Պոլսահայ լուսանկարիչ Մուրատ Էզերի իր քաղաքի հայ դէմքերով պատրաստած նկարչական գիրքը ծանօթացուցած էինք «Ակօս»ի նախորդ թիւերուն մէջ։ Մուրատ Էզեր գիրքի հրատարակութենէ ետք իր անդրանիկ ցուցահանդէսը սարքեց Երեւան Թէքէեան մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Արուեստագէտը ցուցահանդէսին ներկայացուց իր գործերէն 103 օրինակներ, որոնք արժանացան հետաքրքրութեան։ Արուեստագէտի փոխանցած տեղեկութիւններով կ՚իմանանք թէ ան որոշ դժուարութիւններու հանդիպած է մանաւանդ սահմանի վրայ, քանի որ իր հետ ունէր նաեւ վերջին հրատարակութեան 90 օրինակներ։
Մուրատ Էզեր այժմ կը պատրաստուի եւրոպական չորս քաղաքներու մէջ եւս ցուցադրել իր գործերը։