ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԱԹՈՌ

Պոլ­­­սոյ հա­­­յաբ­­­նակ Բան­­­կալթի թա­­­ղամա­­­սի եօթ­­­յարկա­­­նի շէն­­­քի նկու­­­ղին մէջ բնա­­­կող ըն­­­տա­­­­­­­նիքի զա­­­ւակին հա­­­մար, բազ­­­մա­­­­­­­թիւ հիւ­­­րե­­­­­­­րու ժա­­­մանու­­­մին ստեղ­­­ծած դժո­­­ւարու­­­թիւնն է՝ «աթոռ իջեց­­­նել»։ Այո, վե­­­րի դրա­­­ցինե­­­րէն աթոռ խնդրել ու զա­­­նոնք, ըստ իրենց ծան­­­րութեան, մէկ-մէկ կամ եր­­­կու-եր­­­կու տուն բե­­­րել- նախ երկրորդ, ապա եր­­­րորդ յար­­­կէն։ Ու երբ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն հիւ­­­րե­­­­­­­րը դու­­­ռը զար­­­նել՝ չոր­­­րորդ, վե­­­ցերորդ եւ եօթ­­­նե­­­­­­­րորդ յար­­­կէն իջեց­­­նել այդ «չոր­­­քո­­­­­­­տանին»։ (Հին­­­գե­­­­­­­րորդ յար­­­կը՝ ո՛չ։ Պա­­­րոն Գե­­­ղամը յա­­­ճախ ճամ­­­բորդած կ՚ըլ­­­լայ)։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, նե­­­րեցէք, որ վեր­­­ջին նա­­­խադա­­­սու­­­թիւնը վեր­­­ջա­­­­­­­ցաւ կոշտ ածա­­­կանով մը, նկա­­­տի առ­­­նե­­­­­­­լով անոր փո­­­խաբե­­­րական իմաս­­­տը։ Սա­­­կայն, քիչ վերջ դուք կը տես­­­նէք, թէ այդ որա­­­կաւո­­­րու­­­մը կը պատ­­­կա­­­­­­­նի պատ­­­կա­­­­­­­ռելի բա­­­նաս­­­տեղծի մը, ո՛չ թէ այս յօ­­­դուա­­­ծի գրի­­­չին։

Առա­­­ջին հիւ­­­րե­­­­­­­րը եկան։ Տղան կը բարձրա­­­նայ Տի­­­կին Արու­­­սեակին։ Աթո­­­ռի ան­­­մի­­­­­­­ջական պէտք չու­­­նի ան։ Այ­­­րի է ու աղջնա­­­կը ար­­­տա­­­­­­­գաղ­­­թած է։ Եր­­­կու աթոռ կ՚իջ­­­նէ, առանց պա­­­տերուն քսո­­­ւելու։

Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, թող աթոռ­­­նե­­­­­­­րը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն տե­­­ղաշար­­­ժիլ՝ մենք տես­­­նենք, թէ ի՚նչ ելե­­­ւէջ­­­ներ ու­­­նե­­­­­­­ցեր է «աթոռ» բա­­­ռը։

