր իրադարձութիւններ եւ գործունէութիւններ կը բովանդակեն։ Այս եղելութիւնները ապագայ սերունդներու փոխանցելու նպատակաւ փափաքեցանք ունենալ 175 ամեակի ձօնուած յուշամատեան մը, որ յետագային օգտագործուի իբր արխիւ։
Այս յուշամատեանին պատրաստութեան առաջարկն ալ տարինք սիրելի Օրիորդին, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ սիրով ընդունեց մեր խնդրանքը։ Մեր առաջին ժողովը գումարեցինք 18 Փետրուար 2018 թուականին պատմական վարժարանիս ճաշարանին մէջ։ Ժողովին Հերմինէ Պէնլիօղլու, Պաքըրգիւղի Թաղային Խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ Մէսուտ Էօզտէմիրի, անցեալի թաղային խորհրդոյ անդամները, հիմնադրի ներկայացուցիչ Մարի Եանճը, վարժարանի Տնօրէնութիւնն ու Ուսուցչաց կազմը, վարժարանի հոգաբարձութիւնը, Քառասուն Մանկանց Երգչախումբի Տնօրէն Խորհուրդի անդամները, Տատեան Սանուց Միութեան Վարչութիւնը, մեծ թիւով Տատեանի համակիրներ ներկայ գտնուեցան։
Խորհուրդակցութիւններէ ետք յարմար տեսնուեցաւ կազմել գործադիր յանձնախումբ մը եւ աջակից յանձնախումբեր, աւելի արդիւնաբեր ու գործնական որոշումներ առնելու համար։ Առաջին քայլին ատենապետուհի Հերմինէ Պէնլիօղլուի մականին ներքեւ գործադիր յանձնախումբի դիւանը կազմուեցաւ։
Տօնախմբութիւնները ե՞րբ եւ ի՞նչ առիթով սկիզբ պիտի առնեն։
ՀԵՐՄԻՆԷ ՊԷՆԼԻՕՂԼՈՒ- Ինչպէս գիտէք Եկեղեցին ի հիմանէ վերանորոգութեան ենթարկուած է։ Մայիս 2018 թուականէն ի վեր փակ է պաշտամունքի։ Վերանորոգութեան մեծ աշխատանք կը տարուի բովանդակ եկեղեցիէն ներս։ Պաքըրգիւղի Թաղային Խորհուդը ատենապետութեամբ Մէսուտ Էօզտէմիրի ամէն ջանք ի գործ դրած է օր առաջ պաշտամունքի բանալու եկեղեցին։ Նորոգութեան աշխատանքները մեծ թափով կ՚ընթանան բայց վերաբացման թուականը դեռ յայտնի չէ։ 175 ամեակի յանձնախումբը կը փափաքի Եկեղեցւոյ վերաբացումով եւ Սիրոյ Սեղանով սկսիլ ձեռնարկներու շարքին։Մեծ հաւանականութեամբ Ամանորէն առաջ պիտի իրականանայ մեր փափաքը։
Լսած ենք 175. ամեակի ձօնուած Օրդ. Մաքրուհի ՊիւյիւքյակոբեանԻ « Տատեան» բանաստեղծութիւնը։ Երբ, ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ կողմէ այս բանաստեղծութիւնը քայլերգի վերածուեցաւ։
Հ.Պ.- Յանձնախումբս ձեռնարկեց Տատեան Վարժարանի 175 ամեակի ձօնուած քայլերգի աշխատանքին։
Որպէս Տատեանի նախկին սան, ապա Տատեանի վաստակաւոր Ուսուցչուհի, Մարմարա Օրաթերթի փոխ խմբագրապետուհի, բազմաթիւ սիրուած երգերու խօսքերու հեղինակ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի խնդրանք տարուեցաւ իմ կողմէ։ Սիրով ընդունեց առաջարկը ու գրի առաւ քայլերգի բառերը։ Ապա Տատեանի նախկին սան ու այժմ սիրելի ծնող Ռոպէր Տօղանայ, որ ծանօթ է մեզի իր բազմաթիւ երաժշտական յօրինումներով կատարեց յօրինումը։ Վերամուտին Տատեանի քայլերգին եղանակը արձագանգեց վարժարանի պարտէզին մէջ։
Գիտենք որ 150 ամեակի ձօնուած գիրք մը ունեցած էիք։ Հիմա աշխատութիւններ ունի՞ք, նոր գիրքի մը մասին։
