Մարդու իրաւունքներու անխոնջ պաշտպան Արմին Ուէկներ

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

 

Այս օրերուն ձեռքիս ու­­նիմ «Արաս» հրա­­տարակ­­չութեան վեր­­ջերս լոյս ըն­­ծա­­­յած մէկ գիր­­քը՝ Գաբ­­րիէլ Նիս­­սի­­­մէ «Նա­­մակ Հիթ­­լե­­­րին»։ Գիր­­քը կը կրէ «Ի դա­­րուն մարդկու­­թեան դէմ գոր­­ծո­­­ւած մեծ ոճիր­­նե­­­րու ակա­­նատե­­սը ու զո­­հը՝ Ար­­մին Ուեկ­­նե­­­րի պատ­­մութիւ­­նը» են­­թա­­­խորա­­գիրը։

Գաբ­­րիէլ Նիս­­սի­­­մի հետ ծա­­նօթա­­ցած եմ Դեկ­­տեմբե­­րեան մութ մէկ օրին, Վե­­նետի­­կի արո­­ւար­­ձա­­­նի մը բնոյ­­թը ու­­նե­­­ցող Փա­­տովա քա­­ղաքը։ Նա­­խաձեռ­­նարկնե­­րէն էր այստեղ բա­­ցուած «Ար­­դարնե­­րու այ­­գի» (Giusti) ին։

Կը դժո­­ւարա­­նամ «Giusti» բա­­ռը թրքե­­րէնի թարգմա­­նելու։ Անգլե­­րէնի մէջ «rigtheus» եզ­­րը կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծո­­­ւի։ Ես նա­­խընտրե­­ցի «Ար­­դարներ» եզ­­րը։ Կը յի­­շեմ Ալ­­պեր Քա­­մուի «Les justes» անուն թատ­­րերգու­­թիւնը։ 1968-ին Մա­­սիս Քիւրքչիւ­­կի­­­լի հետ յափշտա­­կուած էինք այդ գիր­­քեն։ Կը վեր­­լուծեր 1905 տա­­րեթի­­ւին Ռու­­սիոյ մէջ յե­­ղափո­­խական բռնու­­թիւնը։ Ֆերիթ Էտ­­կիւ այդ գիր­­քը թարգմա­­նած էր «Ար­­դարներ» ձե­­ւով։

Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւննե­­րու ըն­­թացքին մար­­դիկ ան­­խուսա­­փելի մա­­հէ մը փրկե­­լու հա­­մար իրենց կեան­­քը վտան­­գողնե­­րը պէտք է յի­­շատա­­կուին։ Մա­­նաւանդ ալ ցե­­ղաս­­պաննե­­րուն հետ ցե­­ղակից ըլ­­լա­­­լուն պատ­­ճա­­­ռաւ շատ կա­­րեւոր է այս երե­­ւոյ­­թը։ Մարդկա­­յին ար­­ժէքնե­­րուն ամե­­նաաննպաստ պայ­­մաննե­­րուն տակ տէր կանգնող­­նե­­­րը հետզհե­­տէ Թուրքիոյ մէջ ալ սկսան ու­­շադրու­­թեան ար­­ժա­­­նանալ։

Փա­­տովա­­յի Ար­­դարնե­­րու այ­­գի նա­­խագ­­ծի աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն Նիս­­սի­­­մի ան­­մի­­­ջական օգ­­նա­­­կան­­նե­­­րէն էր Փեթ­­րօ Քիւ­­չիւքեան։ Ան ալ «Անհնա­­զանդներ» անու­­նով գիրք մը գրած էր 1915-ի ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան օրե­­րուն հա­­յերու օժան­­դա­­­կող Օս­­մա­­­նեան քա­­ղաքա­­ցինե­­րու մա­­սին։ Երա­­նի հրա­­տարակ­­չա­­­տուն մը ձեռ­­նարկէ այդ գիր­­քին թարգմա­­նու­­թիւնը եւ հրա­­տարա­­կու­­թիւնը։ Ես ար­­դէն ու­­ժասպառ եմ այ­­լեւս։ Մե­­ծագոյն տա­­ռապանքս է խոս­­տա­­­ցած­­ներս չի­­րակա­­նաց­­նել։

