«Սասունցիներու պարը» Մաժակ Թօշիկեանի յօրինումով

24Սեպ­­տեմբեր եր­­կուշաբ­­թի երե­­կոյ Երե­­ւան Գաբ­­րիէլ Սունդու­­կեանի անո­­ւան Ազ­­գա­­­յին Ակա­­դեմիական թատ­­րո­­­նի դահ­­լի­­­ճին մէջ առա­­ջին ներ­­կա­­­յացու­­մը կը կա­­յանայ Մա­­ժակ Թօ­­շիկեանի յօ­­րինու­­մով, Գէորգ Էմի­­նի հան­­րա­­­ծանօթ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան՝ «Սա­­սունցի­­ներու պար»ին։ Մի­­ջոցա­­ռու­­մը նո­­ւիրո­­ւած է Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան ան­­կա­­­խու­­թեան օրո­­ւան։

Մա­­ժակ Թօ­­շիկեանի յօ­­րինու­­մը կը բե­­մադ­­րո­­­ւի Գրի­­գոր Խա­­չատ­­րեանի կող­­մէ, ուր կը ներ­­կա­­­յացո­­ւին Ար­­ման Չուլհա­­կեանի եւ Արա Ասատ­­րեանի պա­­րային յօ­­րինումնե­­րը։

Գէորգ Էմի­­նի բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու մէջ ժո­­ղովուրդի կող­­մէ ամե­­նաիւ­­րա­­­ցուած օրի­­նակ­­նե­­­րէն մէկն է «Սա­­սունցի­­ներու պար»ը, որ ազ­­գա­­­յին ու հայ­­րե­­­նասի­­րական իր ոգիով միշտ մնա­­ցած է թարմ ու այժմէական։ Իսկ Մա­­ժակ Թօ­­շիկեան լռու­­թեան եր­­կար շրջա­­նէ մը ետք վե­­րադար­­ձած է երաժշտա­­կան ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րուն, մեր եր­­գա­­­ցան­­կին բե­­րելով կո­­թողա­­յին յօ­­րինումներ։ Տա­­կաւին յի­­շողու­­թիւննե­­րու մէջ թարմ է անո­­ւանի եր­­գա­­­հանի Հրանդ Տին­­քին ձօ­­նած օրա­­թորիայի տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը։ Նշենք որ բե­­մադ­­րութիւ­­նը պի­­տի կրկնո­­ւի 13 Հոկ­տեմբե­րին Կիւմրիի մէջ։ Մե­զի կը մնայ յու­սալ, թէ այս բա­ցառիկ բե­մադ­րութիւ­նը իր կրկնու­թիւնը կ՚ու­նե­նայ նաեւ Պոլսոյ մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