ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՄՈՄ


Ճանաչողական պտոյ­­­տի հա­­­­մար հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիք եկած աշա­­­­կերտնե­­­­րը, առա­­­­ջին օր, իրենց եր­­­­կու ձեռ­­­­քով մո­­­­մեր բռնած «Տէր Ողոր­­­­մեա՛յ» եր­­­­գած էին զո­­­­հուած զի­­­­նուոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու յի­­­­շատա­­­­կին։ Սա Եռաբ­­­­լուրի մէջ էր։ Յա­­­­ջորդ օր Ծի­­­­ծեռ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կաբեր­­­­դի մէջ վա­­­­ռեցան 43 դա­­­­լուկ մո­­­­մեր։ 43 այլ մո­­­­մեր լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորե­­­­ցին Գե­­­­ղար­­­­դի, Վահ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաշէ­­­­նի եւ Տա­­­­թեւի մութ ու խորհրդա­­­­ւոր աղօ­­­­թաս­­­­րահնե­­­­րը։ Իսկ այ­­­­սօր, պտոյ­­­­տին վեր­­­­ջին օրը, եր­­­­կու զոյգ սիրտ, մոմ կ՚ու­­­­զէ վա­­­­ռել իրեն հա­­­­մար։ Առա­­­­ւօտեան այս վաղ ժա­­­­մուն, երբ հիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­նոցի ըն­­­­դունա­­­­րանը լուռ է եւ ամա­­­­յի, վե­­­­րելա­­­­կի դու­­­­ռը սպա­­­­սելիօրէն կը բա­­­­ցուի ու կը յայտնո­­­­ւի ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յանա­­­­լի հա­­­­գուստներ հա­­­­գած եր­­­­կու ժպտա­­­­դէմ զոյգ։

- Բա­­­­րի լոյս պա­­­­րոն, մենք պատ­­­­րաստ ենք։

- Շատ լաւ։ Եր­­­­թանք այն ատեն։

Վայրկեան մը իսկ չի տե­­­­ւեր, որ թաք­­­­սի մը նկա­­­­տէ մեզ։

- Բա­­­­րի լոյս։ Սուրբ Սար­­­­գիս պի­­­­տի եր­­­­թանք։ Հինգ հո­­­­գի կ՚ըն­­­­դունի՞ք։

Վա­­­­րոր­­­­դը տես­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով, թէ աշա­­­­կերտնե­­­­րը ետե­­­­ւը կրնան տե­­­­ղաւո­­­­րուիլ՝ ձեռ­­­­քի շար­­­­ժումով ներս կը հրա­­­­ւիրէ մեզ։ Իսկ երբ կը լսէ, թէ մոմ վա­­­­ռելու եւ սուրբին պաշտպա­­­­նու­­­­թիւնը խնդրե­­­­լու հա­­­­մար ճամ­­­­բայ ելած են աշա­­­­կերտնե­­­­րը, ու­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­ւորու­­­­թեան ըն­­­­թացքին անոնց կը պատ­­­­մէ Սուրբ Սար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­սին վարքն ու հրաշքնե­­­­րը։

Կի­­­­րակ­­­­նօ­­­­­­­­­­­­­­­րեայ եռու­­­­զեռ կայ եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ առ­­­­ջեւ ու ոգե­­­­ւոր բազ­­­­մութիւն մը՝ ան­­­­կէ ներս։

- Պա­­­­րոն, թաք­­­­սիի մար­­­­դը ին­­­­չո՞ւ մեր­­­­ժեց մեզ­­­­մէ դրամ առ­­­­նել։

- Չէ՞, որ ըսաւ, «Բա­­­­րի էք եկել հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիք»։

- Չհասկցայ։

- Տա­­­­րիներ վերջ պի­­­­տի հասկնաս... Ալի՛ք, մո­­­­մավա­­­­ճառ մայ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­կը հոն է, ան­­­­կիւնը։ 60 դրամ կու տաք, մէկ մէկ կ՚առ­­­­նէք։ Ես հոս նստած կ՚ըլ­­­­լամ։ Երբ որ ձեր աղօթ­­­­քը վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­նայ դուրս կու գաք։

