Աւանդազրոյցներ Մարիամ Աստուածամօր վերաբերեալ

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Սեպտեմբերի 8-ին Հայ Առա­­­քելա­­­կան Եկե­­­ղեցին կը տօ­­­նէ Մա­­­րիամ Աս­­­տուածած­­­նի տօ­­­նը։

Ըստ Եկե­­­ղեցու աւան­­­դութեան Մա­­­րիամի ծնող­­­նե­­­­­­­րը՝ Յո­­­վակիմն ու Ան­­­նան եր­­­կար տա­­­րիներ զա­­­ւակ չէին ու­­­նե­­­­­­­նար։ Ի վեր­­­ջոյ, Աս­­­տո­­­­­­­ւած կը լսէ Ան­­­նա­­­­­­­յի ան­­­դա­­­­­­­դարում աղօթքնե­­­րը։

Օր մը, երբ Ան­­­նան կ՚իջ­­­նէ պար­­­տէզ՝ աղօ­­­թելու, հրեշ­­­տա­­­­­­­կը նրան կ՚աւե­­­տէ, որ նա շու­­­տով պի­­­տի դուստր ու­­­նե­­­­­­­նայ, ում երա­­­նի կու տան աշ­­­խարհի ողջ ազ­­­գե­­­­­­­րը։

Ան­­­նան եւ Յո­­­վակի­­­մը շատ կ՚ու­­­րա­­­­­­­խանան այս բա­­­րի լու­­­րով եւ կը խոս­­­տա­­­­­­­նան իրենց դստե­­­րը նո­­­ւիրա­­­բերել Տի­­­րոջը։ Երբ աղ­­­ջի­­­­­­­կը կը ծնո­­­ւի, նրա անու­­­նը Մա­­­րիամ կը դնեն, ասել է թէ՝ «լու­­­սա­­­­­­­ւորեալ»։

Սուրբ Կոյ­­­սը, պէտք է ասել, շատ սի­­­րուած սուրբ էր հա­­­յոց մէջ։ Նրան կը դի­­­մէին թէ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեան մէջ, թէ վշտի, կը դի­­­մէին որ­­­պէս գթա­­­սիրտ բա­­­րեխօ­­­սի՝ ապա­­­քինու­­­թիւն պար­­­գե­­­­­­­ւելու, զա­­­ւակ շնոր­­­հե­­­­­­­լու եւ այ­­­սո­­­­­­­ւայն իղ­­­ձը ի կա­­­տար ածե­­­լու։

Ուստի նրա ան­­­ձի շուրջը հիւ­­­սո­­­­­­­ւել են նաեւ ժո­­­ղովրդա­­­կան աւան­­­դութիւններ։

Կ՚ըսեն թէ Մա­­­րիամը ամ­­­ռա­­­­­­­նը քառ­­­սուն կոյ­­­սե­­­­­­­րի հետ սա­­­րերում ծա­­­ղիկ կը քա­­­ղէր ու կը ճգներ։ Թեւ­­­շիկ մա­­­նելիս Մա­­­րիամի մա­­­նած սեւ թե­­­լի մի­­­ջէն զա­­­նազան գոյ­­­նե­­­­­­­րի թե­­­լեր դուրս կու գա­­­յին։ Այ­­­սու կը գու­­­շա­­­­­­­կէին, որ նա է լի­­­նելու Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծինը։

Ամ­­­ռան աւար­­­տին կոյ­­­սե­­­­­­­րը կ՚իջ­­­նեն սա­­­րէն եւ պահ կը տրո­­­ւեն այ­­­սո­­­­­­­ւայն առա­­­քինի մար­­­դո­­­­­­­ցը։ Ինչ կը վե­­­րաբե­­­րէ Մա­­­րիամին, ապա Յով­­­սէ­­­­­­­փը իւր ու­­­րա­­­­­­­գը կը բե­­­րէ եւ Մա­­­րիամին կը տա­­­նէ ձմե­­­ռը պա­­­հելու։

Ան­­­գամ մը, երբ Մա­­­րիամ աղ­­­բիւր կեր­­­թայ ջուր բե­­­րելու, նրան կե­­­րեւայ հրեշ­­­տա­­­­­­­կը եւ կը յայտնէ աւե­­­տիսը, որ նա է լի­­­նելու Փրկչի մայ­­­րը։ Մա­­­րիամն ալ, որ­­­պէս հնա­­­զան­­­դութեան նշան, ետ­­­դարձին փա­­­թաթը կը վերցնէ կը դնէ փո­­­րին՝ իբր թէ յղի է։

Կը պատ­­­մեն նաեւ թէ Սուրբ Կոյ­­­սը կեան­­­քի մայ­­­րա­­­­­­­մու­­­տին 7 տա­­­րի շա­­­րու­­­նակ կը պա­­­հէ Ս. Կա­­­րապե­­­տի պա­­­սը։ Վեր­­­ջը հո­­­գէառը կու գայ կ՚առ­­­նէ նրա հո­­­գին։

Եր­­­կինք սլա­­­նալու ճա­­­նապար­­­հին Մա­­­րիամը կը տես­­­նէ իւր մօ­­­րը՝ ծծե­­­րը եր­­­կու օձ ծծե­­­լիս, ապա՝ հօ­­­րը՝ մին­­­չեւ կո­­­կոր­­­դը աւա­­­զի մէջ խրո­­­ւած։

Մա­­­րիամը հրեշ­­­տա­­­­­­­կին կը հարցնէ, թէ որն է պատ­­­ճա­­­­­­­ռը իր ծնող­­­նե­­­­­­­րի չար­­­չա­­­­­­­րան­­­քի։ Հրեշ­­­տակն ալ կը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ, որ մայ­­­րը եր­­­կու երե­­­խայ է խեղ­­­դել, իսկ հայ­­­րը շատ նե­­­ղու­­­թիւն է պատ­­­ճա­­­­­­­ռել կնո­­­ջը։

Մա­­­րիամ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծինը կը խնդրէ հրեշ­­­տա­­­­­­­կին ազա­­­տել գո­­­նէ մօ­­­րը։ Հրեշ­­­տա­­­­­­­կը կը սլա­­­նայ եր­­­կինք՝ Հայր-Աստծուց թոյլտո­­­ւու­­­թիւն խնդրե­­­լու։

Աս­­­տո­­­­­­­ւած կը պա­­­տուի­­­րէ որ­­­պէսզի Մա­­­րիամը Ս. Կա­­­րապե­­­տի պա­­­սը պա­­­հէ, այդ ժամ նրա մայ­­­րը կ՚ազա­­­տուի տա­­­ռապան­­­քէն։

Սուրբ Կոյ­­­սը կը վե­­­րակեն­­­դա­­­­­­­նանայ, նո­­­րէն աշ­­­խարհ կու գայ եւ երեք տա­­­րի ալ կը պա­­­հէ Ս. Կա­­­րապե­­­տի պա­­­սը։ Ապա մայ­­­րը կ՚ազատուի տան­­­ջանքնե­­­րէն։

Ջա­­­ւախ­­­քում կը հա­­­ւատա­­­յին թէ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­մայ­­­րը Ենովք եւ Եղիա մար­­­գա­­­­­­­րէնե­­­րի հետ միասին մարմնով կը բնա­­­կի երկնքում՝ միւս սրբե­­­րէն առան­­­ձին, որոնք կը բնա­­­կին ար­­­դարնե­­­րի կա­­­յանի վե­­­րին յարկում։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