Բառ, որ ծակ ունի
Կանացի կաշի կօշիկի մը համար իր յառաջացած տարիքին անկարելի պիտի ըլլար աչքառու մնալ ու ամէն օր հիացումով դիտուիլ բազմահարիւր զբօսաշրջիկներու կողմէ, եթէ անոր ցուցափեղկի ծանուցողական պիտակին վրայ յայտարարուած չըլլար՝ «Աշխարհի ամենահին կօշիկը»։ Մանաւանդ երբ կը բացակայի անոր ձախ թայը, չունի նախկին փափկութիւնն ու մաշկի նախկին փայլը, ամբողջ մակերեսը ճաքած է ու դարձած է անողորկ։ Ձեզի ծանօթացնեմ այդ գեղեցկուհին։ Երեւանէն 110 քմ. հարաւ-արեւելք, Վայոց Ձորի մէջ, Արենի գիւղի մօտ, Թռչուններու քարանձաւէն ներս կատարուած պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած ու այժմ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի մէջ ցուցադրուող թիւ 37 չափի կօշիկ։ Տարի՞քն անոր։ Ըստ հնաբաններու՝ 5500։ Հրաժեշտ կու տանք թանգարանին ու կ՚ուղղուինք դէպի մեր յաջորդ հանգրուանը՝ Ծիծեռնակաբերդ։ Կ՚առնենք թաքսի մը։ Միջոցին կը մտաբերենք նաեւ, թէ «կօշիկ» բառն ալ Արենիի կօշիկին չափ երկարակեաց է, հակառակ իր թերութիւններուն եւ իր վրայ ընդունած ծակերուն։
- Փաթիլ, իրանական փոխառութիւն է «կօշիկ» բառը։ Յուսախաբող տեղեկութիւն, չէ՞, երբ այժմ գիտենք, թէ կաշի կօշիկին հայրենիքը Հայկական լեռնաշխարհն է։ Արմատն է «կաֆշիկ», պարսկերէն՝ «կաֆշ»։ Հակառակ անոր, որ հնամեայ է, մեր լեզուաշխարհին մէջ շատ ճամբայ չէ կտրած։ Կարելի է նոյնիսկ ըսել, թէ «ծանրաշարժ» էր։ Առաջին քայլերը Սուրբ գիրքի հայերէն թարգմանութեան մէջ, ընդամէնը 33 հատ, այսինքն 33 գործածութիւն։
- Տպաւորիչ թիւ մը չէ, պարոն։
- Գիտեմ։ Իսկ որպէս ամէնօրեայ առարկայ, տուած պէտք էր որ ըլլար բազմաթիւ արտայայտութիւններ։ Մինչդեռ, ունինք միայն ոտնամատերու չափ բառակապակցութիւն, ինչպէս՝ «կաղապար կօշկաց», «լուծանել զխրացքս կօշկաց, կամ՝ կօշկակապերը լուծել», «սրակտուց կօշիկ», «նեղագարշապար կօշիկ» եւ «կապիճք կօշկաց»։
- Պարոն, Ծիծեռնակաբերդի մէջ կը փափաքէի աքսորեալներու կօշիկներ տեսնել, մաշած, փոշոտած, պարտասած...
Յարգելի ընթերցող, ներեցէք, խօսակցութեան տարուած ըլլալով ձեզի չներկայացուցի ընկերակիցս։ Փաթիլը դասարանի համար մեծաչափ պաստառներ ձեւաւորող աշակերտուհի է։ Փափաքած է «Աքսորեալը եւ կօշիկը» խորագրով նոր աշխատանք մը պատրաստել։ Ներշնչումը Ծիծեռնակաբերդէն առնել կը յուսայ։
- Փաթիլ, չեմ գիտեր, թէ պճնասէր տիկիններ միջին հաշուով քանի զոյգ կօշիկ կ՚ունենան, սակայն մեր մայրենին ունի նուազ քան քառասուն «կօշիկ»։
- Համեստ հաւաքածոյ մը։
- Հազուագիւտ բառեր են՝ կօշկավիզ, կօշկաքուղ, կօշկախթան, կօշկաթել, կօշկագամիկ, կօշկահետք, կօշկաճիտք, կօշկաքիթ, եւ ամենէն գործածելին՝ կօշկաձիգ։ Կօշիկ բառին ամենանկատելի քայլն էր դարձուածքները՝ պատկերալից ամփոփ խօսքեր... «կօշիկը հակառակ կողմէն հագցնել», «մէկի կօշիկը չարժել», «կօշիկը նեղ գտնել», այսինքն բան մը իրեն յարմար չհամարել եւ «կօշիկէն վեր ելլել»՝ իր մակարդակէն վեր նիւթերու մասին դատել, այդպիսի գործի ձեռնմուխ ըլլալ։ Կարնոյ հայերը անէծք մըն ալ ունեցեր են. «Մի զոյգ կօշիկ հագնես, եօթ տուն հարս գնաս»... Նկատեցի՞ր, թէ Պատմութեան թանգարանէն կը բացակայէր կարեւոր մէկ առարկայ. հայ թագաւորի կօշիկ։ Ըստ պատմական աղբիւրներու եւ ըստ մխիթարեան վանքէն Մանուէլ վարդապետ Քաջունիի «Հնախօսութիւն Հայաստանի» աշխատասիրութեան, հայ թագաւորները «... ոտուընին նախարարներուն պէս կարմիր կօշիկ կը հագնէին, միայն թագաւորին կօշկին վրայ ասեղնագործած կ՚ըլլար արծիւ՝ կտուցով օձ մը բռնած»։ Փաթիլ, հայ թագաւորը կ՚ունենար զոյգ, իսկ անոր մերձաւոր նախարարները մէկական կարմիր կօշիկ՝ պատուոյ նշան։ Իսկ մեր նազելաճեմ հարսերը, պատմագիրները կը հպարտանան, հագեր են արծաթապատ կօշիկ։
