Եկան ու թարմացուցին

Անու­րա­նալի իրո­ղու­թիւն է բա­րի գոր­ծը, բա­րի հե­տեւանք կը ծնի։ Այս հա­մոզու­մին ապա­ցոյ­ցը ապ­րե­ցանք «Ակօս»ի խմբագ­րա­տան մէջ վա­յելե­լով խումբ մը երի­տասարդնե­րու այ­ցե­լու­թիւնը։ Կա­րելի է խոր­հիլ թէ «Ակօս»ի խմբագ­րութիւն կա­տարո­ւած այ­ցե­լու­թիւննե­րը ար­դէն ու­րա­խու­թեան առիթ­ներ են մեզ՝ թեր­թի անձնա­կազ­մին հա­մար եւ այս ան­գամ ի՞նչ կար, որ ու­րա­խու­թիւնը կրկնա­պատ­կո­ւեցաւ։

Նախ ծա­նօթաց­նենք մեր սի­րելի հիւ­րե­րը՝ Պո­լիսէն Նա­րօտ եւ Գրի­գոր Տա­պանեան, Տա­րօն Էր­քոլ, Պէյ­րութէն Ասա­տուր Պաս­մա­ճեան, Մար­սէյլէն Ազատ Էօր­տե­քեան եւ Աթէն­քէն Գէորգ Լա­զարեան։ Այդ երի­տասարդնե­րու մէկ­տեղման առի­թը Գա­լուստ Կիւլպեն­կեան հիմ­նադրա­մի հայ­կա­կան բաժ­նի մեկ­նարկած «Զար­մա­նազան» նա­խագիծն է։ Երի­տասարդնե­րը այդ աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պու­մով ճանչցած են զի­րար եւ ապա որո­շած են իրա­րու քա­ղաք­ներ այ­ցե­լելով ընդլայ­նել իրենց պատ­կե­րացումնե­րը։ Շատ հա­ւանա­կան է, որ նա­խագի­ծի կազ­մա­կեր­պիչներն ալ նման ակնկա­լու­թիւն մը չու­նե­նային, երբ կը ծրագ­րէին այս աշ­խա­տանո­ցը։ Բայց ինչպէս ըսինք գրու­թեան մուտքին բա­րիքէ բա­րիք կը ծնի, ակնկա­լեալ կամ անակնկալ։ Ար­դա­րեւ մեր առա­ջին տպա­ւորու­թիւնով ալ հա­մոզո­ւած ենք, թէ սա շատ հա­ճելի անակնկալ մըն է իրենց հա­մար, քա­նի որ բո­լորն ալ ու­րախ կ՚երե­ւին իրա­րու հետ ըլ­լա­լէ։ Անոնք այս հան­դիպման օրե­րուն ծա­նօթա­ցան Պոլ­սոյ, թէ պատ­մամշա­կու­թա­յին հարստու­թեան եւ թէ քա­ղաքի հայ­կա­կան դի­մագ­ծին։ Իրենց հա­մար գիւտ մըն էր այս բո­լորը եւ բո­լորն ալ ու­րախ կ՚երե­ւէին այդ գիւ­տի բեր­մամբ։ Մենք ու­նե­ցանք հա­ճելի զրոյց, բայց աւե­լի կա­րեւո­րը մեր մօտ վե­րահաս­տա­տուե­ցաւ երի­տասարդ սե­րունդի նկատ­մամբ հա­ւատ­քը եւ յոյ­սը։ Վեր­ջա­պէս երի­տասարդնե­րը հրա­ժեշտ առին, բայց այս պա­հուն իրենք ալ չեն կրնար գիտ­նալ թէ իրենց մտեր­մութիւ­նը ինչպի­սի ներուժ մը եղած է մեզ յոգնածներուս համար։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