2001-ին Փա­­տովա քա­­ղաքը Այ­­շէ­­­նու­­րին հա­­մար ալ ան­­կիւն մը զա­­տեց «Ար­­դարնե­­րու այ­­գի»ին մէջ։ Այշէ­­նու­­րը գնա­­հատո­­ւած էր ո՛չ միայն հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ճա­­նաչ­­ման հա­­մար մղած իր պայ­­քա­­­րին, այլ նաեւ 1980-ական տա­­րինե­­րուն ձա­­խակող­­մեան գոր­­ծիչնե­­րուն հե­­տապնդման տա­­րինե­­րուն զա­­նազան­­նե­­­րուն թաքստոց ու ապաս­­տան գտած ըլ­­լա­­­լուն պատ­­ճա­­­ռաւ։

Այ­­շէ­­­նուր այդ ժա­­մանակ ճամ­­բորդե­­լու ի վի­­ճակի չէր։ Ար­­դէն ամիս մը վերջ ալ մա­­հացաւ։ Իմ կեան­­քի ամե­­նածանր Դեկ­­տեմբեր ամիսն էր, երբ զինք ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու պաշ­­տօ­­­նով ժա­­մանե­­ցի Վե­­նետիկ։ Վե­­նետիկ ար­­դէն միշտ թա­­խիծով քա­­ղաք մը եղած է։

Այդ տա­­րի Այ­­շէ­­­նու­­րի հետ միասին Մա­­րաջախտ Թի­­թօի զար­­մի­­­կը՝ Սվեդ­­լա­­­նայ Պրոս եւս ար­­ժա­­­նացած էր այդ պու­­րա­­­կին մէջ յի­­շուե­­լու։

Այդ պար­­տէ­­­զին մէջ աւե­­լի ետք Հրանդ Տինք ալ ու­­նե­­­ցաւ իր բա­­ժինը։ 2012-ին, երբ ազատ ար­­ձա­­­կուե­­ցայ ին­­ծի հա­­մար մեծ ու­­րա­­­խու­­թիւն եղած էր Փա­­տովա Ար­­մին Ուէկ­­նե­­­րի որդւոյն՝ Մի­­շայի հետ հան­­դի­­­պու­­մը։ Ես Ուէկ­­նե­­­րը 1981 թո­­ւին մեր ըն­­կե­­­րոջ Ու­­լիի Գեր­­մա­­­նիոյ մէջ հա­­մեստ հրա­­տարակ­­չա­­­տան մը հա­­մար պատ­­րաստած հա­­տըն­­տի­­­րի մի­­ջոցաւ ճանչցած եմ։ Աւե­­լի վերջ 1994-ին հրա­­տարա­­կեցի «Տար­­տա­­­նելի կա­­տու­­նե­­­րը» անուն գոր­­ծը։ 80-ական տա­­րեթի­­ւերուն Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը Գեր­­մա­­­նիոյ մէջ մոռ­­ցո­­­ւած նիւթ մըն էր։ 1977-ին Իվ Թերնո­­­նի «Հա­­յու թա­­պուն» գիր­­քը հրա­­տարա­­կուած էր, որուն յա­­ջոր­­դեց Լեփ­­սիու­­սի Գեր­­մա­­­նիոյ Ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թեան փաս­­տա­­­թուղթե­­րէն հա­­ւաքած նիւ­­թե­­­րու հրա­­տարա­­կու­­թիւնը։ Էն­­կել­­­սի ծննդա­­վայր Ուա­­փեր­­թալ քա­­ղաքին մէջ պի­­տի գտնէի Ուէկ­­նե­­­րի ար­­խի­­­ւը։ Դժո­­ւար է պա­­տերազ­­մին սար­­սա­­­փը Տար­­տա­­­նելի կա­­տու­­նե­­­րուն ճա­­կատագ­­րին վրայ ու­­նե­­­ցած ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը նիւթ առ­­նե­­­լով այսքան ցնցիչ կեր­­պով պատ­­մել։ Ուէկ­­ներ պա­­տերազ­­մի կեդ­­րո­­­նին պա­­տերազ­­մի դէմ գոր­­ծող զի­­նուոր մըն է։ Վի­­րաւոր­­նե­­­րը ռազ­­մա­­­ճակա­­տէն հե­­ռաց­­նել է իր հիմ­­նա­­­կան պար­­տա­­­կանու­­թիւնը։ Մէկ կող­­մէն կը կա­­տարէ իրեն յանձնո­­ւած պաշ­­տօ­­­նը, միւս կող­­մէ կ՚օգ­­նէ պա­­տերազ­­մէն տու­­ժած խա­­ղաղ բնա­­կիչ­­նե­­­րուն։ Անոր էջե­­րը թղթա­­տելով կ՚ապ­­րինք պա­­տերազ­­մի ամ­­բողջ սար­­սա­­­փը։ Ան միեւ­­նոյն ժա­­մանակ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան վա­­ւերագ­­րա­­­կան լու­­սանկա­­րիչ մըն է։ 2015-ի Օգոս­­տո­­­սին Սթոք­­հոլմ Բա­­նակի թան­­գա­­­րանին մէջ բա­­ցուե­­ցաւ իր գոր­­ծե­­­րու ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը, «Ար­­մին Թ. Ուէկ­­ներ, Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ակա­­նատե­­սը» խո­­րագի­­րով։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին բաց­­ման ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ պատ­­մա­­­բան Վա­­հագն Աւա­­տեան, որ նաեւ հրա­­տարա­­կիչն էր Ուէկ­­նե­­­րի «Հայ ժո­­ղովուրդի դէ­­պի անա­­պատ տա­­րագ­­րութիւ­­նը» գրքին։

