Գրական սխրանք մը՝ «Նորք»

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Տնտեսական տագնապի այս շրջա­­նին լուրջ դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու կուրծք կու տան նաեւ հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նե­­­րը։ Պա­­րագան կը բար­­դա­­­նայ, երբ խօս­­քը վե­­րաբե­­րի հայ­­կա­­­կան նման հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու։ Տնտե­­սական տագ­­նա­­­պին կու գայ միանալ ան­­տարբե­­րու­­թիւնը, ան­­հո­­­գու­­թիւնը, ըն­­թերցե­­լու, գիրք գնե­­լու մէջ մեր հան­­րութեան ու­­նե­­­ցած մրցան­­շա­­­յին ծ(թ)ու­­լութիւ­­նը… Այս պայ­­մաննե­­րուն տակ հրա­­տարակ­­չա­­­կան աս­­պա­­­րէզին մէջ, տնտե­­սական ամե­­նափայ­­լուն ժա­­մանակ­­նե­­­րուն իսկ, գոր­­ծունէու­­թիւն ծա­­ւալե­­լը հե­­րոսու­­թիւն նկա­­տուած է ու դեռ կը նկա­­տուի։ Պա­­տուով ու բաց ճա­­կատով հայ գիրք հրա­­տարա­­կելը անա­­րիւն ու ան­­զէն պա­­տերազմ մղել է ընդդէմ յի­­շողու­­թեան կո­­րուստի, ընդդէմ հա­­յաբար ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծե­­­լու ու ար­­տադրե­­լու տա­­ղան­­դը բթաց­­նող բազ­­մա­­­զան ծու­­ղակնե­­րու։

Տա­­րիներ առաջ տեղ մը գրեր էի դպրո­­ցէն ետք մեր գա­­ցած վայ­­րե­­­րուն մա­­սին։ Այդ վայ­­րե­­­րէն մէկն ալ Բե­­րայի շի­­տակին վրայ գոր­­ծող հայ­­կա­­­կան հրա­­տարակ­­չա­­­տուն մըն էր՝ «Նորք»ը։ Միջ­­նա­­­կար­­գի տա­­րիներս էին հա­­ւանա­­բար, 80-ական­­նե­­­րու աւար­­տը եւ 90-ական­­նե­­­րու սկիզ­­բը, դպրո­­ցէն ետք Ղա­­լաթիայէն Բե­­րա բարձրա­­նալն ու հոն սլքտա­­լը, երաժշտա­­կան կամ գիր­­քի խա­­նութներ այ­­ցե­­­լելը հա­­ճելի էին. ուրկէ՞ գիտ­­նա­­­յի որ օգ­­տա­­­կար ալ կրնա­­յին ըլ­­լալ։ Այդ այ­­ցե­­­լավայ­­րե­­­րէն մէկն ալ «Նորք»ն էր՝ ան­­շո՛ւշտ շատ սի­­րելի Յա­­կոբ Կո­­պէլեանով, որու ներ­­կա­­­յու­­թիւնը մագ­­նի­­­սական բան մը ու­­նէր։

Վեր­­ջին ամիս­­նե­­­րուն ձեռքս յա­­ճախ կ՚եր­­կա­­­րեմ գրա­­դարա­­նիս պոլ­­սա­­­հայ հե­­ղինակ­­նե­­­րուն յատ­­կա­­­ցուած դա­­րանին։ Ձեռքս՝ գիր­­քե­­­րուն հետ միասին յի­­շողու­­թեանս ծալ­­քե­­­րէն քա­­շեց հա­­նեց նաեւ «Նորք» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը, որու անու­­նը դրոշ­­մո­­­ւած է այդ գիր­­քե­­­րու մէկ քա­­նիին վրայ։ Յան­­կարծ մտա­­բերե­­ցի Յա­­կոբ Կո­­պէլեանը, զոր վեր­­ջին ան­­գամ տե­­սած էի «Հո­­պինա» հան­­դէ­­­սի խմբագ­­րա­­­կան ժո­­ղովի մը ըն­­թացքին, այ­­սինքն թե­­րեւս 25 տա­­րի առաջ։ Գտայ Յա­­կոբին տո­­ւեալ­­նե­­­րը, հե­­ռաձայ­­նե­­­ցի, ժա­­մադ­­րո­­­ւեցանք ու ար­­ձա­­­կուրդի օրե­­րուն ալ հան­­դի­­­պեցանք։

