Այս շաբաթուայ կարեւորագոյն անցուդարձերէն մէկն էր Իսթանպուլի Երրորդ Օդակայանի շինութեան մէջ աշխատող բանուորներու ընդվզումը եւ այդ ընդվզումին ոստիկանական բռնի ճնշման ենթարկուիլը։ Օդակայանի շինութիւնը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր որոշ ուշադրութեան կ՚արժանանար այդտեղ տեղի ունեցած առկածներով։ Առկածներ՝ որոնք կեանքեր կը խլէին, բայց մեծ զգուշութեամբ ալ կը քօղարկուէին շինարար ընկերութեան կողմէ։ Ընկերութիւնը շատ անգամ արեան փող անուան տակ հատուցումներ կ՚ընէր զոհուած բանուորի մերձաւորներուն եւ անոնք ալ կը հրաժարէին օրինական գետնի վրայ իրաւունք պահանջելէ։ Սակայն միւս կողմէ հետզհետէ կը ծանրանային նաեւ աշխատանքի պայմանները։ Մէկ կողմէն կառավարութիւն կ՚ուզէր շուտով աւարտին բերել օդակայանի շինութիւնը, որ երկար ատենէ ի վեր որպէս քարոզչութեան գործիք կը շահագործուէր նախագահ Էրտողանի կողմէ։ Նախագահը քանիցս յայտարարած էր բացման թուականը 29 Հոկտեմբեր ըլլալով։ Ուրեմն ի գին ամէն ինչի պէտք էր շինարարութիւնը աւարտել մինչեւ այդ օր։ Սակայն աշխատողներու պայմանները օրըստօրէ կը դժուարանային եւ վերջապէս յորդեցաւ համբերութեան բաժակը եւ բանուորներ դիմեցին գործադուլի։ Իշխող կառավարութեան համար ամենաանցանկալի բառն է գործադուլը, հետեւաբար նոյն օր ոստիկաններ խուժեցին շինատեղ եւ բերման ենթարկեցին աւելի քան 400 բանուորներ։
Զարմանալի է, որ իշխանութեան հնազանդած մամուլը դոյզն իսկ չարձագանգեց այս զարգացումներուն։ Բանուորներու փոխանցած տուեալներու համաձայն մինչեւ օրս աշխատանքի ընթացքին մահացողներու թիւը հասած է 37-ի։ Բերման ենթարկուած բանուորները մաս առ մաս ազատ արձակուեցան, բայց անոնցմէ 28 ձերբակալուեցան, որպէս ապստամբութեան պարագլուխներ։
Այս մասին «Ակօս»ի հարցումներուն պատասխանող Շինարարութիւններու Արհմիութեան վարչայիններէն Թեզճան Աճու դժգոհութիւն յայտնեց գործադրուած ապահովութեան միջոցառումներու դէմ։ «Շինատեղիէն մինչեւ 10 քմ. հեռաւորութեամբ արգիլեալ տարածք հռչակուած է եւ ոչ ոք կրնայ անցնիլ այդ տարածքը։ Բանուորները դէպի գործատեղի կ՚երթան ոստիկաններու հսկողութեան տակ։ Անոնք այս պայմաններու տակ իրենց աշխատանքը կը նմանեցնեն Եգիպտական բուրգերու կառուցման»։ Աճու կ՚ըսէ թէ աշխատանքի պայմաններու բարելաւման համար բազմիցս դիմած են որոշ պատասխանատու մարմիններուն, բայց իրենց դիմումները երբեք նկատի չէ առնուած։ «12 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ առկած մը, որու հետեւանքով 17 բանուորներ վիրաւորուեցան։ Ահա այդ առկածէն ետք է, որ աշխատողները ճարահատ կերպով դիմեցին գործադուլի, որպէսզի իրենց ձայնը լսելի ըլլայ։
Այստեղ խիստ ուշագրաւ է բանուորներու ներկայացուցած պահանջներու ցանկը, քանի որ հոն տեղ գտած են շատ արդար ու կենսական պահանջներ։ Անշուշտ որ ընդվզելու յաւելեալ գործօն մը կը դառնայ կառավարութեան կողքին գործող մամուլի զրպարտութիւնները։ Երեւոյթ մը՝ որուն ականատես եղած ենք զանազան անգամներ։ Այդ տեսակի մամուլը կը դիմէ այլեւս նեխած եղանակի մը, կը փորձէ զրպարտութիւններով հալածել աշխատողները՝ պնդելով, որ անոնք դիտումնաւոր կերպով գրգռութիւններու ենթարկուած են, որպէսզի ձախողի օդակայանի շինութիւնը։