- Պարոն, ես կ՚ենթադրէի, թէ հայ բանաստեղծն ալ հիանար կօշիկին՝ իր հարսանեկան, կամ՝ դպրոցական առաջին զոյգ կօշիկին, ու քերթուածներ նուիրէր անոր։
- Այդ բանաստեղծներէն մէկն է Եղիշէ Չարենցը։ Ղարսի մէջ, աշակերտական տարիներուն, ըստ փոխանցուած կենսագրութեան, հայրը Աբգար աղան, օր մը դրամ տուեր է, որ Եղիշէն երթայ կօշիկ գնէ, իսկ որդին, առանց երկար-բարակ մտածելու, այդ գումարով գիրքեր առեր եկեր է տուն։ Եղիշէն, սակայն, զայն գործածեց երկարաշունչ բանաստեղծութեան մը խորագրին մէջ. «Բալլադ Վլադիմիր Իլյիչի, մուժիկի եւ մի զոյգ կօշիկի մասին»։ Իսկ ուրիշ մէկ բանաստեղծութեան մէջ գրեց, թէ 30-ական թուականներու «մշուշոտ» եւ «խեղդամահ» Երեւանի մրցակից ազատ քաղաքները կօշիկի նման են. «Քաղաքներ կան՝ եռուն, անհանգիստ… Փայլում են, կօշիկի պէս սրբած»։ Իսկ Պոլսոյ մէջ, համաշխարհային Բ. պատերազմի չարիքները անուղղակիօրէն ապրած բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանը կեանքի անարդարութիւնը յաջողեցաւ պատմել երեք տողով։ Այդ մանրակերտ գործին առանցքն է՝ կօշիկը.
«Ա-ը կօշիկ ունի, որ ծակ է,
Բ-ը կօշիկ չունի, որ ծակ ունենայ,
Գ-ը ոտք չունի, որ կօշիկ ունենայ»։
Սակայն, Փաթիլ, ո՛չ մէկ հին կամ նոր բանաստեղծ «կօշիկ» բառը այնքան կարեւորեց, որքան՝ Յովհաննէս Գրիգորեանը։ Անոր գրիչին տակ, «կօշիկ» դարձաւ, մեծ պատիւ այդ բառի համար, 29,8 հազար քիլոմեթր քառակուսի տարածութիւն ունեցող՝ Հայաստանը, որուն մէկ թայը՝ Արցախը, կը բացակայի ու հայ ժողովուրդը կը նմանի այն արագիլի, որ մէկ ոտքի վրայ ցցուած կը մնայ։ Գործին անունը, սպասելիօրէն՝ «29,8 համարի կօշիկ»- հայկական ժամանակակից բանաստեղծութեան ամենէն ընդվզեցուցիչ երկերէն մէկը։ Լսէ՚ Գրիգորեանի մտքի գոհարները. «Ուղիղ մի կօշիկի չափ երկիր՝ ահա թէ ինչ էր մնացել նախկին բաւականին ընդարձակ Հայաստանից... որն ահա արդէն երկու տասնամեակ է, ինչ պայքարում է եւս մի կօշիկի չափ տարածութեան համար...»։
- Հասկցայ, որպէսզի մենք ալ բոլոր ժողովուրդներու նման երկու ոտքի վրայ կանգնինք մայր հողի վրայ։
Կը հասնինք Ծիծեռնակաբերդ։ Հակառակ աղջնակի ակնկալութեան, ընդարձակ սրահի մէջ չեն ցուցադրուած աքսորեալներու կօշիկներ։ Բայց, կան անոնց լուսանկարները, հազարաւոր ու հազարաւոր որբեր, գաղթականներ ու անոնց կօշիկները. մաշած ու փոշոտած, սպառած պարտասած։ Վիպագիր Կոստան Զարեանի նկարագրութեամբ, «Ցեխ, քամի, անձրեւ, սով... Մարդկանց կօշիկները լաց էին լինում»։ Կը մտաբերենք մէկ այլ լուսանկար՝ նոր զոհուածի։
- Պարոն, լրագիրը լրագրողին վերմակ դարձեր էր։ Իսկ կօշիկն անոր՝ ծակած... Միայն թէ այս կօշիկները լեզու ունենային, ողբերգութիւնը պատմէին։ Որոշեցի։ Մէկ ու կէս միլիոն ու մէկ կօշիկի լուսանկար պիտի համադրեմ։ Կօշիկները լուռ, պիտի պատմեն պատմութիւնը, ամէն մէկը՝ ի՛ր պատմութիւնը։
- Մաղթենք որ, մեր կօշիկները հարսանեկան կօշիկի պէս ըլլան միշտ զուարթուն եւ միշտ փայլուն։
- Իսկ ես այդ օր կը փորձեմ հագած ըլլալ՝ արծաթապատ կօշիկ։