Խաբեբայ է ան, խորամանկ, նենգադաւ, գող, իբր աղու հեզիկ ձեւացող եւ ծայր աստիճան ճարպիկ եւ ճարտար։ Միեւնոյն ժամանակ, չմոռնանք ըսել՝ մշտարթուն եւ շրջահայեաց։ Յարգելի ընթերցող, ներողամիտ գտնուեցէք, եթէ այս տողերը ձեզ կարծել տուին, թէ խօսքը շնազգիներու ընտանիքին պատկանող, երկար եւ բրդոտ պոչով, թաւ մազով, սուր դունչով գիշատիչ ու դժնդակ կաթնասունի համար է։ Ոչ։ Վերոյիշեալ ածականները կը նկարագրեն «աղուէս» բառը։ Ըսեմ, նաեւ, թէ այս պարբերութեան պատճառ կը դառնայ այն աղուէսը, որ Գառնի տաճարի առջեւ, յուշանուէրներու տաղաւարի մը թիթեղեայ ծածկէն երկու մղլակով կախուած՝ մեզ կը դիտէ։
- Պարոն, տեսէ՛ք, աղուէսի իրական մուշտակ։ Ի՛նչ սիրուն։
- Չմտածես գնել եւ տուն տանիլ։ Նախ եւ առաջ՝ արգիլուած է սահմանէն անասունի մուշտակ անցնել։ Յուշանուէ՞ր կ՚ուզես։ Տե՛ս, սեղանիկը լեցուն է բազմազան զարդեղէններով եւ ձեռագործերով... Իսկ, եթէ աղուէսները շատ կը սիրես, քեզի համար նորտիպ եւ պատկերազարդ «Աղուէսագիրք» մը կը գնենք, երբ Երեւան վերադառնանք։ Իսկ հիմա թէ՛ գնում ընենք եւ թէ՝ զրուցենք։ Արամ, քեզ կը վստահեցնեմ, թէ «աղուէս» բառի պատմութիւնը շատ աւելի հետաքրքրական է քան իրական աղուէսը կամ անոր չարութիւնները։
- Ես աղուէսը կը ճանչնամ Լա Ֆոնտէնի առակէն... Պարոն, հակառակ իր վատ համբաւին, ի՚նչ անմեղ եւ անվնաս նայուածք ունի սա անկենդան եւ սնամէջ աղուէսը։
- Արամ, մարդիկ անիկա նկատեցին։ Հետեւաբար, ծնունդ առին «աղուէսածին» փոխաբերութիւններ, դարձուածքներ եւ առակներ։ Բառը, շնորհիւ իր նկարագրին, յաջողեցաւ հայկական լեզուաշխարհի մէջ գրական նախանձելի դիրքեր գրաւել... Բարեւ, կը ներէք, այս ապարանջանները ի՞նչ կ՚արժեն... 1500՞։ Երկու հատ։ Շնորհակալութիւն... Նմանապէս... Արամ, դժուար է ստուգել, թէ հայերէնի մէջ ե՚րբ սկսեր է «աղուէս»ին ճարպիկութիւնները, սակայն, գիտենք, թէ բնիկ հայկական է եւ միշտ գոյութիւն ունեցեր է մեր մայրենիին մէջ, ինչպէս՝ այս լեռներու վրայ միշտ բնակեր են աղուէսներ։ Բառը բազմաթիւ ցեղակիցներ ունի, ինչպէս՝ յունարէն «ալոպիքս», լատիներէն «վուլպէս» եւ պարսկերէն «ռուպա»։ Հայ եւ օտար լեզուաբաններ հասած են այն եզրակացութեան, թէ բառը ունենալու էր նախաձեւ մը, որմէ սեռած ըլլային բոլոր «աղուէս»ները։ Կարելի է ըսել, թէ բազմածին բառ է ան, եթէ նկատի առնենք աղուէսախաղ, աղուէսաբարոյ, աղուէսախօս, աղուէսակերպ, աղուէսագի, աղուէսաթակարդ, աղուէսանալ, աղուէսաքուն, ինչպէս նաեւ «աղուէս»ով բարդուած քսան այլ բառերը, որոնք մեր լեզուին կու տան պատկերալից հարստութիւն։