Պարզ ակ­­­նարկ մը կը բա­­­ւէ նկա­­­տելու հա­­­մար, թէ ան մեր­­­ժած է չորս ոտ­­­քի վրայ գա­­­մուած փայ­­­տի կտոր մնալ։ Փա՞ստը։ Իմաս­­­տի զար­­­գա­­­­­­­ցումներն են։ Ինչ որ հա­­­սարակ նստա­­­րան էր նա­­­խապէս, օր մը կռնակ ապա­­­հովեց ու դար­­­ձաւ «թիկ­­­նա­­­­­­­թոռ»։ Պա­­­տուա­­­բեր նո­­­ւաճում մը իս­­­կա­­­­­­­կան։ Իսկ, երբ ու­­­ռե­­­­­­­ցան անոր թե­­­ւերը, ծնունդ առաւ աւե­­­լի փա­­­ռաւո­­­րը՝ «բազ­­­կա­­­­­­­թոռ»։ Եր­­­կար ժա­­­մանակ չտե­­­ւեց, որ վեր­­­ջիննե­­­րու մէջ բազ­­­մածնե­­­րը տես­­­նեն փո­­­խաբե­­­րական իմաստներ- պաշ­­­տօն եւ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւն։ Իսկ, երբ քրիս­­­տո­­­­­­­նէու­­­թիւնը եկաւ Հայ­­­կա­­­­­­­կան լեռ­­­նաշխարհ, «աթոռ» բա­­­ռը (ինչպէս գա­­­ւազա­­­նը) անակնկալ վե­­­րելք ու­­­նե­­­­­­­ցաւ- սկսաւ նշա­­­նակել եպիս­­­կո­­­­­­­պոսա­­­կան իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւն եւ եպիս­­­կո­­­­­­­պոսա­­­կան աթո­­­ռանիստ։ Կը տես­­­նէ՞ք, ան ար­­­դէն դար­­­ձեր է բազ­­­մա­­­­­­­նիստ բառ՝ իր բազ­­­մա­­­­­­­պիսի բա­­­ռակա­­­պակ­­­ցութիւննե­­­րով։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, մեր գո­­­յական­­­նե­­­­­­­րը արա­­­կան, իգա­­­կան ձե­­­ւեր չու­­­նին։ Բայց բա­­­ռը, որ­­­պէս ազ­­­գա­­­­­­­յին հիմ­­­նա­­­­­­­կան հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւն, դար­­­ձաւ «Մայր աթոռ»։ Սա­­­կայն, ան տեղ-տեղ յի­­­շեց իր հա­­­մեստ ան­­­ցեալը։ Մշոյ մէջ գու­­­թա­­­­­­­նի չոր­­­րորդ լուծն էր, ինչպէս նաեւ արօ­­­րի զա­­­նազան մա­­­սերը միաց­­­նող սե­­­պերը։ Ուստի, կ՚ըսենք. «Աթոռ­­­նե­­­­­­­րը կը ճռճռան»։ Վա­­­նեցին, կար­­­նե­­­­­­­ցին, մշե­­­ցին, պոլ­­­սե­­­­­­­ցին ու­­­նե­­­­­­­ցեր են բա­­­ռի, այժմ հնա­­­ձեւու­­­թիւն դար­­­ձած մէկ գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թիւնը- կարգ մը կրօ­­­նական տօ­­­ներու նա­­­խոր­­­դող շա­­­բաթը։ Պերճ Պռո­­­շեանը գրած է. «Աս­­­տո­­­­­­­ւածած­­­նի աթոռ Կի­­­րակի օրն էր, որ հա­­­ւող­­­նե­­­­­­­րը (խա­­­ղող) լաւ հա­­­սել էին»։ Իսկ շա­­­տախ­­­ցի­­­­­­­ներու հա­­­մար «աթոռ» էր այն փոք­­­րիկ սե­­­ղանը, զոր թո­­­նիրի վրայ կը դնէին։

Զան­­­գա­­­­­­­կը կը հնչէ։ Զար­­­միկներն են։ Քա­­­ռան­­­դամ ըն­­­տա­­­­­­­նիք։ Քա­­­ռասունչորս աս­­­տի­­­­­­­ճան վեր.

