Թուրանի ճանապարհին Պաքու, 16 Սեպտեմբեր 1918

ՍԱՅԻԹ ՉԵԹԻՆՕՂԼՈՒ

 

Օսմանեան բանա­­կը հա­­րիւր տա­­րի առաջ այս օր գրա­­ւեց Պա­­քուն։ Թրքա­­կան ար­­շա­­­ւու­­մը հա­­րիւ­­րա­­­մեակին կը փա­­ռաբա­­նուի զա­­նազան յօ­­դուած­­նե­­­րով։ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի դէ­­պի Ատրպէյ­­ճան կա­­տարած այ­­ցե­­­լու­­թիւնն ալ ու­­շագրաւ կեր­­պով զու­­գա­­­դիպե­­ցաւ այդ օրո­­ւայ։

Էն­­վեր փա­­շայի եղ­­բօր Նու­­րի փա­­շայի հրա­­մանա­­տարու­­թեամբ, Կով­­կասեան Իս­­լա­­­մական բա­­նակը պա­­շարած էր Պա­­քուն, բայց չէր կրցած ար­­շա­­­ւել։ Նոյն պա­­հուն Արե­­ւելեան զօ­­րամա­­սերու խմբա­­կի պետ հօ­­րեղ­­բօր Հա­­լիլ (Քութ) փա­­շայի վա­­րած բա­­նակն ալ հա­­սած է Պա­­քուի դիր­­քե­­­րուն։ 9 Սեպ­­տեմբեր 1918-ին հօ­­րեղ­­բայր ու եղ­­բօ­­­րոր­­դի կը գրկա­­խառ­­նո­­­ւին եւ այդ ող­­չա­­­գուրման պա­­հը հա­­րիւ­­րա­­­պետ Սե­­լահատ­­տին կը նկա­­րագ­­րէ հե­­տեւեալ տո­­ղերով։

«Պա­­քուն շրջա­­պատող զօ­­րախումբին հետ միանա­­լու հա­­մար հա­­սանք Ատրպէյ­­ճա­­­նի սահ­­մա­­­նը։ Առա­­ջին կա­­յարանն էր Ահըս­­թա­­­ֆա։ Այստեղ մեզ դի­­մաւո­­րեց Էն­­վեր փա­­շայի կրտսեր եղ­­բայր, Հա­­լիլ փա­­շայի եղ­­բօ­­­րոր­­դի եւ Կով­­կա­­­սեան Իս­­լա­­­մական բա­­նակի գլխա­­ւոր հրա­­մանա­­տար 29-ամեայ Նու­­րի փա­­շա։ Կէս գի­­շերը անց հա­­սանք Կեն­­ճէ (Գան­­ձակ)։ Կա­­յարա­­նի մէջ մեր պա­­տուոյն թէյ սար­­քած էին։ Երբ կ՚ըմ­­պէինք թէ­­յը, աշուղ մը կող­­քին կը նո­­ւագեր։ Սահ­­մաննե­­րէ դուրս լսած այդ թրքե­­րէն եր­­գե­­­րը մեզ յու­­զե­­­ցին։

Թու­­րա­­­նի ճա­­նապար­­հին թուրքե­­րու հան­­դի­­­պած էինք։

Աշու­­ղը թուրքե­­րու բազ­­մա­­­դարեան տա­­ռապան­­քը այնքան լաւ կը բնու­­թագրեր որ, բո­­լորս զգա­­ցուած էինք։ - Կա­­րաշա­­րը զի­­նուոր կը տա­­նի Պա­­քու, ասա Հա­­լիլ փա­­շա այս ի՞նչ գործ է։ Ասա Աստծոյ սի­­րուն այս ի՞նչ գործ է։

Բո­­լորս խոր յու­­զումնե­­րու մատ­­նո­­­ւած, աւար­­տած էինք մեր թէ­­յերը ու կը պատ­­րաստո­­ւէինք մեկ­­նե­­­լու։ Ան­­դին աշու­­ղը կը շա­­րու­­նա­­­կեր, - Ասա Հա­­լիլ փա­­շա այս ի՞նչ գործ է։

Սպա­­ռեցաւ հրա­­մանա­­տարի համ­­բե­­­րու­­թիւնը ու գո­­ռաց. –Այ­­սօր Պա­­քու, վա­­ղը Մե­­րեյ, յա­­ջորդ օր Քա­­րաքու­­րում, ի՞նչ գործ պի­­տի ըլ­­լայ, Թու­­րան է։