- Այս պատիւներուն հասած ըլլալու համար, սրամտօրէն գործած պէտք է որ ըլլայ այդ կենդանին։
- Գրաւոր հայերէնի արշալոյսէն ի վեր։ Շատ մը բարի եւ ընտանի անասունէն առաջ, Ոսկեդարուն յաջողեցաւ սպրդիլ հայկական մատենագրութեան ընտիր էջերէն ներս։ Իր ամենամեծ յաջողութիւնը եղաւ առակներու նիւթ դառնալ։ Մեր առակագիրներէն Վարդան Այգեկցին, ժողովուրդ դաստիարակելու համար քանի՜ քանի անգամ գրի առաւ աղուէսով բարոյախօսութիւններ։ Աւելին, Այգեկցիի եւ անոր վերագրուած առակներու հաւաքածոն, կը հաւատա՞ս, մեր հնագոյն տպագիր գիրքերէն մէկը դարձաւ։ Ան լոյս տեսաւ 1668 թուականին, Ամսթերտամի մէջ։ Անո՞ւնը... Մի՚ զարմանար, «Աղուէսագիրք», հայերու 69րդ տպագիր գիրքը, երբ դեռ չկային Նարեկներ, Վարք Մաշտոցիներ եւ Ոսկեփորիկներ։ Ասիկա աղուէսի համար մեծ պատիւ է, անշուշտ։ Սակայն, կ՚արժէ յիշել, թէ պատմութեան մէջ ան ունի սեւ եւ անհանգստացնող էջեր եւս։ Միջնադարուն մարդիկ աղուէսը, բառացիօրէն, կը կրէին իրենց մորթին վրայ։
- Դաջուա՞ծ։
- Ո՚չ։ Պատժամիջոց եւ նախատինք։ Արամ, հինգերորդ դարուն Հայաստանի մէջ շատ տարածուած էր աղանդաւորութիւնը։ Այդ շարժումները արմատախիլ ընելու համար աղանդաւորներուն ճակատին «աղուէսադրոշմ» կը խարանէին։ Հինգհարիւր տարի ետք այդ շարժումները դարձեալ բռնկեցան՝ թոնդրակեան անունի տակ եւ շարունակուեցաւ աղուէսախարանումը, ինչպէս կը վկայէ պատմիչ Լաստիվերցին. «Աղուէսախարանօք զդէմս նոցա դրոշմել հրամայէ, զի եղիցին այն նոցա նշան յաւիտենից՝ յայտնի եւ ճանաչելի ամենեցուն»։ Վերջապէս 1053ին, հրամանատար Գրիգոր Մագիստրոսը զինուորական միջոցներով ջախջախեց այդ շարժումը։ Սակայն, ան թոյլ չտուաւ, որ իր ջոկատները աղուեսադրոշմով խարանեն հակառակորդներու ճակատներն ու դէմքերը... Արամ, ժամանակները փոխուեցան։ Այսօր աղուէսը կը վայելէ ժողովրդականութիւն։ Նոյնիսկ, կայ մէկը, որ թեթեւութեամբ կը յիշէ, թէ «աղուէս» կը կոչուէր իր դասընկերներուն կողմէ։ Զահրատն է անիկա, պոլսահայ արդի բանաստեղծը՝ «Եսագրութիւն» բանաստեղծութեան մէջ. «Ինծի դպրոցը «աղուէսէ կ՚ըսէին... Ես աղուէսը գիրքէն կը ճանչնայի լոկ, ...ես -այն ատեն- ոչ պանիրի գող էի տակաւին, ոչ կին երազող»։ Աղուէսի բանաստեղծական նկարագրութիւն մըն ալ ունի Թումանեանը.