Կը մե­­­­կու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նամ վեր­­­­ջին նստա­­­­րանի վրայ, մո­­­­մաջա­­­­հերու եւ նո­­­­րակա­­­­ռոյց վեր­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­տան ներ­­­­քեւ։ Այդ մի­­­­ջոցը առիթ կու տայ, որ տա­­­­ճարի մէջ վա­­­­ռուող ամէն մէկ մո­­­­մի հետ սկսի կայծկլտալ նաեւ «մոմ» բա­­­­ռի պատ­­­­մութիւ­­­­նը, որ մեկ­­­­նած էր կար­­­­ծես մեր սրտե­­­­րէն, տե­­­­ղի տա­­­­լով «լու­­­­սարձակ», «հե­­­­ռալոյս», «լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­պատ­­­­ճէն» եւ հա­­­­զարա­­­­ւոր մոմ ուժգնու­­­­թիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող այլ ժա­­­­մանա­­­­կակից բա­­­­ռերու։

Լե­­­­զուա­­­­բան­­­­ներ եւ անոնց հե­­­­ղինա­­­­կած ստու­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­բանա­­­­կան բա­­­­ռարան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը նշեն, թէ «մոմ» միավան­­­­կը իրա­­­­նական ծա­­­­գում ու­­­­նի։ Բա­­­­ռը պահ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­ւերէ­­­­նէ մտեր է հա­­­­յոց լե­­­­զուն ու իր հա­­­­մեստ չա­­­­փերով եւ ոյ­­­­ժով սկսեր է լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորել զայն։ Ճիշդ է, որ մո­­­­մը սա­­­­կաւա­­­­կեաց է, սա­­­­կայն անոր գրա­­­­ւոր ցո­­­­լացումնե­­­­րը հա­­­­զար հինգհա­­­­րիւր տա­­­­րիէ ի վեր կը պայ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ռաց­­­­նեն հա­­­­յոց գրա­­­­կանու­­­­թիւնը։ «Մոմ»ի առա­­­­ջին փայ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­տակումնե­­­­րը կը տես­­­­նենք Սուրբ Գիր­­­­քի մէջ։ Հոն վա­­­­ռեր է եօթը «մոմ»։ Անոնք տո­­­­ւեր են «մոմ հա­­­­լեալ» եւ «մոմ առա­­­­ջին հրոյ» ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւննե­­­­րը... Բազ­­­­մութեան մէջ կը նշմա­­­­րեմ աշա­­­­կերտնե­­­­րը։ Իրենց գլուխնե­­­­րը հա­­­­կած՝ մո­­­­մը մո­­­­մով կը վա­­­­ռեն։ Նոյն երե­­­­ւոյ­­­­թը տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ «մոմ» բա­­­­ռի զար­­­­գացման մէջ։ «Մոմ»ով սկիզբ առին բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ մո­­­­մածին բա­­­­ռեր։ Նախ Փաւստոս Բիւ­­­­զանդը եկաւ։ Ան կայծ տո­­­­ւաւ «ակա­­­­նամոմ» բա­­­­ռին։ Եզ­­­­նիկ Կող­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ցին եկաւ ու վա­­­­ռեց «մո­­­­մատե­­­­սակ»ը։ Այդ մո­­­­մերու լոյ­­­­սէն բռնկե­­­­ցաւ 60 բառ, ինչպէս՝ մեղ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մոմ, մո­­­­մազօծ, մոմ­­­­լաթ, մո­­­­մաբոց, մո­­­­մալոյս, մո­­­­մակերտ, մո­­­­մաձեւ, մո­­­­մարար։ Ապա եկան դար­­­­ձո­­­­­­­­­­­­­­­ւածքնե­­­­րը. «մոմ դառ­­­­նալ» նի­­­­հար­­­­նալ, դեղ­­­­նիլ, «մոմ թա­­­­փել» ջու­­­­րի մէջ թա­­­­փուած մո­­­­մի ձե­­­­ւերէն գու­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թիւններ ընել, «մոմ շի­­­­նել», կամ՝ «մո­­­­մի վե­­­­րածել» փափ­­­­կացնել, ընկճել ու «մո­­­­մի պէս հա­­­­լիլ», որ­­­­մէ շատ տա­­­­ռապած են 19-րդ դա­­­­րու հայ բա­­­­նաս­­­­տեղծներ։ Անոնցմէ մէկն էր Մի­­­­սաք Մե­­­­ծարեն­­­­ցը։ Կը յի­­­­շէ՞ք, Շա­­­­բաթ իրի­­­­կուն մըն էր, մայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­տի ծի­­­­րանի լոյ­­­­սին տակ, տղան եկեր էր եկե­­­­ղեցի՝ Կի­­­­րակ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մուտքի արա­­­­րողու­­­­թեան ներ­­­­կայ գտնո­­­­ւելու հա­­­­մար։ Այդ պա­­­­հուն, մա­­­­շող մո­­­­մերու հա­­­­յելիին մէջ Մի­­­­սաքը տե­­­­սաւ ինքզինք. «Լոյս ար­­­­ցունք մո­­­­մերու՝ որոնք հան­­­­դարտ կը մա­­­­շին...»։ Կը նշմա­­­­րեմ Լո­­­­ռիին գլու­­­­խը, որ ծած­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է սպի­­­­տակ քօ­­­­ղով։ Ապա միւսնե­­­­րը կ՚երե­­­­ւան բազ­­­­մութեան մէջ։ Կը զար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նամ... Հա­­­­սու­­­­նութեան սե­­­­մին հա­­­­սած այդ երի­­­­տասարդնե­­­­րը իրենց աչ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րը յա­­­­ռած են ո՛չ արե­­­­ւել­­­­քի լոյ­­­­սը ըն­­­­դունող խո­­­­րանին, ո՛չ մեզ ան­­­­թարթ դի­­­­տող սրբա­­­­պատ­­­­կերնե­­­­րուն, ոչ ալ՝ առա­­­­գաստնե­­­­րու չորս առա­­­­գաստնե­­­­րու քան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կազարդ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանքնե­­­­րուն, այլ՝ մո­­­­մի վտիտ ու աղօտ լոյ­­­­սին։ Մտամ­­­­փոփ։ Խո­­­­հուն։ Պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայ բա­­­­նաս­­­­տեղծ Զահ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­տը կը մտա­­­­բերեմ եւ անոր «Եր­­­­կու հատ մոմ» բա­­­­նաս­­­­տեղծու­­­­թիւնը.

