Զօրակցութիւն՝ Զարաքօլուին

Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութիւնը հետզհետէ նեղ դարձով օղակի մը մէջ կը ճնշէ ընդդիմադիր մտաւորա­կանու­թիւնը։ Այդ օղա­կը վեր­ջերս կը հիւ­սո­ւի երկրի յա­ռաջա­տար ընդդի­մադիր­նե­րէն Ռա­կըպ Զա­րաքօ­լուի դէմ։ «Պել­կէ» հրա­տարակ­չա­տան հիմ­նա­դիր Ռա­կըպ Զա­րաքօ­լու 2011-ի Հոկ­տեմբեր ամ­սուն ձեր­բա­կալո­ւած ու բան­տարկո­ւած էր իր դա­սախօ­սու­թիւննե­րուն պատ­ճա­ռաւ։ Այդ ժա­մանակ Զա­րաքօ­լուն փրկե­լու հա­մար ար­շաւներ կազ­մա­կեր­պո­ւած էին, որոնց ար­դիւնքին ան ազատ ար­ձա­կուե­ցաւ 2012-ի Ապ­րիլ ամ­սուն։ Իր դա­տը տես­նող յա­տուկ լիազօ­րուած դա­տարան­նե­րը ան­գոյ հռչա­կուե­ցան եւ Զա­րաքօ­լուի թղթած­րարն ալ փո­խան­ցո­ւեցաւ Իս­թանպու­լի եր­րորդ եղեռ­նա­դատ ատեան։ Այս վեր­ջի­նը 8 Յու­նիս 2018-ին բեր­ման են­թարկե­լու որո­շում կա­յացուց եւ այդ որո­շու­մը փո­խան­ցեց հա­մաշ­խարհա­յին ոս­տի­կանու­թեան։ Այս զար­գա­ցումէ ետք Զա­րաքօ­լու ամէն րո­պէ ձեր­բա­կալուելու վտան­գին մատ­նո­ւած է։ Հան­րա­ծանօթ մտա­ւորա­կանը այս պայ­մաննե­րու տակ կը ստի­պուի ան­գամ մը եւս զօ­րակ­ցութիւն խնդրե­լու բո­լոր այն շրջա­նակ­նե­րէն, որոնց օգ­նութեամբ նա­խապէս կրցած էր ազատ մնալ։

«Ափ­սոս որ այ­սօր ան­գամ մը եւս վե­րադար­ձած ենք ձեր­բա­կալու­թեանս նա­խոր­դող անօ­րէն շրջա­նին։ Հի­մա ին­ծի դէմ գոր­ծադրո­ւած ճնշու­մը մի­ջազ­գա­յին բնոյթ ստա­ցած է։ Պատ­ճա­ռը շատ պարզ է, քա­նի որ չեմ լռած եւ շա­րու­նա­կած եմ մար­դու իրա­ւունքնե­րը պաշտպա­նելու, ան­հանգստու­թիւն պատ­ճա­ռած եմ Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թեան։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ յա­ջորդ դա­տավա­րու­թեան ըն­դա­ռաջ զօ­րակ­ցութեան ար­շա­ւի մը կա­րեւո­րու­թիւնը շատ մեծ է»։

Նշենք որ Ռա­կըպ Զա­րաքօ­լու ծա­նօթ է նաեւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հա­մար իր մղած պայ­քարնե­րով։ Թե­րեւս ալ իր այդ աշ­խա­տու­թիւննե­րը տե­ղի տո­ւին նման ան­հանդուրժո­ղակա­նու­թեան։

Ինչպէս ծա­նօթ է մի այլ կա­րեւոր մտա­ւորա­կան Օս­ման Քա­ւալա եւս մատ­նո­ւած է նման ճնշու­մին։ Ան ալ բեր­ման են­թարկո­ւած է եւ ոչ ոք գի­տէ թէ ինչ է պատ­ճա­ռը կամ ինչ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն կա­տարո­ւած է բե­րման են­թարկե­լու հա­մար։ Այս տե­սակի մար­դիկ կը մե­ղադ­րո­ւին միայն Թուրքիոյ օրէնսգրքին մէջ տեղ գտած տա­րօրի­նակ պնդու­մով մը՝, ահա­բեկ­չա­կան խումբի ան­դամ չըլ­լա­լով հան­դերձ ահա­բեկ­չութեան նպաս­տող ելոյթներ ու­նե­նալով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