Տասը տարիէ ի վեր լուսատուներ կ՚անուանուին բոլոր անոնք, որոնք իրենց յատկութիւններով կը ներկայացուին, որպէս Հրանդ Տինք մրցանակի թեկնածու եւ ամէն տարի դատակազմը այդ առաջարկուածներէն միայն մէկը կ՚ընտրէ, իբրեւ տուեալ տարուայ դափնեկիրը։ Իսկ հիմնարկը մրցանակատուուչութեան պահուն կը նշէ այդ անունները։ Այս տարի տրուած ըլլալով թէ մրցանակաբաշխութեան տասնամեակն է, յիշուեցան նախորդ տարիներու բոլոր թեկնածուները։ Այսպէս օծանելիքներ արտադրող «Ֆլորմար»ի աշխատողները գնահատուեցան իրենց դիմադրական ջանքերով, քանի որ աննկուն մնացած էին ամէն տեսակ ճնշումի դիմաց։
Միացեալ նահանգներէ ներս անհատներու զէնք կրելու ազատութեան դէմ բողոքի շարժում մեկնարկող պատանիները «Երթ մեր կեանքին համար» կարգախօսով յաջողեցան հասարակութեան ուշադրութիւնը ուղղել այս խիստ կարեւոր ու էական խնդրին։
Ինտոնեզիոյ մէջ տոքթ. Կամալ Ալպինսայիտի կազմակերպած արշաւը, թէ նպաստեց քաղաքի մաքրութեան եւ թէ առողջական ապահովագրութիւն դարձաւ բազմաթիւ աղքատներու համար։
Պոլսոյ մէջ երկսեռ ֆուտպոլի թիմի մը գաղափարը յաջողեցաւ մարմնամարզութեան մէջ սեռային խտրականութիւն բերող հասկացողութեան դիմաց եւ գոյացաւ լիկա մը, ուր տղամարդիկ եւ կանայք միասնաբար կը խաղան աշխարհի վրայ ամենամեծ ժողովրդավարութիւն վայելող խաղը։
Մեքսիքայի Լա Փաթրոնա գաւառին մէջ խումբ մը կիներ սննդամթերք կը հայթայթեն բոլոր այն գաղթականներուն, որոնք կը փութան Միացեալ նահանգներու սահմանը, Ամերիկայի մէջ աւելի լաւ պայմաններով աշխատանք գտնելու։ Այս կարգադրութեան նպատակն է օժանդակել գաղթականներուն։
Պարսկաստանի մէջ մահմետական կառավարութիւնը պարտադիր դարձուցած է կիներուն լաջակով ծածկուիլը։ Այդ պարտադրանքին դէմ Վիտա Մոհամետի մեկնարկած ապստամբութիւնը լաջակները մէկդի շպրտելով նկարուիլ եւ այդ նկարներն ալ ընկերական ցանցերու մէջ տարածելով կը ձեւաւորուի։
Քոճաէլիի զօրակցութեան ակադեմիան։ Կառավարութեան անընդունելի որոշումներով գործազուրկ դարձած ակադեմականներ կամաւոր դասընթացքներ կը կատարեն Քոճաէլի քաղաքին մէջ, ապացուցելով թէ ուսուցչի առաքելութիւնը չի կրնար սահմանուած մնալ իշխանութիւններու այս կամ այն որոշումի բերումով։
Քենիաի մէջ Մանտուրու տոհմախումբի անդամները բռնաբարման հետեւանքով ընկերութենէ մերժուած կիներու համար կեանքի կը կոչեն յատուկ գիւղ մը, ուր չի գործեր նահապետական փառքերը։
Իսրայէլի մէջ արաբերէնին երկրին երկրորդ պաշտօնական լեզուն ըլլալուն դէմ ընդունուած արգելքը կը մերժուի բազմաթիւ հրեաներու կողմէ, որոնք իբերւ դիմադրութիւն կը յաճախեն արաբերէնի դասընթացքներուն։
Իճլալ Ն. Կը պաշտօնավարէ Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, ուր իր պաշտօնավարած հինգ ամիսներու ընթացքին շուրջ 250 անչափահասներ ծննդաբերած են եւ այդ ծննդաբերութիւնները չեն գրանցուած որեւէ կերպ։ Իճլալ Ն.-ի հրապարակումէն ետք ան երկու անգամ կորսնցուց իր աշխատանքը, բայց յամառեցաւ իր պայքարին մէջ։ Միացեալ նահանգներուն մէջ գաղթականներու զաւակները իրենց ընտանիքներէն բաժնելու համար գործադրուած կարգադրութիւնը հանդիպեցաւ շատ լուրջ դիմադրութեան, որմէ ետք Թրամբի կառավարութիւնը ստիպուեցաւ իր որոշումը վերատեսութեան մատնելու։
Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան դէմ բողոքի շարժումը կարճ ժամանակի ընթացքին ծաւալեցաւ եւ ստացաւ համազգային բնոյթ։ Բողոքի ցոյցերու աւարտին գործող կառավարութիւնը հարկադրուեցաւ հրաժարելու եւ ժողովուրդի կամքով տեղի ունեցած այս իշխանափոխութիւնը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց նման խնդիրներ ունեցող զանազան երկիրներու մէջ։
Սուրիոյ մէջ բժշկուհի Ամանի Պալուր քաղաքացիական պատերազմէն ծանրապէս տուժած Հիւսիսային Կութայի մէջ գերմարդկային ջանքերով բուժում եւ բժշկական օգնութիւն կը մատակարարէ տեղացի ժողովուրդին։
Շուետացի Էլին Էրսըն այս տարուայ 24 Յուլիսին Կէօթենպուրկի օդակայանին մէջ աֆղանիստանցի գաղթականի մը երկրէն վտարման արգելք ըլլալու համար խափանեց ինքնաթիռի թռիչքը։ Այստեղ ուշագրաւ էր այն երեւոյթը, ուր ինքնաթիռի ճամբորդներն ալ աջակցութիւն բերին 21 ամեայ շուետացիի այս առարկութեան։
Տաունի սենտրոմը բժշկագիտութեան մէջ կը յիշուի այդ հիւանդութիւնը առաջին բնութագրող բժիշկին անունով։ Սակայն անունը իր մէջ կը պահէ նաեւ ցածր, ստորին իմաստը, որ կրնայ շատ վիրաւորական թուիլ այդ հիւանդութենէ տառապողներուն համար։ Ճիշդ ալ այս խորի տպաւորութիւնը չէզոքացնելու միտումով առաջարկուեցաւ հիւանդութիւնը կոչել ճիշդ հակառակ տպաւորութիւն յառաջացնող «ափ» այսինքն վերեւ բառով։
Եգիպտոսի մէջ բնապահպանման միութիւն մը գործարաններու, թափածոներու վերամշակումով նիւթական արժէք կ՚ապահովէ անգործունակ կանանց համար։
Խաղաղութիւնը, հաւասարութիւնը եւ արդարութիւնը կեանքի նպատակին վերածած հասարակական գործիչ Օսման Քաւալա անհիմն մեղադրանքներով բանտարկուած է եւ այդ բանտարկութենէն 301 օր անց դատախազները տակաւին չեն յաջողած իրեն դէմ ամբաստանագիր մը շարադրելու։