«Աղուէ՛ս, աղուէ՜ս, փոքրիկ գազան,
Ոտներդ կարճ ու խիստ վազան»
Զէյթունի մէջ «աղուէս» կը կոչուէր հաստ գերանը։ Պուլանըխի մէջ, նոյնպէս «աղուէս» էր տան սիւնի վրայ նստած գերանը, իսկ Սեբաստիոյ եւ Վանայ մէջ՝ սայլի մէկ մասը միւսին կապող փայտ։ Բազմատաղանդ կարելի է կոչել զայն, քանզի հայկական բարբառներու մէջ առաւ մէկ այլ իմաստ՝ սուրհանդակ։ Պերճ Պռոշեանը վէպի մը մէջ գրեր է. «Խանին աղուէսը եկաւ»։ Հարսնիքներու ժամանակ հիւրերու գալը աւետող անձն ալ «աղուէս» կը կոչուէր։ Հայկական բանահիւսութիւնը այնքան հարուստ է «աղուէսակերպ» արտայայտութիւններով. «Ծեր՝ կամ հին աղուէս» փորձառու եւ խորամանկ մարդ, «Սեւ աղուէս դառնալ» քիչ երեւալ, դժուար ճարուիլ, «Աղուէս փախցնել» անկարգութիւն ընել- կեսարիացիներու խօսքն է ասիկա։ Շատ նիհարներուն կ՚ըսենք «Ցամաք ձորի աղուէս» կամ «Օգոստոսի աղուէս»։ Իսկ, մեկնաբանութեան կարիք չունի վերջինը. «Աղուէսը իր պոչը վկայ կը բերէ»։ Արամ, գիտե՞ս, թէ պարզ եւ միամիտներ, երբեմն աղուէսէն աւելի խորամանկ կը դառնան ստիպուած։ Այն ժամանակ ժողովուրդը կը սիրէ գործածել՝ «Թէ նա աղուէսն է, ես էլ պոչն եմ» արտայայտութիւնը։ Արամ, ժամանակին ցարը հայատեաց կառավարիչ մը նշանակեր է Կովկաս։ Ժողովուրդը զայն որակեր է «ցարական հին աղուէս», երբ նկատեր է անոր «աղուէսային դէմքը»։ Նոյն օրերուն, Խաչատուր Աբովեանը, գրական նոր հայերէնի եւ լուսաւորութեան ռահվիրան, ինչպէս նաեւ «Աղուէսն եւ ագռաւն», «Աղուէսն ու գէլը», «Աղուէսն եւ խաղող» անուանեալ առակներուն հեղինակը, աղուէսին վերադարձուց անոր պատմական պաշտօնը- առակներու միջոցով ժողովուրդ դաստիարակել։ Արամ՝ չկարծես, թէ աղուէսը չար տիպար է միշտ։ Ան երբեմն կը ներկայանայ երկու դրական յատկանիշներով. համբերութիւն եւ հնարամտութիւն։
- Եթէ այդպէս է, յարմարած պէտք է որ ըլլայ նոր ժամանակներու արդիականացման, թէ ոչ՝ բառն ալ կը նմանէր այդ մուշտակին- անկենդան եւ անպարունակ։
- Հնարամիտ է եւ ճարպիկ։ «Աղուէս»ը այսօր Հայաստանի մէջ լայն տարածութիւն գտած ուսուցողական ծրագրաւորման լեզու է։ Նախակրթարանի սանիկները զայն կը գործածեն թուային շարժանկարներ եւ խաղեր ստեղծագործելու համար։
- Կը շնորհաւորեմ զայն իր ճարպիկութեան եւ հնարամտութեան համար... Պարոն, ես որոշեցի սա քաղաքական գլխարկը գնել։
- Գալ տարի շրջանաւարտ պիտի ըլլաս։ Ի՞նչ կ՚ուզես ուսանիլ։
- Միջազգային յարաբերութիւններ։
- Հասկցայ... Որոշեր ես օր մը «աղուէս քաղաքագէտ» դառնալ։ Քեզի թելադրութիւն մը. անմի՛ջապէս կարդա՚ «Աղուէսագիրք» մատեանը, որպէսզի իւրացնես մեր ժողովուրդի իմաստութիւնը, անհրաժեշտ՝ քու մասնագիտութեանդ համար։
- Անմիջապէս, պարոն։