ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Թուրքիոյ գրաւոր մամուլը վերջերս յաճախակի կերպով կ՚ապրի շատ կարեւոր ցնցումներ։ Այդ ցնցումներէն վերջինը տեղի ունեցաւ երկի հնագոյն թերթերէն «Ճումհուրիյէթ»ի մօտ։ Թերթի սեփականատէրը համարուած հիմնադրամի նոր վարչութիւնը որպէս առաջին որոշում պաշտօնանկ ըրաւ հրատարակութեան տնօրէն Մուրատ Սապունճուն եւ պատասխանատու խմբագիրներ՝ Ֆարուք Էրեն եւ Պիւլենթ Էօզտողանը։ Նոյնպէս թերթի Անգարայի գրասենեակի ներկայացուցիչ Էրտեմ Կիւլ ելեկտրոնային նամակագրութեամբ պաշտօնանկ եղաւ։ Այս զարգացումներէն ետք թերթի յօդուածագիրներ, թղթակիցներ կամ խմբագիրներէ բաղկացող բազմանդամ խումբ մըն ալ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Բոլոր այս զարգացումներու մասին զրուցեցինք թերթի պատասխանատու խմբագիրներէն Ֆարուք Էրենի հետ։
Ֆարուք Էրեն կատարուածը թերթին ուղղուած կարեւոր գործողութիւն մը ըլլալով կը գնահատէ, որ իրականութեան մէջ գործող կուսակցութեան մամուլը չէզոքացնելու միտումով կատարածներուն վերջակէտը կարելի է համարել։ Ան չէ զարմացած կատարուածներէն։ Իր իսկ խօսքերով արդէն գիտէին թերթի անձնակազմէն մարդիկ կան, որոնք բողոք կը ներկայացնեն եւ կը մատնեն թերթի անձնակազմը։ «Անոնք նոյնիսկ մեր դատավարութեան ժամանակ անգամ մեզ մեղադրող վկայութիւններ յայտնած էին դատախազին։ Արդարեւ, եթէ մեզմէ շատեր այդ դատական նիստերու աւարտին ծանր պատիժներու դատապարտուեցան, իրենք են մեղաւորը։ Այս վերջին հարուածով ալ կ՚ուզեն թերթը կրկին ձեռք անցնել վերջ տալով մեր ազատ լրատուութեան։ Ես խստաբար կը պախարակեմ թերթէն հեռացուող ընկերներուս «լիպերալ» ըլլալով ներկայացուիլը։ Բացարձակապէս չեմ ընդունիր նման պիտակ մը։ Ճիշդ է, որ մենք ազատատենչ ենք, բայց ոչ այդ բառին գործածուած իմաստով լիպերալներ»։
Պատասխանելով թեթին ասկէ վերջ որդեգրելիք ուղղութեան մասին հարցումին Ֆարուք Էրեն կը յայտնէ, թէ այս վերջին գործողութիւնով իր աւարտին հասած է իշխող կառավարութեան մամուլի դէմ բեմադրած հալածանքը։
Զրուցեցինք նաեւ թերթի սիւնակագիրներէն Ահմետ Ինսելի հետ։ Ինսել ալ նշեց, թէ իր վերջին յօդուածը լոյս չէ տեսած թերթին մէջ եւ այս ալ ապացոյց մըն է, որ այլեւս այնտեղ գործ չունի։ «Կրնային պատշաճութիւնը յարգել եւ երկտողով մը յայտնել իրենց տրամադրութիւնը։ Մնաց որ, նման վարչական փոփոխութենէ ետք ես արդէն պատճառ մը չէի ունենար այդ թերթին մէջ աշխատելու, բայց գոնէ յետին քաղաքավարութիւնը կը պահանջէր այդ բացատրութիւնը, որ իրենք զլացան ինցմէ»։