Բա­­րեւ-աստծու բա­­րիէն եւ այ­­լե­­­ւայլ նիւ­­թե­­­րու շուրջ զրու­­ցե­­­լէ ետք, կը հարցնեմ «Նորք» գրա­­տան հիմ­­նադրու­­թեան պատ­­մութիւ­­նը։

«Նորք»՝ ան­­կախ հան­­դէ­­­սի մը երա­­զով…

Կեդ­­րո­­­նական­­ցի ու մխի­­թարեան­­ցի քա­­նի մը երի­­տասարդ բա­­րեկամ­­ներ՝ Յա­­կոբ Կո­­պէլեան, Պետ­­րոս Չա­­վիկօղ­­լու, Նո­­րայր Տա­­տու­­րեան, Մու­­րատ Պի­­րիմ, քա­­նի մը այլ պա­­րոն­­ներ ու օրիորդներ, 1988-ին, դեռ նոր շրջա­­նաւարտ իրենց դպրոց­­նե­­­րէն, քով քո­­վի գա­­լով կը հիմ­­նեն «Նորք»ը։ Սկիզ­­բը շատ աւե­­լի մար­­դա­­­շատ այս ձեռ­­նարկը, ինչպէս կը պա­­տահի յա­­ճախ, զա­­նազան պատ­­ճառնե­­րով, շատ ան­­գամ կամ­­քէ ան­­կախ, հետզհե­­տէ կը բար­­դո­­­ւի Յա­­կոբ Կո­­պէլեանի ու այժմ երե­­ւանաբ­­նակ Պետ­­րոս Չա­­վիկօղ­­լո­­­ւի ու­­սե­­­րուն։

«Մեր հիմ­­նա­­­կան նպա­­տակը ան­­կախ հան­­դէս մը հրա­­տարա­­կելն էր։ Ան­­կախ այն իմաս­­տով որ կցո­­ւած պի­­տի չըլ­­լար որե­­ւէ միու­­թեան կամ թեր­­թի։ Մեր դրդա­­պատ­­ճառն ալ երի­­տասար­­դա­­­կան պար­­բե­­­րական մը ստեղ­­ծելն էր. պար­­բե­­­րական մը, ուր երի­­տասարդներ գտնեն իրենց հա­­մար հա­­ճելի, հե­­տաքրքրա­­շարժ ըն­­թերցա­­նու­­թեան նիւ­­թեր, քա­­նի որ եղած­­նե­­­րուն մէջ ոչինչ կը գտնէին իրենց ճա­­շակին յար­­մար», կը պատ­­մէ Յա­­կոբ։

Նախ­­քան աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն ձեռ­­նարկե­­լը ու «Թո­­քաթ­­լեան»ի մէջ գրա­­սենեակ մը վար­­ձե­­­լը (4-րդ յարկ, թիւ 33 սե­­նեակ), անոնք հան­­դի­­­պումներ կ՚ու­­նե­­­նան զա­­նազան­­նե­­­րուն, որոնց կար­­գին նաեւ ժա­­մանա­­կուան պատ­­րիարք Շնորհք արք. Գա­­լուստեանին հետ, նիւ­­թա­­­կան նե­­ցուկ ապա­­հովե­­լու հա­­մար։

Կո­­պէլեան հոս կը յի­­շէ ու­­շագրաւ դրո­­ւագ մը։ «Ան­­շուշտ Շնորհք պատ­­րիարք նա­­խապէս տե­­ղեկա­­ցուած էր մեր մա­­սին։ Պր. Ռո­­պէր Հատ­­տէ­­­ճեան թե­­լադ­­րեր է պատ­­րիար­­քին, որ նիւ­­թա­­­կան օժան­­դա­­­կու­­թիւն չտրա­­մադ­­րէ մե­­զի, քա­­նի որ մե­­րը ըստ իրեն պար­­զա­­­պէս ան­­ցո­­­ղակի, առ­­ժա­­­մեայ փա­­փաք մըն էր եւ դրա­­մը պի­­տի մսխէինք։ Հե­­տեւա­­բար ձեռ­­նունայն բաժ­­նո­­­ւեցանք պատ­­րիար­­քէն»։