«Այս գի­­­­շեր

Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­մօր մեծ պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րին 
առ­­­­ջեւ ես

Եր­­­­կու հատ մոմ վա­­­­ռեցի

Այդ մո­­­­մերէն մին ան է»։

Ծի­­­­ծաղե­­­­լի է մտա­­­­ծել, թէ մո­­­­մը սիր­­­­տեր ալ այ­­­­րած է։ Քան­­­­զի, աշուղ դար­­­­ձած բա­­­­նաս­­­­տեղծի հա­­­­մար մո­­­­մի բա­­­­րակու­­­­թիւնը, սպի­­­­տակու­­­­թիւնը եւ լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորու­­­­թիւնը իր եարի պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րացումներն են։ Նա­­­­հապետ Քու­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­կը տե­­­­սեր է այդպի­­­­սի գե­­­­ղեց­­­­կուհի մը.

«Ուր որ դու կանգնած լի­­­­նիս,

չէ պա­­­­տեհ վա­­­­ռեն մո­­­­մեղէն.

Ծո­­­­ցուդ լոյ­­­­սըն դուրս ծա­­­­գէ,

գէմ ել­­­­նէ մե­­­­ռելն ի հո­­­­ղէն»։

Նոյնպէս ուշ-միջ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­դարի տա­­­­ղասաց Պետ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­սը մո­­­­մով նկա­­­­րագ­­­­րեր է իր սի­­­­րելին. «Մատ­­­­ներ ու­­­­նիս դու մո­­­­մեղէն»։ Սա­­­­յաթ-Նո­­­­վան շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կած է այս գրա­­­­կան աւան­­­­դութիւ­­­­նը. «Մատ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­րըդ է մում»։ Մո­­­­մը միշտ չէ որ լոյս էր եւ յոյս։ Դալ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­դէմ գրիչ­­­­ներ անոր մօտ տե­­­­սան մահն ու մեղ­­­­քը։ Մէ­­­­կը Պետ­­­­րոս Դու­­­­րեանն էր. «Սը­­­­նարըս իմ տի­­­­պար մոմ մը վը­­­­տիտ ու մա­­­­հադէմ»։ Գրի­­­­գոր Նա­­­­րեկա­­­­ցիի հա­­­­մար մե­­­­ղաւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը Աս­­­­տուծոյ առ­­­­ջեւ պի­­­­տի հա­­­­լին, այնպէս ինչպէս մո­­­­մը կը հա­­­­լի կրա­­­­կի առ­­­­ջեւ. «Որ­­­­պէս հա­­­­լի մոմ առա­­­­ջի հրոյ, այնպէս եւ մե­­­­ղաւորք՝ յե­­­­րեսաց Աս­­­­տուծոյ»։ Հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան բա­­­­նաս­­­­տեղծու­­­­թեան բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թեւեան աշ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նակին վրայ մոմ մը վա­­­­ռեց նաեւ Յով­­­­հաննէս Շի­­­­րազը։ Անոր աչ­­­­քին որ­­­­պէս մոմ երե­­­­ւացին հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիքի ճամ­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ները.

