ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թուրքիան չէ յաջողած, Հայաստան կրնայ

Թուրքիոյ պատմութեան մէջ անիծեալ թուական մըն է 12 Սեպտեմբեր 1980։ Այդ օր առաւօտուայ կանուխ ժամերուն մեկնարկող զի­նուո­րական յե­ղաշրջու­մը լու­ծարկեց գոր­ծող կա­ռավա­րու­թիւնը եւ խորհրդա­րանը։ Սկսաւ չորս զօ­րավար­նե­րէ բաղ­կա­ցող վար­չութեան մը բռնա­կալու­թիւնը։ Փա­կուե­ցան բո­լոր քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րը։ Քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ նախ կա­լանա­ւորո­ւեցան, ապա ազատ ար­ձա­կուե­ցան քա­ղաքա­կան խնդիր­նե­րու մի­ջամուխ չըլ­լա­լու պայ­մա­նաւ։

Կու­սակցու­թիւննե­րուն զու­գա­հեռ փա­կուե­ցան բա­նուո­րական արհմիու­թիւննե­րը, ամէն տե­սակի հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւն եւ միու­թիւն։

Ար­գի­լուե­ցան բազ­մա­թիւ թեր­թեր, խիստ գրաքննու­թիւն կա­տարո­ւեցաւ մա­մու­լի հան­դէպ։ Բո­վան­դակ երկրի բնա­կարան­նե­րը խու­զարկո­ւեցան ան­պա­տեհ գիր­քեր յայտնա­բերե­լու հա­մար։ Զօ­րամա­սերու կամ ոս­տի­կանա­տու­նե­րու մէջ գոր­ծադրո­ւած տան­ջանքնե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան բան­տե­րու, ար­գե­լանոց­նե­րու մէջ ալ։ Ան­հա­մար են տան­ջա­մահ­նե­րը, որոնց խորհրդան­շա­կան անունն է հրա­տարա­կիչ Իլ­հան Էր­տոսթ։

Մե­ծագոյն հա­րուա­ծը ստա­ցան հա­մալ­սա­րանա­կան երի­տասարդնե­րը։ Հա­զարա­ւոր հա­մալ­սա­րանա­կաններ դա­տուե­ցան եր­կա­րատեւ նիս­տե­րով, որոնց աւար­տին գոր­ծադրո­ւեցաւ յի­սուն մա­հապա­տիժ։ Իսկ մնա­ցեալ­նե­րը, որոնց հա­մար վճռո­ւած էր եր­կա­րատեւ բան­տարկու­թեան, ազատ ար­ձա­կուե­ցան յա­ջոր­դող քա­նի մը տա­րինե­րու ըն­թացքին։ Ահա այս ալ պատ­ճառ մըն է հե­տեւանքնե­րով ան­վե­րադարձ մա­հապա­տիժը մեր­ժե­լու հա­մար։

Չորս բռնա­կալ զօ­րավար­նե­րու պա­տուէ­րով գրի առ­նո­ւած սահ­մա­նադ­րութիւ­նը ի դէմ բազ­մա­թիւ փո­փոխու­թիւննե­րու, իր ոգիով ու կամ­քով ու­ժի մէջ է մին­չեւ օրս։

Իսկ 38 տա­րի անց ի՞նչ է ներ­կայ քա­ղաքա­կան կեան­քի տար­բե­րու­թիւնը 12 Սեպ­տեմբեր 1980-էն։ Միայն այն որ ան­ցեալի չորս զօ­րավար­նե­րուն փո­խարէն ու­նինք մէկ ու միակամ բռնա­կալ։

Այդ օր զի­նուո­րական հա­րուա­ծը ան­նա­խադէպ ոգե­ւորու­թեամբ ող­ջունող­նե­րը այ­սօր եւս իրենց հա­ւատար­մութիւ­նը կը պար­զեն իշ­խող բռնա­կալին։

