Հրանդ Տինք մրցանակատուչութիւն 2018

Հրանդ Տինքի անունով հաստատուած մրցանակները այս տարի դարձեալ Տինքի ծննդեան օրին, 15 Սեպ­տեմբե­րին յանձնո­ւեցան այս տա­րուայ դափ­նե­կիր­նե­րուն։ 10 տա­րի առաջ Հրանդ Տինք հիմ­նարկի նա­խաձեռ­նութեամբ հիմ­նո­ւած մրցա­նակ­նե­րը ամէն տա­րի կը տրո­ւին Թուրքիոյ եւ աշ­խարհի որե­ւէ երկրի մէջ գոր­ծող մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­նե­րուն։ Լիւթֆի Քըր­տար հա­մագու­մարնե­րու կեդ­րո­նին մէջ կա­յացող մրցա­նակա­բաշ­խութեան բա­ցու­մը կա­տարեց Հար­վըրտ հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս­նե­րէն մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան Տակ­լըս Ճան­սըն։ Ապա Հրանդ Տին­քի այ­րին ան­գամ մը եւս յու­զիչ ելոյթ մը ու­նե­ցաւ պար­զե­լով իր երա­զան­քը ար­դար եւ մար­դու իրա­ւունքնե­րու նկատ­մամբ յար­գանք ու­նե­ցող երկրի մը մէջ արթննա­լու հա­մար։ Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի մրցա­նակ ստա­ցող­նե­րը կը միանան դա­տակազ­մին եւ այսպէ­սով ալ այդ կազ­մը յա­րատե­ւօրէն կը զօ­րանայ նոր անուննե­րու մաս­նակցու­թեամբ։ Այս տա­րուայ դա­տակազ­մին մաս կը կազ­մէին Էրեն Քես­քին, Այ Վայ Վայ, Ալ­պի Սաքս, Այ­շէ Քա­տըօղ­լու, Էր­ճան Քե­սալ, Էօզ­լեմ Տալ­քը­րան, Ռա­նըլտ Գրի­գոր Սիւ­նի, Սար­գիս Զա­պու­նեան, Սերժ Թան­քեան, Զէյ­նեպ Սալ­պի եւ Ռա­քել Տինք։ Մրցա­նակա­բաշ­խութիւ­նը ամէն տա­րի կ՚ու­նե­նայ նաեւ երաժշտա­կան բա­ժին եւ այս տա­րի բեմ բարձրա­ցան Պոլ­սոյ «Ոմանք» խումբը, Սա­հակեան ման­կանց երգչա­խումբը եւ Փա­րիզէն ժա­մանած «Մեծ Պա­զար»։

Դա­տակազ­մը այս տա­րուայ մրցա­նակ­նե­րուն հա­մար ար­ժա­նի գտած էր լրագ­րող եւ մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան Մու­րատ Չե­լիք­քա­նը եւ Եէմե­նի մէջ մար­դու իրա­ւունքնե­րու հա­մար պայ­քա­րող «Մո­ւաթա­նա» կազ­մա­կեր­պութիւ­նը։

Ինչպէս նա­խորդ տա­րինե­րուն այս տա­րի ալ յա­տուկ բաժ­նի մը մէջ ներ­կա­յացո­ւեցան բո­լոր այն թեկ­նա­ծու­նե­րը, որոնք ներ­կա­յացուած էին դատակազմին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