Գիւ­­ղի մը մէջ խարսխած էր Իս­­լա­­­մական բա­­նակի զօ­­րամա­­սը։ Կա­­ռաշա­­րէն իջ­­նե­­­լով մօտ մէկ ժամ ալ յա­­ռաջա­­ցանք ինքնա­­շար­­ժով։

Հա­­սանք տեղ, ուր կը պար­­զո­­­ւէր Պա­­քուի հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րը եւ Կաս­­պից ծո­­վըե։

16 Սեպ­­տեմբեր 1918-ին Պա­­քուի գրա­­ւու­­մը աւար­­տած է։ Հա­­լիլ փա­­շա իր յու­­շե­­­րուն մէջ կը գրէ. «Սկսանք դի­­տել բո­­ցերու մէջ մնա­­ցած Պա­­քուն»։ Քա­­ղաքը ին­­կած է։

Հա­­լիլ փա­­շա կը շա­­րու­­նա­­­կէ պատ­­մել. «Երբ քա­­ղաք մտայ, իմ կող­­քին էին գնդա­­պետ Բա­­րաքո­­ւին եւ փոխ գնդա­­պետ Պաս­­րի պէյ (Զօ­­րաւար Պաս­­րի Սա­­րան)։ Բա­­րաքո­­ւին կ՚ընդվզէր –Այստեղ ան­­զէն մար­­դիկ սպան­­նո­­­ւած են, ըսե­­լով։ Վրայ բե­­րի -Մի ջղայ­­նա­­­նաք բա­­րեկամ։ Սա պա­­տերազմ է եւ մար­­դիկ զի­­նեալ թէ ան­­զէն կը մեռ­­նին, հան­­գիստ մնա­­ցէք։

Մօ­­տեցած էինք հիւ­­րա­­­նոց։ Յան­­կարծ հրա­­պարա­­կի մը վրայ նկա­­տեցինք 43 կա­­խաղան­­ներ։ Նու­­րի փա­­շայի հրա­­մանով կա­­խուած հա­­յեր էին, որոնց հա­­մար պնդո­­ւած էր թէ անգլիացի­­ներու տի­­րապե­­տու­­թեան շրջա­­նին տան­­ջած են թուրքե­­րուն։ Բա­­րաքո­­ւին այս տես­­նե­­­լով սկսաւ խօ­­սիլ ան­­բարտա­­ւան ոճով։ -Անըն­­դունե­­լի է, այս կո­­տորած է...։

Համ­­բե­­­րու­­թիւնս հա­­տած էր։ Ինք ալ ար­­ժա­­­նի ըլ­­լա­­­լու էր այդ նոյն կա­­խաղան­­նե­­­րուն, քա­­նի որ իր խօս­­քե­­­րը անըն­­դունե­­լի էին պա­­տերազ­­մի կա­­նոն­­նե­­­րուն։ Մենք պե­­տու­­թեան հա­­մար կը կռո­­ւէինք եւ կող­­քի մարդկանց կար­­ծիքնե­­րը մեզ չէին հե­­տաքրքրէր։

Սկսե­­լով Բա­­րաքո­­ւինէն, հրա­­մանա­­տարու­­թեան բո­­լոր գեր­­մա­­­նացի սպա­­ները կը հրա­­ժարե­­ցուին եւ կը ղրկո­­ւտն Պա­­թու­­մի, զօ­­րաւար Ֆոն Քրես­­սի մօտ։

Հա­­րիւ­­րա­­­պետ Սե­­լահատ­­տին եւս ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րով կը պատ­­մէ Պա­­քուի գրա­­ւու­­մը։ Այդ պա­­տումնե­­րէն կարճ ըն­­դօ­­­րինա­­կում մը կրնայ հա­­յելի դառ­­նալ ամէն ին­­չի հա­­մար։ «...այդ մի­­ջոցին խումբ մը յայտնո­­ւեցաւ։ Ռու­­սեր, գեր­­մա­­­նացի­­ներ, հա­­յեր, ամէն ազ­­գութե­­նէ մար­­դիկ։ Թշո­­ւառ երե­­ւոյթ ու­­նէին ու կը պատ­­մէին թէ տու­­ներնին թա­­լանո­­ւած, յար­­ձակման են­­թարկո­­ւած են։ Քա­­ղաքի բո­­լոր փո­­ղոց­­նե­­­րէն հրա­­ցան­­նե­­­րու տրա­­քումներ կը լսո­­ւէին։ Յայտնի էր որ քա­­ղաքը կը դի­­մադ­­րեր փո­­ղոց­­նե­­­րու վրայ»։