Ի վեր­ջոյ ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը մշա­կոյ­թի խնդիր է։ Երբ հա­սարա­կու­թեան մօտ չէ հա­սունցած ինքնա­վարու­թեան գի­տակ­ցութիւ­նը, բնա­կան է որ ան յոյ­սը կա­պէ զօ­րաւո­րին, ու­ժե­ղին։ Ան­կէ ակնկա­լէ ար­դա­րու­թիւն, բա­րեգ­թութիւն։

Պատ­մութիւ­նը բազ­մա­թիւ փոր­ձե­րով կ՚ապա­ցու­ցէ թէ սնա­մէջ է այդ յոյ­սը։ Իշ­խա­նը, ար­քան, թա­գաւո­րը, կայսրը չեն կրնար ար­դար ըլ­լալ։ Չեն կրնար բա­րեգութ ըլ­լալ։ Թո­ղենք ամ­բողջ երկրի մը իշ­խե­լու կա­րողու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րը, շատ աւե­լի հա­մեստ աթոռ­նե­րու բազ­մողնե­րը եւս հե­ռու են նման յատ­կութիւննե­րէ։ Անոնք ալ իրենց կար­գին, բազ­մած աթոռ­նե­րը պա­հելու հա­մար պի­տի ապա­ւինին զօ­րաւո­րին։ Զօ­րաւո­րը եւ փո­ղատէ­րը շատ ան­գամ կը նոյ­նա­նան եւ անոնք են որ խա­մաճի­կի մը նման իրենց մատ­նե­րուն վրայ կը խա­ղաց­նեն բե­մին վրայ պա­տուի­րուած դե­րերը կա­տարող­նե­րը։

12 Սեպ­տեմբեր 1980-ի պա­տուի­րատուն ԱՄՆ-ի Հնգան­կիւն շէն­քի մէջ գոր­ծող պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թիւնն էր։ Իր կող­քին ու­նէր Կեդ­րո­նական լրա­քաղու­թեան ծա­ռայու­թիւնը (CIA)։ Աշ­խարհի երե­սին զա­նազան եր­կիրնե­րէ ներս նման յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու հե­ղինակ­նե­րը իրենց դա­ւադ­րա­կան արարքնե­րէն մէկն ալ իրա­կանա­ցու­ցին 38 տա­րի առաջ այս օր։

Իսկ ներ­կայ օրի­նաւոր բայց անի­րաւ պայ­մաննե­րը կը պար­տինք ԱՄՆ-ի կող­քին նաեւ ԵՄ-ին, կամ աւե­լի կտրուկ եթէ ըսենք, հա­մաշ­խարհա­յին դրա­մատի­րու­թեան։

Հա­յաս­տան իր յա­ջողած թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թեամբ բա­ցառու­թիւն մը կը կազ­մէ ժո­ղովուրդի կամ­քին գոր­ծադրման առու­մով։ Եթէ այս յա­ջողու­թիւնը կը վի­ճակի Հա­յաս­տա­նի բնա­կիչ­նե­րու գի­տակ­ցութեան մա­կար­դա­կին, այդ գի­տակ­ցութիւ­նը պար­տի իր հսկո­ղու­թեան տակ պա­հել նոր կա­ռավա­րու­թեան ամէն մի քայ­լը։ Ստի­պուած ենք ու­շիմ հե­տեւիլ բո­լոր զար­գա­ցումնե­րուն եւ մերթ աջակ­ցիլ, մերթ մեր­ժել իշ­խա­նու­թեան կա­յացու­ցած որո­շումնե­րը։

Չար­տօ­նել ժո­ղովուրդի կամ­քով ձե­ւաւո­րուած իշ­խա­նու­թիւնը խա­մաճի­կը դառ­նայ ինչ- ինչ ու­ժե­րու, որոնք եւս հաշիւներ ունին բուռ մը Հայաստանի վրայ։

 

pakrates@yahoo.com