Միջազգային Հրանդ Տինք հիմնարկի կազմակերպած մրցանակատուուչութեան նախօրէին Իսթանպուլ, Լիւթֆի Քըրտար համագումարներու կեդրոնին մէջ կայացաւ «Անցեալին նայիլ, ապագան ծրագրել» խորագրեալ բանախօսութիւն մը։ Նախորդ տարիներու դափնեկիրները եւ դատակազմի անդամները մէկտեղող բանախօսութեան ընթացքին քննարկուեցան մարդու իրաւունքներու, արդարութեան եւ ազատութեան վերաբերող խնդիրներ։
Հիմնարկի վարչութեան անդամներէն Սիպել Ասնա բանախօսութիւնը ներկայացնելու պահուն բացի օրուայ յայտագիրը եւ մասնակիցները ծանօթացնելէ, անդրադարձաւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանման գործին մէջ զօրակցութեան կարեւորութեան։ Բանախօսութեան բացման ճառը արտասանեց Հարւըրտ համալսարանի դասախօս եւ հանրածանօթ իրաւապաշտպան Քեթրին Սիքքինկ։ Ան մերժեց մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ յառաջընթացի բացակայութեան պնդումները։ Նշեց թէ համաշխարհային առումով կ՚ուժեղանան բռնակալ եւ ամբոխավար իշխանութիւնները եւ կը հնարեն արդարութիւնը եւ ազատութիւնները ճնշելու նոր եղանակներ։ «Ուստի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ալ պարտաւոր է պայքարի նոր եղանակներ գտնելու» ըսաւ Սիքքինկ։
Ուժ ունենալը ուրիշ բան է,
արդար ըլլալը ուրիշ
2014-2015 տարիներուն Հրանդ Տինք մրցանակի դատակազմին մաս կազմող, մարդու Իրաւունքներու հետապնդման կեդրոնի գործադիր վարիչ Քենըթ Ռոթհի ժողովավարութեամբ կայացող «Ի դէմ բոլոր դժուարութիւններու, արդարութեան որոնումը» խորագրեալ նիստին ատենախօսներն էին 2012-ի դափնեկիր ընկերաբան Իսմաիլ Պեշիքճի եւ 2014-ի դափնեկիր արդարադատական բժիշկ Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը։ Պեշիքճիի համաձայն Թուրքիոյ քաղաքականութեան բնորոշիչ տարրը պետութեան պաշտօնական գաղափարախօսութիւնն է։ Ան իր կեանքէն ալ օրինակներ թուելով պատմեց թէ պաշտօնական գաղափարախօսութիւնը ինչպէս կ՚օգտուի անպատժելիութեան առիթներէն։ Պեշիքճի յատկապէս ընդգծեց «Ահաբեկչութիւն» եզրի պետութեան կողմէ շահագործման երեւոյթները։ «Եթէ դատախազին կարծիքները չէք բաժներ, կ՚ենթարկուիք ծանր պատիժներու։ «Մեզ լռելու դատապարտողները ուժով են բայց երբեք իրաւացի չեն»։ Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը եւս ծանօթացուց մարդու իրաւունքները ոտնակոխող պետական պաշտօնեաներու վայելած անպատժելիութիւնը։ «Շատ քիչ են մարդկանց տանջելու մեղադրանքով դատուած ոստիկաններու թիւը։ Իսկ 26,280 անձեր հարցաքննուած են անվտանգութեան ուժերուն դիմադրելու մեղադրանքով» ըսաւ Ֆինճանճը։
Ոմանց շահը կը գերազանցէ ամէն ինչ