Պա­­քուի գրա­­ւու­­մը, Ա. Աշ­­խարհա­­մար­­տի վեր­­ջին օրե­­րուն կով­­կա­­­սի այս հա­­տուա­­ծին թրքա­­կան ու­­ժե­­­րու կող­­մէ ար­­շա­­­ւու­­մը եւ հայ բնակ­­չութեան երեք օր շա­­րու­­նակ սպա­­նու­­թեան ապա­­ցոյցն է։ Այդ օրե­­րուն պա­­քուի մէջ կը հան­­դի­­­պինք ծա­­նօթ անու­­նի մը։ Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան գլխա­­ւոր կազ­­մա­­­կեր­­պիչնե­­րէն Պա­­հաիտ­­տին Շա­­քիր, անվտան­­գութեան ժա­­մանա­­կաւոր տնօ­­րէնի կո­­չու­­մով գլխա­­ւոր պա­­տաս­­խա­­­նատուն է 15-17 Սեպ­­տեմբեր 1918-ին հա­­յոց ջար­­թե­­­րուն։ Տե­­ղացի խու­­ժանն ալ շարժման բե­­րելով իբ­­րեւ թէ վեց ամիս առաջ հա­­յերու կող­­մէ սպան­­նո­­­ւած ատրպէյ­­ճանցի­­ներու վրէ­­ժը լու­­ծե­­­լու պատ­­րո­­­ւակով երեք օրե­­րու ըն­­թացքին մօտ 25 հա­­զար ան­­զէն հա­­յեր սպան­­նե­­­ցուե­­ցան։

Պատ­­մա­­­բան Վա­­հագն Տատ­­րեան կը գրէ թէ «Նու­­րիի վա­­րած Իս­­լա­­­մական բա­­նակը դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով երեք օր ու­­շա­­­ցուց քա­­ղաք մուտքը։ Խաղ մըն էր այդ, որուն շնոր­­հիւ խու­­ժա­­­նը ազա­­տօրէն կա­­տարեց թա­­լանով, աւա­­զակու­­թեամբ ու մար­­դասպա­­նու­­թեամբ լե­­ցուն իր յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւ­­նը»։ Տատ­­րեան այս դէպ­­քե­­­րը կը վե­­րագ­­րէ հա­­յոց դէմ ատե­­լու­­թեամբ լցո­­ւած Պա­­հաիտ­­տին Շա­­քիրի յան­­կարծա­­կիօրէն Պա­­քուի մէջ յայտնու­­թեան։ Անո­­ւանի պատ­­մա­­­բանի հա­­մաձայն սոյն ծրագ­­րի առա­­ջին հետ­­քե­­­րը կա­­րելի է տես­­նել Շա­­քիրի երեք նա­­մակ­­նե­­­րուն մէջ, «Միացում եւ զար­­գա­­­ցում» կու­­սակցու­­թեան (Իթ­­թի­­­հատը թե­­րաք­­քի) վաղ շրջան­­նե­­­րուն, երբ այդ քա­­ղաքա­­կան շար­­ժումը կը պատ­­րաստո­­ւէր Հա­­միտը գա­­հըն­­կեց ընե­­լու։ Այդ նա­­մակ­­նե­­­րը Եու­­սոֆ Հիք­­մէթ Պա­­յուր ստո­­րագ­­րութեամբ հրա­­տարա­­կուած են Թուրք պատ­­մութեան կա­­ճառի կող­­մէ։