Իմ սուրբ հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիք

Եւ մո­­­­մի նման, ճամ­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­քիդ վրայ

Քո փառ­­­­քի հա­­­­մար թէ մի օր վա­­­­ռուեմ,

Մոխ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­բիծ ան­­­­գամ ինձնից չի մնայ։

Մինչ Չա­­­­րեն­­­­ցը մո­­­­մի վե­­­­րածեց աստղե­­­­րը.

«Մեղմ գի­­­­շերի գե­­­­ղագան­­­­գուր երա­­­­զում՝

Այն աստղե­­­­րը, որ­­­­պէս մո­­­­մեր սրբա­­­­զան»։

Ան­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­մար­­­­ձակ կա­­­­րելի է նկա­­­­տել «մոմ» բա­­­­ռը։ Հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան գրատ­­­­պութեան առա­­­­ջին հինգհա­­­­րիւր տա­­­­րինե­­­­րու ըն­­­­թացքին միայն մէկ ան­­­­գամ բռնկած է եւ շատ ուշ։ 1889 թո­­­­ւակա­­­­նին Վիեն­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­յի մէջ Մխի­­­­թարեան տպա­­­­րանէն լոյս տե­­­­սած «Մո­­­­մագոր­­­­ծութիւն ար­­­­դի յա­­­­ռաջա­­­­դիմու­­­­թեանը մէջ» գիրքն է միակը, որ իր խո­­­­րագ­­­­րին մէջ ու­­­­նի «մոմ»ը։ Իսկ այժմ, ար­­­­դի լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորու­­­­թեան մէջ, յան­­­­կարծ կրնա­­­­յինք կար­­­­ծել, թէ շա­­­­տոնց շի­­­­ջած է ան, եթէ չըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­յին «Դե­­­­ղին մոմ՝ մութ գի­­­­շերո­­­­ւայ մէջ», «Վա­­­­ռիր հան­­­­գած մո­­­­մերը», «Յոյ­­­­սի մո­­­­մեր», «Վեր­­­­ջին մո­­­­մերը», «Կա­­­­պոյտ հոգ­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­րի մո­­­­մեր» եւ «Մո­­­­մի կա­­­­թիլ­­­­ներ» նո­­­­րատիպ հա­­­­տոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։

- Պա­­­­րոն, կրնանք վե­­­­րադառ­­­­նալ։ Շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­կալու­­­­թիւն... Դուք տե­­­­սա՞ք, թէ գմբէ­­­­թի վրայ չորս տպա­­­­ւորիչ քան­­­­դակներ կա­­­­յին։

- Անոնք, սի­­­­րելի Լո­­­­ռի, Արե­­­­նիի Սուրբ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­ծին եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ առա­­­­գաստնե­­­­րու նմա­­­­նողու­­­­թեամբ ստեղ­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ւած են։ Նոյն հան­­­­ճարն է, որ նաեւ յօ­­­­րիներ է Նո­­­­րավան­­­­քի պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րաքան­­­­դակնե­­­­րը։ Ար­­­­դեօ՞ք նի­­­­հար էր եւ դա­­­­լուկ, քան­­­­զի զինք կո­­­­չած են՝ Մո­­­­միկ։

Վե­­­­րադար­­­­ձի թաք­­­­սիի մէջ մեղ­­­­մօ­­­­­­­­­­­­­­­րօր մե­­­­ղեդի մը կ՚ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­ցի մե­­­­զի մին­­­­չեւ հիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­նոց...

«Նո­­­­րավան­­­­քի մո­­­­մի պէս

մենք կը հա­­­­լուենք ու կ՚եր­­­­թանք,

Նո­րավան­քի մոմերը...»