Հրանդ Տինք հիմնարկի վարչութեան անդամ Պեքիր Աղըրտըրի ժողովավարութեամբ ընթացող «Բեւեռացուած աշխարհի վրայ լրագրողութիւնը եւ տեղեկութեան դերակատարութիւնը» խորագրեալ երկրորդ նիստին ատենախօսներն էին լրագրողներ՝ Ահմետ Ալթան, Ալփեր Կէօրմիւշ եւ Ամիրա Հասս։ Հրանդ Տինք մրցանակի 2011-ի դափնեկիր Ահմետ Ալթան կալանաւորուած ըլլալուն, Սիլիվրիի արգելանոցէն ղրկած զեկոյցը ընթերցուեցաւ Էմինէ Քոլիվարի կողմէ։ 2009-ի մրցանակի դափնեկիրներ Ալփեր Կէօրմիւշ եւ պաղեստինաբնակ իսրայէլացի լրագրող Ամիրա Հասս եւս փոխանցեցին իրենց անձնական դժուարութիւններէն օրինակներ։ «Առաջին տարիներուն կը կարծէ թէ տարածաշրջանէն գրած լրատուութիւնս մեծ արձագանգ պիտի ունենայ։ Սակայն շուտով տեսայ, թէ այդպէս չէ։ Եթէ ուրիշներ որոշ շահեր ունին, մնացած նիւթերը բնաւ կարեւոր չէ իրենց համարէ ըսաւ Հասս։ Ալփեր Կէօրմիւշ շեշտեց բեւեռացուած հասարակութեան մը մէջ լրագրողութեան դժուարութիւնը։ «Եթէ հասարակութիւնը լսեր չուզէր ձեր փոխանցած տեղեկութիւնը, չհետաքրքրուիր ձեր յայտնաբերածներով, այս մէկը աւելի ծանր է, քան բռնակալ իշխանութեան մը պայմաններուն մէջ լրագողութիւն ընելը»։ Կէօրմիւշ ապա աւելցուց՝. «Թուրքիոյ մէջ երկուքն ալ կայ»։
Մերժեցինք թշնամու բարոյական արժէքները
2018-19 տարիներուն դատակազմի անդամ դերասան, բեմադրիչ եւ գրող Էրճան Քեսերի ժողովավարութեամբ «Հասարակական յիշողութիւն, իրողութեան որոնում եւ կամք» խորագրեալ նիստի մասնակիցներն էին 2012-ի մրցանակակիր «Մեմորիըլ» խումբը, 2013-ի դափնեկիր «Շաբաթօրեայ մայրեր»ը եւ 2018-19 տարիներուն դատակազմի անդամ Ալպի Սաքս։ Ռուսիոյ դաշնութեան եւ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու մօտ մարդու իրաւունքներու, պատմութեան եւ կրթութեան նիւթերով աշխատող հաստատութիւն մըն է «Մեմորիըլ» խումբը, որ կը ներկայանար Պորիս Պելենքինի միջոցաւ։ Պելենքին իր ելոյթին մէջ նիւթ առաւ Ռուսաստանի մէջ ժողովրդավարութեան խնդիրները։ Ան ներկայ իրավիճակը բնութագրեց հետեւեալ օրինակով. «1968-ին Կարմիր հրապարակ ելլող ութը անձեր մէկ վայրկեան յետոյ բերման ենթարկուած էին, 50 տարի անց նոյն հրապարակ ելլողները կէս վայրկեան անց»։ Շաբաթօրեայ մայրերու անունով ելոյթ ունեցող Իքպալ Էրեն պատմեց թէ իրենց արդարութեան պահանջով սկսած բողոքի ցոյցին մէջ սերնդափոխութիւն կ՚ապրին եւ հիմա արդէն սկսած է թոռներու շրջանը։ «Եթէ մենք արդարութիւն չպահանջէինք, թոռները պիտի չպահանջէին իրենց մեծ հօր իրաւունքները։ Պետութիւնը կ՚աշխատի մոռացութիւն ապահովելու համար։ Իսկ մենք կը պայքարինք մոռացութեան դէմ»։ Ալպի Սաքս Հարաւային Ափրիկէի մէջ ցեղային