- Տի­­­կին Լու­­­սիա՛, մա­­­մաս աթոռ ու­­­զեց։

Չենք գի­­­տեր, թէ ո՛վ շի­­­նեց առա­­­ջին աթո­­­ռը եւ ո՛վ նստե­­­ցաւ անոր վրայ։ Ցարդ յայտնի չէ նաեւ «աթոռ»ին ար­­­մա­­­­­­­տը։ (Ի՛նչ լաւ կ՚ըլ­­­լար, որ ստու­­­գա­­­­­­­բան մը ապա­­­ցու­­­ցա­­­­­­­նէր, թէ բա­­­ռը բնիկ հայ­­­կա­­­­­­­կան է ու մենք նստած ենք ո՛չ ու­­­րի­­­­­­­շի, այլ՝ մեր «աթո­­­ռի» վրայ։) Բա­­­ռը ան­­­կասկած շատ հին է։ Լե­­­զուա­­­բան­­­ներ զայն կը հա­­­մեմա­­­տեն նմա­­­նաձայն օտար բա­­­ռերու հետ։ Առա­­­ջինը եւ ամե­­­նամօ­­­տիկը յոյ­­­նե­­­­­­­րու «թրո­­­նոս» բառն է- գահ, իսկ երկրոր­­­դը՝ ասո­­­րերէն «աթար»ը- վայր, տեղ։ Հա­­­կառակ այդ անո­­­րոշու­­­թիւննե­­­րու, սի­­­րած ենք ճօ­­­ճաթո­­­ռի մը վրայ բազ­­­միլ ու նո­­­րաբա­­­նու­­­թիւններ յղա­­­նալ։ Հին­­­գե­­­­­­­րորդ դա­­­րուն ու­­­նե­­­­­­­ցեր ենք «նստե­­­ցու­­­ցա­­­­­­­նել յա­­­թոռ» գահ բարձրաց­­­նել, «ելա­­­նել յա­­­թոռոյ» կանգնիլ, «աթոռս ար­­­կա­­­­­­­նել» աթոռ կամ՝ տեղ տալ, ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը։ Ու­­­նինք նաեւ աւե­­­լի ժա­­­մանա­­­կակից, քա­­­ղաքա­­­կան բնոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցող­­­նե­­­­­­­րը. «մե­­­ղադ­­­րեալի աթոռ» եւ «փա­­­փուկ աթոռ»։ Երկրոր­­­դը աւե­­­լի հան­­­գիստ է- առանց ջան­­­քի տիտ­­­ղոս եւ եկա­­­մուտ կ՚ապա­­­հովէ։ Սե­­­բաս­­­տե­­­­­­­ցինե­­­րը եթէ տես­­­նէին, թէ մէ­­­կը չա­­­փէն դուրս կը հպար­­­տա­­­­­­­նայ ու կը գո­­­ռոզա­­­նայ՝ «աթո­­­ռը ամ­­­պե­­­­­­­րը կը դնէ» ըսեր են։ Իսկ Սա­­­սունցի­­­ները յան­­­կարծա­­­մահ փե­­­սային կամ գա­­­հըն­­­կէց թա­­­գաւո­­­րին կո­­­չեր են՝ «Աթո­­­ռաց շրջած»։ Բա­­­ռը գաղտնիք մը ու­­­նի։ Սուրբ Գիր­­­քի մէջ անոր իմաստն էր... մի­­­զաման, այո, սխալ չլսե­­­ցիք, բնա­­­կան պէտ­­­քի աման։ Ոս­­­կե­­­­­­­դարուն ու­­­նե­­­­­­­ցեր ենք աթո­­­ռակից, աթո­­­ռակալ, նա­­­խաթոռ, հա­­­կառա­­­կաթոռ, զու­­­գա­­­­­­­թոռ եւ աթո­­­ռագործ բա­­­ռերը։ Իսկ այժմ մեր մայ­­­րե­­­­­­­նին կը վա­­­յելէ տաս­­­նեակ մը ածա­­­կան, բո­­­լորը՝ աթո­­­ռի քա­­­ղաքա­­­կան բնոյ­­­թէն սե­­­ռած, ինչպէս՝ աթո­­­ռաժա­­­ռանգ, աթո­­­ռազուրկ, աթո­­­ռասէր, աթո­­­ռապաշտ, աթո­­­ռամոլ եւ աթո­­­ռակ­­­ռիւ։ Իմաս­­­տի եւ գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թեան մէջ եզա­­­կի է «զար­­­մա­­­­­­­նաթոռ» բա­­­ռը, որու վրայ, ըստ աւան­­­դութեան, դրո­­­ւեցաւ Քրիս­­­տո­­­­­­­սի մար­­­մի­­­­­­­նը երբ խա­­­չէն իջե­­­ցու­­­ցին։

Զան­­­գա­­­­­­­կը կը հնչէ։ Չոր­­­րորդ յարկ։ Տի­­­կին Էլի­­­զը տու­­­նը չէ։ Վե­­­ցերորդ յարկ։

- Բա­­­րեւ Ալիս... Լաւ եմ։ Դո՞ւն։ Մա­­­ման չկա՞յ։ Աթոռ, աթոռ ու­­­նի՞ք, ան­­­շուշտ ու­­­նիք։ Եր­­­կու հատ պէտք է։ Շատ հիւր եկաւ... Կ՚ըսեմ։ Դուն ալ ձե­­­րին­­­նե­­­­­­­րուն ըսէ։

Մեր բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րու սրտին մէջ «աթոռ»ը արթնցու­­­ցեր է յար­­­գանքէն մին­­­չեւ ատե­­­լու­­­թիւն տա­­­տանո­­­ւող զգա­­­ցումներ։ Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցին «Տաղ յա­­­րու­­­թեան» եր­­­կին մէջ պատ­­­կե­­­­­­­րացու­­­ցեր է ամե­­­նաթան­­­կա­­­­­­­գին աթո­­­ռը՝ Մա­­­սիսէն իջ­­­նող սայ­­­լի վրայ զե­­­տեղո­­­ւած ոս­­­կե­­­­­­­ղէն աթոռ, որուն նստողն էր՝ Որ­­­դի ար­­­քա­­­­­­­յի։