Հ.Պ.- Այս նշանակելի հանգրուանի առիթով ծրագրուած գեղարուեստական ու մշակութային պատշաճ հանդիսութիւններու առընթեր որոշուած է 175 ամեակի ձօնուած յոբելենական գրքի մը հրատարակութիւնը։
Գիրքի աշխատութիւնները, ո՞վ կը վարէ։
Հ.Պ.- Այս առթիւ ալ կազմուած է յանձնախումբ մը իմ եւ Տնօրէնուհի Տիկ. Ալիս Պայրամի գլխաւորութեամբ։ Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Վարժարանի քօօրտինաթէօռ ուսուցչուհիներ՝ Հերմինէ Չընար, Անիլտա Մէնէքշէ, Երանուհի Պալճը, Պայծառ Եիւճէճան, Նաթալի Վայվալաքեան եւ Արամ Կոստանեան։
Ի՞նչ տեսակ աշխատութիւններ տեղի պիտի ունենայ այս գիրքի մասին։
Հ.Պ.- 150 ամեակի ձօնուած յուշամատեանին մէջ տեղ գրաւած է.1844-1994 ի վարժարանի պատմականը, իսկ սոյն յոբելենական գիրքը պիտի պարփակէ վարժարանին վերջին 25 տարիներու պատմական իրադարձութիւնները, մշակութային ձեռնարկները եւ 175 ամեակի նուիրուած հանդիսութիւնները։
Կրնա՞ք ծանօթացնել ձեր այս տարուայ տօնախմբութեան ծրագիրը։
Հ.Պ.- Ինչպէս վերեւ նշեցինք կրնամ ըսել որ կը փափաքինք եկեղեցիի օծումով սկսիլ մեր 175 ամեակի ձեռնարկներուն։
Ամէն տարի Տատեանցիներու Օրուան առիթով կը կատարուի հոգեհանգատեան պաշտօն ու այցելութիւն կը տրուի վաստակաշատ տնօրէնուհի Օր. Էլիզ Մանասի շիրմին։
Զանց չենք առներ նաեւ բազմավաստակ մանկապարտիզպանուհի Արմենուհի Թոռունեանի եւ հայ գրականութեան սիրահար քաջահմուտ հայերէնի ուսուցչուհի Շաքէ Յակոբեանի գերեզմաններու այցը։
Նախորդ այցելութիւններու ընթացքին սրտցաւ տեսանք որ գերեզմանները վերանորոգման կը կարօտին։ Մենք որպէս 175 ամեակի յանձնախումբի անդամներ եւ Տատեան Ընտանիք որոշեցինք բարեկարգել մեր վաստակաւոր ուսուցչուհիներու շիրիմները։ Այս աշխատանքը կը համարենք մեր կարեւոր ձեռնարկներէն մին։
Ինչպէս գիտէք գրեթէ ամէն տարի միջմիութենական արտասանութեան մրցում կը կատարուի։ Մրցումին առաջնութիւն շահող միութիւնը յանձն կ՝առնէ յաջորդ տարուան մրցումին պատասխանատուութիւնը։ Այս տարի Տատեան Սանուց Միութիւնը պիտի կատարէ այս ձեռնարկը։ Մենք որպէս Տատեան Ընտանիք միշտ զօրավիգ կը կանգնինք մեր միութեան։ Միութիւնս այս գործունէութիւնը պիտի ձօնէ 175 ամեակի տօնակատարութեան։ Կրնանք յստակօրէն ըսել որ մրցումը պիտի կայանայ Փետրուար 2019 ին «Մայրենի Լեզու» ի օրուան զուգահեռ։ Ուրիշ աշխատութիւն մը եւս ունինք։
Տեսակցեցանք հետազօտիչ գրող Պրն. Թուրկայ Թունայի հետ, որ ունի Պաքըրգիւղի ու Տատեանցիներու մասին լայն տեղեկութիւններ։ Մեր տեսութիւնը կատարեցինք Տօքթ. Իգնա Սարըասլանի առաջարկով։ Յարգելի Պարոնին հետ Մարտ ամսուան մէջ նախ պիտի կատարուի պտոյտ մը դէպի Եշիլգիւղի ու Պաքըրգիւղի Տատեանի յիշարժան վայրերուն ապա յաջորդ օրերուն պիտի սարքէ բանախօսութիւն մը՝ Տատեան Վարժարանի Տիգրան Կիւլմէզկիլ սրահին մէջ։
Այս հարցումին աւելի մանրամասնութեամբ պատասխանել չեմ ուզեր, անակնկալ թող ըլլան կարգ մը ձեռնարկները, արդէն բազում ձեռնարկներու աշխատութեան լծուած ենք։