22 Սեպ­­տեմբեր 1906 թո­­ւակիր նա­­մակին մէջ «հզօ­­րանա­­լէ ետք հա­­յոց գոր­­ծը տես­­նել դժո­­ւար չէ» գրած էր։ 23 Նո­­յեմ­­բեր 1906 թո­­ւակիր երկրորդ նա­­մակին մէջ մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րու թշնա­­մի յոր­­ջորջած հա­­յերը կը տես­­նէ Թուրքիա,Եւ­­րո­­­պա եւ Ամե­­րիկա­­յի մէջ Իս­­լամ կա­­ռավա­­րու­­թեան դէմ գրգռու­­թիւն ընող տար­­րեր։ Ատրպէյ­­ճանցի­­ները հա­­յերու յար­­ձա­­­կելու հա­­մար կը խրա­­խու­­սէ «Ռու­­սա­­­կան կա­­լան­­քէն փրկո­­ւելու հա­­մար ստի­­պուած էք հա­­յերը ոչնչաց­­նե­­­լու, քա­­նի որ փրկու­­թեան միակ ար­­գելքը իրենք են»։ Երիտթուրքե­­րու Յու­­լի­­­սեան յե­­ղափո­­խու­­թեան յա­­ջողու­­թեան հաս­­նե­­­լէն հա­­զիւ քա­­նի մը ամիս առաջ, 3 Յու­­նո­­­ւար 1908 թո­­ւակիր եր­­րորդ նա­­մակին մէջ յստա­­կօրէն կը պար­­զէ իր ռազ­­մա­­­վարու­­թեան նպա­­տակը։ «Կա­­ռավա­­րու­­թիւնը վար առ­­նե­­­լէ, երես­­փո­­­խանա­­կան ժո­­ղովը գու­­մա­­­րելով մեր ազ­­գա­­­յին ու­­ժին տի­­րանա­­լէ ետք ոչ բուռ մը հա­­յէն պի­­տի վախ­­նանք, ոչ ալ եւ­­րո­­­պացի­­ներէ»։

Իշ­­խան Սա­­պահատ­­տին 1907-ի Միաս­­նութեան հա­­մագու­­մա­­­րին «Մենք հա­­զիւ օտար պե­­տու­­թիւննե­­րու հա­­լածան­­քէն խու­­սա­­­փելով կրցանք երկրի քրիս­­տո­­­նեանե­­րը խնա­­յել։ Եթէ այդ վա­­խը չըլ­­լար, բո­­լոր քրիս­­տո­­­նեանե­­րը, յատ­­կա­­­պէս հա­­յերը մին­­չեւ վեր­­ջին ան­­հա­­­տը կը կո­­տորէինք»։

Պա­­քուի ար­­շա­­­ւու­­մէն 45 օր ետք Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թիւնը իբ­­րեւ Ա. Աշ­­խարհա­­մար­­տի պար­­տո­­­ւած եր­­կիր առանց պայ­­մա­­­նի ստո­­րագ­­րեց Մոնտրո­­սի դա­­շին­­քը։

Իսկ եթէ հարցնէք Պա­­քուի հե­­րոս Հա­­լիլ փա­­շայի մա­­սին, կա­­նան­­ցա­­­հան­­դերձ թա­­փառե­­ցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Բա­­ւարա­­րուիմ իր պատ­­մածնե­­րը փո­­խան­­ցե­­­լով, որոնք յա­­ւելեալ մեկ­­նա­­­բանու­­թեան կա­­րիք չու­­նին։

«Պի­­լեճի­­քէն դէ­­պի Էս­­քի­­­շեհիր գնաց­­քով պի­­տի եր­­թա­­­յինք։ Գնաց­­քի ճամ­­բորդնե­­րը կը խու­­զարկո­­ւէին անգլիացի ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու կող­­մէ, ու­­րեմն Թա­­լաթի հետ (փոքր Թա­­լաթ, Տի­­յար­­պե­­­քիր եւ Ան­­գա­­­րայի հա­­յերու ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը գոր­­ծադրող Ռե­­շիտ փա­­շայի փե­­սան) սափ­­րե­­­ցինք մեր մօ­­րուքնե­­րը եւ պե­­խերը։ Մեր հա­­սակ­­նե­­­րուն հա­­մապա­­տաս­­խան կա­­նան­ցի տա­­րազ­­նե­­­րու ու լա­­ջակ­­նե­­­րուն փաթ­­թո­­­ւած, Ուլվի­­յէ հա­­նըմի հսկո­­ղու­­թեան տակ կա­­յարան գա­­ցինք եւ կի­­ներու յա­­տուկ վա­­կոնին մէջ տե­­ղաւո­­րուե­­ցանք։ Երեք կի­­ներու մուտքը տես­­նող անգլիացի ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րէն մէ­­կը նոյն վա­­կոնին մէջ ճամ­­բորդող ըն­­տա­­­նիքի եր­­կու տղա­­ներուն յանձնա­­րարեց այ­­րե­­­րու վա­­կոնը անցնիլ, որ­­պէսզի մենք՝ խա­­նումներս ան­­հանգիստ չըլ­­լանք»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