Անուան տօնակատարութիւնը խեղաթիւրուած անունով

Վերջին երեք տա­րինե­րուն անվտան­գութեան պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րով չէր իրա­կանա­ցած Աղ­թա­մարի ուխտագ­նա­ցու­թիւնը։ Այս տա­րի իշ­խա­նու­թիւննե­րը աւե­լի ձեռնտու գտան քա­ղաքա­կան պայ­մաննե­րը եւ Մշա­կոյ­թի նա­խարա­րու­թեան թոյլտո­ւու­թեամբ ան­գամ մը եւս Վա­նայ Լճի վրայ ղօ­ղան­ջե­ցին Աղ­թա­մարի Սուրբ Խաչ եկե­ղեց­ւոյ զան­գակնե­րը։ Արա­րողու­թեան ներ­կայ գտնո­ւեցան Պո­լիսէն ժա­մանած շուրջ 1,500 ուխտա­ւոր­ներ, որոնց միացան նաեւ Հա­յաս­տա­նէն եկած մօ­տաւո­րապէս 40 հո­գինե­րէ բաղ­կա­ցող խումբ մը։ Այդ բո­լորէն զատ ինչպէս նա­խորդ տա­րինե­րուն, այս տա­րի եւս բազ­մա­թիւ ծպտեալ հա­յեր փու­թա­ցած էին այս ար­տա­կարգ արա­րողու­թեան ներ­կայ գտնո­ւելու հա­մար։ Սուրբ պա­տարա­գին նա­խագա­հեց Պատ­րիաքա­կան ընդհա­նուր փո­խանորդ Արամ արք. Աթէ­շեան եւ պա­տարա­գը մա­տոյց Կրօ­նական ժո­ղովի ատե­նապետ Թա­թուլ ծ. վար­դա­պետ Անու­շեան։

Այս տա­րուայ պա­տարա­գը ու­նէր նաեւ պաշ­տօ­նական հիւ­րեր, ինչպի­սին է Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշրջու­թեան նա­խարար Մեհ­մետ Նու­րի Էր­սոյ, Վա­նի կու­սա­կալ Մու­րատ Զօ­րօղ­լու եւ այլ պե­տական աւա­գանին։ Արամ արք. Աթէ­շեան քա­րոզին մէջ յատ­կա­պէս ծան­րա­ցաւ երկրի միաս­նութեան խոր­հուրդին եւ ընդգծեց, թէ որ­պէս երկրի զա­ւակ­նե­րը պի­տի աշ­խա­տինք հայ­րե­նիքի ան­սա­սանու­թեան հա­մար։

Թա­թուլ ծ. Վար­դա­պետ Անու­շեան ալ «Ակօս»ին փո­խան­ցեց ուխտագ­նա­ցու­թեան մա­սին իր մտա­ծումնե­րը։ Անու­շեան նախ կա­րեւոր հա­մարեց երեք տա­րուայ ընդհա­տու­մէն ետք դար­ձեալ պա­տարագ մա­տու­ցե­լու երե­ւոյ­թը։ «Պե­տական հա­մակար­գը մեծ փո­փոխու­թիւններ ապ­րած էր եւ ներ­կայ վար­չա­կան­նե­րը բա­ւական բծախնդիր աշ­խա­տած էին արա­րողու­թեան պատ­շա­ճու­թեան մէջ կա­յանա­լուն հա­մար։ Իմաս­տա­լից էր Մշա­կոյ­թի նա­խարա­րի ներ­կա­յու­թիւնը։ Կու­սա­կալը դար­ձեալ շատ մար­դա­սէր անձնա­ւորու­թիւն մըն է, որ մեծ յար­գանք ու­նի տար­բեր դա­ւանանքնե­րու նկատ­մամբ։ Շատ կար­գա­պահու­թիւն տի­րեց ամ­բողջ արա­րողու­թեան ըն­թացքին։ Նոյ­նիսկ պի­տի հա­մար­ձա­կիմ ըսե­լու, թէ այդ կար­գա­պահու­թեան խան­գա­րուե­լու պատ­կերներն իսկ ու­րա­խացու­ցիչ էին, քա­նի որ ծնունդ կ՚առ­նէին բազ­մութեան հե­տաքրքրու­թե­նէն։ Բան մը, որուն միշտ կա­րիքը ու­նի եկե­ղեցին»։

Այս բո­լորով հան­դերձ խիստ կա­րեւոր զան­ցա­ռու­թիւն մըն էր կղզիի անու­նին դի­տումնա­ւոր կեր­պով սխալ ար­ձա­գան­գե­լը։ Ինչպէս դի­տել կու տայ ճար­տա­րապետ Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լու Աղ­թա­մար անու­նը ու­նի հա­զարա­մեակէ աւե­լի ան­ցեալ։ Այս իրո­ղու­թիւնը յստակ ըլ­լա­լով հան­դերձ բո­լոր լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւննե­րը իրենց լու­րե­րուն մէջ ընդմիշտ գոր­ծա­ծեցին խե­ղաթիւ­րո­ւած Աք­տա­մար բա­ռը, որ ոչ մէկ կապ ու­նի կղզիի ան­ցեալին հետ։ Այս խե­ղաթիւ­րո­ւած անու­նի հե­ղինակն է եր­բեմնի տխրահռչակ մշա­կոյ­թի նա­խարա­րը, որ նոյն կո­պիտ փո­փոխու­թիւնը ըրած էր Անի քա­ղաքի հա­մար հա­զարա­մեայ Անին «Անը»ի վե­րածե­լով։ Ան նոյ­նիսկ հա­մար­ձա­կած էր ան­հե­թեթ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն մը ընե­լու, ըսե­լով թէ «Որ­պէս Մշա­կոյ­թի նա­խարար ըն­դա­մէնը «İ» տա­ռի վրա­յի կէ­տը վե­րացո­ւեր եմ, այդքա­նին ալ իրա­ւունք չու­նի՞մ»։ Ափ­սոս որ այդ ան­հե­թեթու­թիւնը իւ­րա­ցուած էր բո­վան­դակ մա­մու­լի կող­մէ եւ յա­մառօ­րէն կը շա­րու­նա­կուի, թէ Աղ­թա­մարի եւ թէ Անիի անուննե­րու խե­ղաթիւ­րումը։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