«Սայլն այն իջա­­­նէր ի լեռ­­­նէն ի Մա­­­սեաց,

Եւ ի վե­­­րայ նո­­­րա՝ աթոռ ոս­­­կե­­­­­­­ղէն»։

Սուրբ Ներ­­­սէս Շնոր­­­հա­­­­­­­լին «Ծննդեան տաղ»ի մէջ տե­­­սեր է աթո­­­ռին մէկ այլ տե­­­սակը՝ «քա­­­ռակերպ աթոռ»։ Աթո­­­ռը նաեւ դար­­­ձաւ տե­­­ղանուն՝ «Անահ­­­տա (Անա­­­հիտի) աթոռ», Երզնկա­­­յի մէջ լեռ­­­նա­­­­­­­գագաթ, ուր գո­­­յու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցեր է Անա­­­հիտ աս­­­տո­­­­­­­ւածու­­­հիի տա­­­ճար-մե­­­հեանը։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, միշտ չէ, որ բո­­­լոր բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րը եր­­­կիւղա­­­ծու­­­թեամբ մօ­­­տեցեր են այդ բա­­­ռին։ Ու­­­նինք պատ­­­կա­­­­­­­ռելի մէկ գրիչ, որ չէ հաշ­­­տո­­­­­­­ւած, լե­­­զու չէ գտած անոր հետ- Պա­­­րոյր Սե­­­ւակը։ Իր բար­­­կութիւ­­­նը սկսեր է ման­­­կութեան տա­­­րինե­­­րէն։ Ինքնա­­­կեն­­­սագրու­­­թիւնը կ՚ըսէ. «Գիւ­­­ղում չկա­­­յին սո­­­վորե­­­լու նո­­­ւազա­­­գոյն պայ­­­մաններ... Ես միջ­­­նա­­­­­­­կարգն աւար­­­տե­­­­­­­ցի՝ այդպէս էլ չի­­­մանա­­­լով, թէ ինչ բան է աթոռ ու սե­­­ղան»։ Հա­­­սու­­­նութեան տա­­­րինե­­­րուն աւե­­­լի լուրջ հար­­­ցեր ու­­­նե­­­­­­­ցեր է «աթոռ»ի հետ։ «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մէջ կը նկա­­­րագ­­­րէ հայ­­­րե­­­­­­­նակից մը.

Ամէ՜ն ին­­­չից շատ, ամէ՜ն ին­­­չից վեր

Սի­­­րում է կեան­­­քում նա իր… աթո­­­ռը։

Աթոռն է սի­­­րում

Ու նրան տի­­­րում։

Իսկ «Իրե­­­րի դատն ու դա­­­տաս­­­տա­­­­­­­նը» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մէջ աւե­­­լի լսե­­­լի է պոռթկու­­­մը. «Թշո­­­ւառա­­­կան ա՛յս չոր­­­քո­­­­­­­տանին՝ աթոռ կո­­­չուա­­­ծը, ինչպէս գի­­­տէք դուք, նրա հա­­­մար է, որ նստենք վրան։ Սա­­­կայն պար­­­զո­­­­­­­ւում է, որ սրա վրայ նստո­­­ղի վրայ սա ինքն է նստում»։

Հիւ­­­րե­­­­­­­րը կը մեկ­­­նին։ Հի­­­մա աւե­­­լի մեծ գործ կայ- բո­­­լոր աթոռ­­­նե­­­­­­­րը՝ վեր։ Մի­­­ջոցին պար­­­զո­­­­­­­ւեցաւ, թէ «աթոռ»ը, թէ՛ փա­­­ռաւո­­­րեալ եւ թէ՝ պա­­­խարա­­­կեալ բառ էր։ Սա­­­կայն, հա­­­կառակ անոր, որ «աթոռ»ը միշտ հան­­­գիստ չէ եղած, որով­­­հե­­­­­­­տեւ անոր մէկ ոտ­­­քը կարճ մնա­­­ցեր է միւսնե­­­րէն, հայ ժո­­­ղովուրդը պաշ­­­տած է զայն եւ եր­­­կիւղա­­­ծու­­­թեամբ մօ­­­տեցեր է անոր։ Հա­­­մոզո­­­ւելու հա­­­մար, ականջ տո­­­ւէք սուրբ պա­­­տարա­­­գի խնկար­­­կութեան շա­­­րակա­­­նին. «Բա­­­րեխօ­­­սու­­­թեամբ վե­­­րին քո զօ­­­րացդ, միշտ ան­­­շարժ պա­­­հեա՛ զա­­­թոռ Հայ­­­կա­­­­­­­զեանս»։ Ան­­­շարժ մնայ մեր «աթոռ»ը։