Նիւ­­թա­­­կան դժո­­ւարու­­թիւննե­­րուն հե­­տեւան­­քով, հան­­դէս մը հիմ­­նե­­­լու սկզբնա­­կան ծրա­­գիրը իր տե­­ղը կը ձգէ գրա­­շարա­­տուն մը ստեղ­­ծե­­­լու միտ­­քին։ «Այ­­սինքն անոնք, որոնք պի­­տի ու­­զէին իրենց գիր­­քե­­­րը տպագ­­րել՝ մենք պի­­տի պատ­­րաստէինք՝ պի­­տի շա­­րէինք, պի­­տի սրբագ­­րէինք, պի­­տի էջադ­­րէինք»։ Երի­­տասարդնե­­րը պատ­­րաստ էին թրքե­­րէն հրա­­տարա­­կու­­թիւններ ալ պատ­­րաստե­­լու։ Այս աշ­­խա­­­տան­­քէն գո­­յանա­­լիք եկա­­մու­­տը աւե­­լի վերջ որ­­պէս դրա­­մագ­­լուխ պի­­տի օգ­­տա­­­գոր­­ծո­­­ւէր հան­­դէ­­­սին հա­­մար։ «Սա­­կայն այդպէս չե­­ղաւ…»։

«Նորք» կը լծո­­ւի աշ­­խա­­­տան­­քի։ Նո­­րահիմն հաս­­տա­­­տու­­թեան առա­­ջին հրա­­տարա­­կու­­թիւնը կ՚ըլ­­լայ Սա­­հակեան դպրաց դաս-երգչա­­խումբի յու­­շա­­­մատեանը։ Ետ­­քը անո­­ւանի թա­­տերա­­գիր Ար­­ման Վար­­դա­­­նեան առ ի հրա­­տարա­­կու­­թիւն «Նորք»ին կը յանձնէ իր «Պա­­խուրցը» գոր­­ծը։ «Աղուոր մը թա­­ղուե­­ցանք այս գոր­­ծին մէջ», կ՚ըսէ Կո­­պէլեան։

Ին­­չո՞ւ «Նորք»

«Տե­­ղէ մը լսած էինք կար­­ծեմ այս անու­­նը։ Վստահ չեմ թէ ուրկէ», կ՚ըսէ։ Նոր­­քը հին, դա­­լարա­­գեղ թաղ մըն է Երե­­ւանի մէջ, որուն ձօ­­նուած բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն մը ու­­նի Չա­­րենց։ «Նոր­­ք»ը նաեւ Հա­­յաս­­տա­­­նի գրող­­նե­­­րու միու­­թեան հան­­դէսնե­­րէն մէկն է։ «Նորք» գրա­­տուն մըն ալ կար Երե­­ւանի մէջ, Ալ. Թա­­մանեանի ար­­ձա­­­նին ճիշդ քո­­վը (հի­­մա՝ սրճա­­րան)։

Ան­­շուշտ, ես այս բո­­լոր «Նորք»երը լսե­­ցի Պոլ­­սոյ «Նորք»էն ետք։ Ին­­ծի եւ քա­­նի մը տա­­րեկից­­նե­­­րուս հա­­մար «Նորք»ը նա­­խեւա­­ռաջ «Թո­­քաթ­­լեան»ի մէջ գրաս­­տան մըն էր։

«Մեր առա­­ջին խորհրդան­­շանն ալ, ուր կ՚երե­­ւի ար­­ծիւ մը, Ն տառն ու 88 թի­­ւը, պատ­­րաստեց լու­­սա­­­հոգի պա­­րոն Պերճ Էր­­զիեան, որ իր գոր­­ծե­­­րէն մէկն ալ նո­­ւիրած էր, որ­­պէսզի մեր պա­­տը զար­­դա­­­րենք»։ Էր­­զիեան քա­­նի մը կողք ալ կը նկա­­րազար­­դէ «Նորք»ի հա­­մար։ Հայ մշա­­կոյ­­թի այս հա­­մեստ ու անձնո­­ւէր աշ­­խա­­­տաւո­­րը իր հա­­մեստ պիւտճէէն պզտիկ դրա­­մագ­­լուխ մըն ալ ներդրած էր «Նոր­­քեի սնտու­­կին, քա­­ջալե­­րելու հա­­մար նո­­րափ­­թիթ երի­­տասարդնե­­րը։ «Իր անունն ալ պէտք է յի­­շել հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րու կար­­գին», կ՚ըսէ Յա­­կոբ։

