ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Խորհուրդներ, որոնք ծագեցան բանախօսութեան մը պատճառաւ

Նախորդ ուրբաթ օր Հրանդ Տինք հիմնարկի կազմակերպած բանախօսութեան ընթացքին լսելով լրագրող Ալփեր Կէօրմիւշի ելոյթը, ակամայ տարուած եմ մտածելու ութերորդ յարկին վրայ կատարուելիք վերանորոգութեան խնդրին։ Կէօրմիւշ իբրեւ լրագրող շատ աւելի ծանր կը գտնէր այն զգացումը, ըստ որու կը գրես, բայց գրածդ ոչ ոքի պէտք է։ Նման հիասթափութիւն մը կը յայտնէր նաեւ պաղեստինաբնակ իսրայէլացի լրագրող Ամիրա Հասս։ Պարզեմ, որ յստականայ, թէ ինչ ըսել կ՚ուզեմ։ Տարիներ առաջ էր, երբ ընկերներով կը խորհրդածէինք ընկերային ինչ-ինչ խնդիրներու մասին։ Ընկերներէս մէկը մեղադրեց մեր հոգերը, այդ բոլորը նմանեցնելով ութերորդ յարկի վերանորոգութեան։ «Ես ձեզ շէնքի հիմքին մասին կը զգուշացնեմ։ Ցոյց կու տամ, թէ շէնքը խարխլած է հիմքէն։ Մեծ վտանգի հետ դէմ առ դէմ է, իսկ դուք մէկ կողմ դրեր էք հիմքի այդ վտանգը եւ կ՚աշխատիք ութերորդ յարկի վրայ նորոգութիւն ընելու»։ Խոստովանիմ որ այդ տարիներուն մեր մտքերուն մէջ հարցումները շատ աւելի մեծ տեղ կը զբաղեցնէին, քան պատասխանները։ Չէինք կրնար առանց լաւ մը ուսումնասիրելու անտեսել մեր ընկերոջ դիտողութիւնը։ Բայց շուտով եկանք եզրակացութեան։ Ան կը խօսէր թերահաւատի մը մտայնութեամբ։ Մէկը, որ տրամադիր չէր մատը իսկ շարժելու, բայց այդ կեցուածքին համար պէտք էր արդարացնող պատճառաբանութիւններ ներկայացնել։

Կը յիշեմ ուրիշ պատմութիւն մը։ Մարդը կանգնած է ովկիանոսի եզրին եւ ծովի ջուրերուն քաշուելէն ետք, կը փորձէ ծովափը արեւու ճառագայթներուն դիմաց անպաշտպան մնացած ծովաստղերը ետ ջուր նետել։ Թերահաւատ մը ծիծաղելով կը մօտենայ ու կ՚ըսէ թէ այդ ինչ անիմաստ բանով կը զբաղի, քանի որ չի կրնար բոլոր ծովաստղերը ետ նետել մինչեւ որ ջուրերը վերադառնան։ «Ապարդիւն է։ Բան մը չես կրնար փոխել»։ Մարդը, որ ձեռքին ունէր ծովաստղ մը, որ պիտի շպրտէր դէպի ծով, այդ ձեռքինը ցոյց տալով կը պատասխանէ. «Ասոր համար բան մը պիտի փոխուի»։ Եւ աշխարհի երեսին բնաւ քիչ չեն այն մարդիկ, որոնք ամբողջ կեանք մը կը նուիրաբերեն այդ մէկ ծովաստղին փրկութեան համար։ Ուզողը յիմարութիւն թող ըսէ, ուզողը անիմաստ բայց պարտինք գիտնալ, թէ քաղաքակրթութիւն կոչուածը ահա այդ անիմաստին ձգտելով է, որ կը կերտուի։ Մնացեալը ընդամէնը շունչ մըն է, կամ հոգերու հաւաքածոյ մը, որ քաշ պիտի տանք մեզի համար սահմանուած ժամանակի տեւողութեամբ։ Ճիշդ ալ այս պահուն հիասթափութիւնն էր Ալփեր Կէօրմիւշի մատնանշածը։ Կան պահեր, ուր մարդ իսկապէս կրնայ ճարահատ զգալ, բայց ուրիշ ի՞նչ, եթէ ոչ պայքարիլ այն բանին համար, որ վերջ ի վերջոյ գէթ մէկ ծովաստղի փրկութիւն պիտի դառնայ։ Դիտեցէք ձեր շուրջ բոլորը եւ պիտի տեսնէք որ կարծուածին չափ քիչ ալ չէ ծովաստղերու փրկութեան համար տառապողները։ Նոյնիսկ պատկերացնենք, որ ոմանք ճիշդ ալ ծովաստղի մը փրկութեան համար իրենք երթան ջուրին յատակը։ Իրենց կեանքով հատուցեն այդ առաքելութիւնը։ Նոյնիսկ այդ դէպքին բնաւ դիւրին չէ կատարուածը յիմարութիւն կամ անխոհեմութիւն համարել։ Անգամ մը եւս կ՚արժէ յիշել, սա աշխարհը շալակած տանողներու եւ աշխարհի շալակը ելլողներու պատմութիւնն է։