Ուէկ­­ներ 1915-ին ԱՄՆ նա­­խագահ Ուիլ­­սը­­­նին նա­­մակ մը գրած էր հա­­յոց են­­թարկո­­ւած տան­­ջանքնե­­րուն մա­­սին։ 1921-ին կը մաս­­նակցի Թա­­լաթ փա­­շայի ոճ­­րի դա­­տավա­­րու­­թեան։ Աւե­­լի ետք այդ դա­­տավա­­րու­­թիւնը հրա­­տարա­­կուե­­ցաւ, որուն թրքե­­րէնի թարգմա­­նու­­թիւնը կա­­տարեց Տո­­ղան Աք­­հանլը եւ մենք հրա­­տարա­­կեցինք 2003-ին։ 1933-ին հրեանե­­րու դէմ ատե­­լու­­թեան մէկ­­նարկման օրե­­րուն այս ան­­գամ նա­­մակ մը կը գրէ Հիթ­­լե­­­րին, ըրած­­նե­­­րուն դէմ զինք զգու­­շացնե­­լու հա­­մար։ Այդ նա­­մակի հե­­տեւան­­քը կ՚ըլ­­լայ ող­­ջա­­­կիզ­­ման ճամ­­բարնե­­րու մէջ հիւ­­րընկա­­լու­­մը։ Իր կի­­նը Մո­­լա Լան­­տաու ամու­­սի­­­նը փրկե­­լու հա­­մար կ՚ամուսնա­­լու­­ծուի ու կ՚եր­­թայ Պա­­ղէս­­տին։ 1998-ին Երե­­ւանի Ար­­դարնե­­րու պա­­տին վրայ կը տես­­նեմ Ուէկ­­նե­­­րի անու­­նը։ Վերջ ի վեր­­ջոյ ան տեղ գտաւ նաեւ Վար­­շա­­­ւայի Ար­­դարնե­­րու այ­­գիին մէջ Լեմ­­քի­­­նի հա­­րեւա­­նու­­թեամբ։ Ո՞վ գի­­տէ թե­­րեւս օր մըն ալ իր անու­­նին կը հան­­դի­­­պիմ Թուրքիոյ քա­­ղաք­­նե­­­րէն մէ­­կուն բա­­ցուած Ար­­դարնե­­րու այգիին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