«Նորք»ի դի­­մագ­­րա­­­ւած առա­­ջին դժո­­ւարու­­թիւննե­­րէն մէկն ալ հա­­յերէն տա­­ռատե­­սակ­­նե­­­րու հար­­ցը կ՚ըլ­­լայ։ Հասկնա­­լի է. 1988-ին հրա­­տարակ­­չա­­­կան աշ­­խա­­­տանքնե­­րը դեռ նոր սկսած էին հա­­մակար­­գի­­­չով կա­­տարուիլ, տա­­ռատե­­սակ­­նե­­­րը այ­­սօ­­­րուան պէս թա­­փած չէին կայ­­քէ­­­ջերուն վրայ։ Կո­­պէլեան ու գոր­­ծա­­­կից­­նե­­­րը երբ կը մտա­­ծէին լու­­ծում մը գտնե­­լու մա­­սին, Քա­­լիֆոռ­­նիայէն Ալա­­ճաճեան անուն անձ մը իրենց կը վա­­ճառէ քա­­նի մը տա­­ռատե­­սակ, զորս կը բա­­րելա­­ւեն ու կը ստեղ­­ծեն «Նորք» հրա­­տարակ­­չա­­­տան յա­­տուկ տա­­ռատե­­սակ­­ներ, որոնք պի­­տի դառ­­նա­­­յին ստո­­րագ­­րութիւն, զայն իր նման­­նե­­­րէն զա­­տորո­­շող դրոշմ։ «Նոյ­­նիսկ քա­­նի մը տա­­ռատե­­սակ մենք ետ վա­­ճառե­­ցինք պա­­րոն Ալա­­ճաճեանին», կ՚ըսէ Յա­­կոբ ծի­­ծաղե­­լով։

«Նորք»ի հե­­ղինակ­­նե­­­րը

«Նորք» գրա­­շարա­­տուն-հրա­­տարակ­­չա­­­տան մա­­մու­­լը բե­­ղուն կա­­րելի է նկա­­տել։ Ար­­ման Վար­­դա­­­նեանի, Ֆի­­մի եւ Վա­­լան­­թին Մազ­­լում քոյ­­րե­­­րու, տոքթ. Հրանդ Փա­­փազեանի, Երո­­ւանդ Կո­­պէլեանի, Գա­­րեգին արք. Գա­­զան­­ճեանի, Յով­­հաննէս արք. Չո­­լաքեանի, Արիս­­տա­­­կէս վրդ. Պոհ­­ճա­­­լեանի, տոքթ. Վար­­դան Կո­­միկեանի, Վա­­րու­­ժան Ճամ­­կէօզի, Ալիս Ժամ­­կո­­­չեանի, Սար­­գիս Թաթ­­լըէրի եւլն. հե­­ղինա­­կային ու թարգմա­­նական գիր­­քե­­­րը, թեր­­թիկներ, յայ­­տա­­­գիր­­ներ կը տպո­­ւին «Նորք»ի մա­­մու­­լէն։ Յա­­կոբ Այ­­վա­­­զի «Քու­­լի­­­ս» հան­­դէսն ալ հինգ տա­­րի մը կը պատ­­րաստո­­ւի այստեղ, 1990-1995 թթ.-ին։ Կեդ­­րո­­­նական սա­­նուց միու­­թեան չորս թիւ հրա­­տարա­­կուած «Հո­­պինա» հան­­դէսն ալ (ո՛չ այն մէ­­կը, որ մե­­ծադիր էջե­­րով ու թրքե­­րէնով կը հրա­­տարա­­կուէր) կը պատ­­րաստո­­ւէր Յ. Կո­­պէլեանի հո­­գածու­­թեամբ։ Գիր­­քե­­­րը առ­­հա­­­սարակ ու­­նէին 500 կամ նո­­ւազ տպա­­քանակ։