խտրականութեան դէմ պայքարող դատախազ մըն է։ Ան իր աջ թեւը կորսնցուցած էր ցեղապաշտ իշխանութեան յարձակումներէն մէկուն։ «Վրէժը միայն ազատութիւնով կ՚ապահովուի։ Մենք չենք իւրացուցած թշնամու բարոյական արժէքները։ Անցեալին Մանտելայի բանտարկուած արգելանոցը այսօր սահմանադրական դատարանի շէնքի վերածուած է։ Մանտելայ եւ ընկերները այդտեղ բանտարկուած ըլլալու շնորհիւ մենք այսօր սահմանադրութիւն մը ունինք»։
Այս օրը ընկալելու համար պէտք է հասկնանք 1915-ը
2009-2015 թուականներու միջեւ մրցանակի յանձնախումբի ատենապետութիւնը վարած լրագրող Ալի Պայրամօղլուի ժողովրդավարութեամբ կայացող նիստին խորագիրն էր Մարդու իրաւունքները, Ազատութեան եւ հաւասարութեան պաշտպանութիւնը։ Այս նիստին ելոյթ ունեցան 2010- դափնեկիր Խիղճով մերժելու շարժումը, 2015-ի դափնեկիր Քաօս ԿԼ, 2016-ի դափնեկիր Թերեզա Քաչինտամոթօ եւ 2017-ի դափնեկիր Էրեն Քեսկին։ Խիղճով մերժողներու շարժումէն Տաւութ Էրքան յայտնեց, թէ խիղճով մերժելու իրաւունքը իրականութեան մէջ մարդու իրաւունքներու մաս կազմող հասկացողութիւն մըն է եւ արդար իրաւունք մը։ Ան յիշեցուց, որ 2000-ական տարիներուն ԵՄԻԱ-ի շնորհիւ որոշ մեղմացումներ արձանագրուած էին, բայց վերջին տարիներուն քամին հակառակ ուղղութեամբ փչել սկսած է։ Քաօս ԿԼ-ի անունով ելոյթ ունեցող Ալի Էրօլ ալ ԼԿՊԹ-ի անհատներուն օրէնքներու առջեւ որեւէ իրաւունքին տէր չըլլալուն մասին խօսեցաւ։ Քաչինտամոթօ պատմեց, թէ Մալաւիի մէջ ինչպէս յաջողած են աւելի քան երեք հազար աղջիկներու կանխահաս եւ իրենց կամքէն դուրս ամուսնութեան արգելք ըլլալ։ Իրենց կազմակերպութիւնը յաջողած է այդ անչափահաս երախաներու դպրոց վերադարձը ապահովել։ Իրաւաբան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Էրեն Քեսքին իր ելոյթը եզրակացուց. «Առանց 1915-ը ընկալելու կարելի չէ այսօրը հասկնալ ու մեկնաբանել» ըսելով։ Քեսքինի համաձայն պետութեան 1990-ական տարեթիւերուն ընել ուզածները այսօր կը գործադրուին Ռեճեփ Թայյիփ Էրտողանի ձեռամբ։
Որպէս նուէր Հարաւային
Ափրիկէի սահմանադրութիւնը
Հրանդ Տինք հիմնարկի վարչութեան անդամ Այշէ Սոյսալի ժողովավարութեամբ կայացաւ բանախօսութեան փակման նիստը, որ կը կրէր՝ «Ծրագրել մարդու իրաւունքներու ապագան» խորագիրը։ Այս նիստին ելոյթ ունեցան Քէնըթ Ռոթ, Ալպի Սաքս, Քեթրին Սիքքինկ եւ 1970-ական թուականներէն այս կողմ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրով զբաղող «Նիւ Թաքտիքս» շարժումի հիմնադիրներէն Տակլս Ճանսն։ Այս նիստի ելոյթներուն աւարտին Սաքս Հարաւ Ափիկէի սահմանադրութեան մէկ օրինակը նուիրեց Տիկին Ռաքել Տինքին։