Այսպէս է դրուած կարգն աշխարհի, մարդ արարածը պտտի տառապի։ Պիտի տառապի բուռ մը հացի համար, պիտի տառապի պուտ մը ջուրի համար, պիտի տառապի շունչ մը օդի համար։ Այսպէս ճշդած են կարգը եւ շատ քիչեր միայն կը համարձակին այդ կարգին դէմ առարկել։ Օրինակի համար՝ Հնդկաստանի աղքատները ի գին բոլոր զրկանքներու կը մերժեն այդ պարտադրանքը։ Չեն խպնիր մուրալէ, այլ ընդհակառակ իրենց որդեգրած այդ ճանապարհով յարգանքի ու համակրանքի կը տիրանան ընկերութեան մէջ։ Միտքեր՝ որոնք կու գան կ՚անցնին մեր մտածողութենէն իրենց ետին թողելով անպատասխան բազմաթիւ հարցումներ։ Թերեւս մարդ արարածը աշխատելու դատապարտող ամենակարեւոր գործօններէն մէկն է անոր հաւաքելու, կուտակելու նկատմամբ ստեղծած ցանկութիւնը։ Բայց պատճառը ինչ որ ըլլայ արդիւնքը նոյնն է, գերութեամբ կ՚աւարտենք մեզի շնորհուած կեանքը։ Իսկ արդեօք կարելի՞ է այդ ծուղակէն հաւաքաբար դուրս ելլել։ Ինչպէս կրնանք կարծել, երբ աշխարհի երեսին շատերու համար մեծագոյն մղձաւանջն է աշխատազրկութիւնը։ Մարդիկ շատ հասկնալի պատճառներով սարսափի կը մատնուին, երբ յանկարծ կորսնցնեն իրենց սովորական աշխատանքը։ Գիտեն թէ այդ աշխատանքով կը կեղեքուին։ Ուրիշներ կը շահագործեն իրենց արդար ճակտի քրտինքը։ Եւ գիտեն որ աշխատանքով հարստանալը սուտ խոստում մըն է։ Սուտ մը, որուն պիտի հաւատան միայն ու միայն չափազանց միամիտները։ Մեծ հարստութիւնները կը գոյանան ո՛չ թէ աշխատանքով, այլ աշխատողին ճակտեքրտինքը կեղեքելով։ Նոյնիսկ եթէ քիչ մը աւելի մտմտանք այս նիւթի վրայ դիւրաւ կրնանք համոզուիլ թէ կեանքը աշխատանք ունեցողի համար աւելի տանելի է, քան չարաչար աշխատողին։ Սակայն կ՚երեւի թէ հարցը աշխատել կամ չաշխատելէն շատ աւելի խոր եռանգներ ալ ունի։ Թերեւս ալ աշխատանքը սահմանուած չէ միայն ու միայն ամենօրեայ ապրուստի հոգերով։ Թերեւս ալ մարդուն ի սկզբանէ թելադրուած է ստեղծել, ստեղծագործել ամէն գինով։
Այս սիւնակի վրայ քանի քանի անգամներ յիշած եմ Պարոյր Սեւակի քերթուածը, որ կը խօսի աշխարհը շալակած տանողներու եւ աշխարհի շալակը ելլողներու մասին։ Օրինակ բերենք լրագրութեան ասպարէզէն։ Այդ ասպարէզը, թէ աշխարհին շալակը ելլելու եւ թէ աշխարհը շալակած տանելու առիթը կ՚ընդձեռէ իր գործիչներուն։ Ներկայ դրութիւնով եթէ յօժարիս իշխանութեան փողը հնչեցնել ,ամէն ինչ կարգին է։ Ոչ մէկ դժուարութիւն, ոչ մէկ խոչնդոտ։ Բայց եթէ համարձակիս իրաւացի տեսածներուդ մասին անդրադառնալու, անիրաւութիւններու դէմ պայքարելու, այն ատեն տանջանքներէ տանջանք ընտիրէ քեզի համար։
Այս բոլորը մտաբերեցի, երբ կարդացի թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Միջազգային ոստիկանութեան դիմում կատարած են ծանօթ հասարակական գործիչ եւ մտաւորական Ռակըպ Զարաքօլուն ձերբակալելու եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն յանձնելու համար։ Իսկոյն մտաբերեցի Գերմանիոյ վարչապետ Մերքելի այս մասին ունեցած առարկութիւնը։ Ան յստակօրէն ըսած էր թէ չենք կրնար արտօնել, որ Թուրքիա չարաշահի համաշխարհային կազմակերպութիւնները։ Անշուշտ ոչ ոք չէր հարցուցած, թէ «չէք արտօներ եւ ի՞նչ կ՚ընէք տիկին Մերքել։ Ո՞ր եղանակով արգելք կրնաք ըլլալ այդ շահագործման»։ Կը յիշենք որ մօտ անցեալին Ատրպէյճանի նախագահն ալ նոյն եղանակով եւ անշուշտ կաշառելով կը յաջողէր բերման ենթարկել իրեն համար վնասակար թուացող զանազանները։ Բնական է քանի որ աշխարհի երեսին միշտ կան, պիտի ըլլան աշխարհի շալակը ելլելով գործը քալեցնողները։ Մենք անոնք տեսանք Հունգարիա, Ուկրանիա եւ այլուր։ Գիտենք որ նոյն ինքն տիկին Մերքելը դիւրաւ կը համակերպի, երբ իր կամ իր երկրի շահերը նման բան պահանջեն։ Ուրեմն ի զուր տեղ մի՛ խրատէք, սա նախասիրութիւն է եւ աշխարհը շալակած տանողները ուշ, թէ կանուխ պիտի ստանան իրենց վիճակած տանջանքի բաժինը։
pakrates@yahoo.com