Հոս փա­­կագի­­ծի մը մէջ նշենք, թէ «Նորք» «Թո­­քաթ­­լեան»էն զատ ու­­նե­­­ցած է երկրորդ գրա­­սենեակ մը եւս՝ Աղա­­ճամիին դի­­մացը՝ Ահու­­տուտու փո­­ղոցին մէջ, ուր փո­­խադ­­րո­­­ւած է 1993-ին։

Երո­­ւանդ Կո­­պէլեանը՝ «Նորք»ին նե­­ցուկ

Յա­­կոբ Կո­­պէլեանին՝ իր այս ձեռ­­նարկի ամ­­բողջ եր­­կայնքին մե­­ծագոյն նե­­ցու­­կը ան­­կասկած տրա­­մադ­­րած է իր գրա­­գէտ հայ­­րը՝ Երո­­ւանդ Կո­­պէլեան։ «Հայ­­րիկս շատ կ՚օգ­­նէր։ Ար­­դէն շատ մը ան­­ձեր հայ­­րի­­­կիս հա­­մար է որ կու գա­­յին, որով­­հե­­­տեւ չէին վստա­­հեր իրենց հա­­յերէ­­նին եւ կ՚ու­­զէին որ ան­­պայման պր. Կո­­պէլեանը սրբագ­­րութիւննե­­րը ընէ, իրեն վստա­­հելով է որ կը դի­­մէին մե­­զի», կը պատ­­մէ Յ. Կո­­պէլեան։

Պէտք է յի­­շել ան­­պայման, որ տաս­­նա­­­մեակ­­ներ առաջ Երո­­ւանդ Կո­­պէլեան իր հեր­­թին հիմ­­նած էր «Կո­­պէլ» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը (նախ Պա­­լիոզ փո­­ղոց, յե­­տոյ Աղա­­համա­­մի, մի­­ջոց մըն ալ Ճե­­զայիր փո­­ղոցի մօ­­տակայ­­քին), որ Յա­­կոբին իսկ խօս­­քով այդքան ալ բեղմնա­­ւոր չէր եղած նաեւ շրջա­­նի աննպաստ կլի­­մային հե­­տեւան­­քով. տա­­րիներ էին, երբ թուղթի նե­­ղու­­թիւն կար։ «Կո­­պէլ» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը տպագ­­րած էր Եղի­­շէ Ազ­­վա­­­զեանէ, Իր­­մա Աճէ­­մեանէ, Երո­­ւանդ Կո­­պէլեանէ, Աստղիկ Քէ­­հեաեանէ եւն. հա­­տոր­­ներ։

«Նոր­­ք» կը փա­­կուի

Յա­­կոբ Կո­­պէլեան զի­­նուոր մէկ­­նե­­­լու նա­­խօրէին ար­­դէն զգա­­ցած էր, որ նման աշ­­խա­­­տան­­քով մը ան­­կա­­­րելի է ապ­­րուստ ապա­­հովել։ «Հա­­յերէն գիրք գնե­­լու վար­­ժութիւն չկայ մեր հա­­սարա­­կու­­թեան մօտ, իսկ նո­­ւիրո­­ւած գիրքն ալ ար­­ժէք չ՚ու­­նե­­­նար, յար­­գը չի գիտ­­ցո­­­ւիր եւ մէկ կողմ կը նե­­տուի»։ 1988-1995 թո­­ւական­­նե­­­րու մի­­ջեւ գոր­­ծած «Նորք» Յա­­կոբ Կո­­պէլեանի բա­­նակ մեկ­­նե­­­լուն զու­­գա­­­հեռ կը դադ­­րեցնէ իր գոր­­ծունէու­­թիւնը՝ յա­­ջորդ տա­­րինե­­րուն բա­­րեկա­­մական խնդրանքնե­­րը մեր­­ժել չկա­­րենա­­լուն պատ­­ճա­­­ռով պատ­­րաստե­­լով քա­­նի մը հա­­տոր եւս։

Պոլ­­սա­­­հայ գրա­­կանու­­թեան տա­­րեգ­­րութեանց մէջ «Նորք» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը կայ ու կը մնայ որ­­պէս սխրանք՝ իր ար­­ժա­­­նի տեղն ու­­նե­­­նալով յի­­շատա­­կելի ինչ-ինչ ձեռնարկներու կողքին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