ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Արտատպուած «generalnews.am» կայքէջէն։
Թուրքիոյ պատմութեան մէջ «6-7 Սեպտեմբերի դէպքեր» անունով յիշուածը իրականութեան մէջ միայն մօտ անցեալին պատահած աղէտ մը չէ։ Իր ազդեցութիւնները շատ խոր եղած են քաղաքի, հետզհետէ երկրի պատմութեան մէջ։
Ներկայիս աւելի քան 15 միլիոն ենթադրուած քաղաքի բնակչութիւնը 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն պատահած 1955-ին հազիւ կը մօտենար մէկ միլիոնի որուն 200 հազարը, կամ եթէ համեմատելով ըսենք 1/5-ը կը կազմէին հայ եւ յոյն քրիստոնեաներ եւ հրեաները։ Ներկայ թուականներուն այդ համեմատութիւնը հազարէն մէկ իսկ չէ։
Եթէ փորձենք պատմական յետադարձ ակնարկ մը ընել, քաղաքի պատմութեան մէջ կը հանդիպինք երէք կարեւոր եւ խորհրդանշական իմաստ ունեցող թուականներու։
Առաջինը 29 Մայիս 1453-ն է։ Աւելի ուշ «Արշաւիչ» տիտղոսով յիշուող օսմանեան սուլթան Մեհմետ Բ. երկարատեւ պաշարումէ ետք տիրացած էր քաղաքին։
Երկրորդ կարեւոր թուականն է 6 Հոկտեմբեր 1923, ուր Ա. Աշխարհամարտէն ետք քաղաքը գրաւած Անգլիացիներ, կնքուած համաձայնութիւններով կը յօժարէին Պոլիսը յանձնել Անգարայի նորակազմ կառավարութեան։ Եթէ առաջինը կ՚ընդունուէր Կոստանդնուպոլսոյ արշաւումը, այս երկրորդն ալ կը դիտուի գերավարուած քաղաքին փրկութեան օր։
Այս երկու օրերու առթած տօնական յիշատակման փոխարէն 6-7 Սեպտեմբեր 1955 թուականը կ՚անտեսուի, մոռացութեան կը մատնուի երկրի իշխանութիւններուն կողմէ։ Միայն որոշ ձախակողմեան խմբակներ կը յիշատակէն այդ թուականը, իբրեւ ամօթի օր։
Թուրք պատմութեան համաձայն Կոստանդնուպոլսոյ արշաւումը բացառիկ երեւոյթ է, իբրեւ Բիւզանդական կայսրութեան կործանումը։ Բայց թագաւորը բոլորովին ուրիշ կարծիքի էր։
Մեհմետ Բ. Քաղաքը արշաւելէ ետք ինքզինք հռչակեց Բիւզանդիոնի նոր կայսրը։ Այդ իմաստով մետաղադրամներ ձուլեց, մօրը յիշատակին եկեղեցի կառուցեց։ Սակայն պետութեան իմաստունները յաջողեցան այդ երիտասարդ ու խիզախ թագաւորը կարգի բերելու, որպէս զի ամէն ինչ ընդանայ բնականոն հունի մէջ։ Սկսելով Սուրբ Սոֆիայի տաճարէն, կարգ մը յոյն ուղղաբար եկեղեցիներ մզկիթի վերածուեցան։ Ապա սկսաւ շատ աւելի կարեւոր գործողութիւնը՝ բնակչութեան ճարտարագիտութիւնը։
Քաղաքի բնակչութիւնը զոհեր տուած էր թշնամու դէմ դիմադրելով։ Զոհեր տուաւ նաեւ արշաւումին յաջորդող երեք օրերուն, երբ սովորութեան համաձայն ենիչերիներ ազատ էին ամէն տեսակ անօրինութեան, կողոպուտի, մարդասպանութեան եւ բռնաբարման, առեւանգման դէպքերու համար։ Բայց այդ զոհերէն ետք ալ քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը բաղկանար յոյներէ։
Կոստանդնուպոլիսը թուրք ցեղի դէպի արեւմուտք գաղթի ճանապարհին գրաւուած, արշաւուած սովորական քաղաք մը չէր։ Եթէ այդպէս ըլլար, պիտի յափշտակուէր քաղաքի հարստութիւնը, զինուորը պիտի հանգստանար որոշ ժամանակ, ապա պիտի նշանակուէր տեղացի կառավարիչ մը, որ պարտական ըլլար տարեկան հարկ վճարելու եւ բանակը շարունակեր իր երթը դէպի արեւմուտք։ Սակայն այս վերջինը ունէր խորհրդանշական մեծ արժէք, որու հետեւանքով ալ դարձաւ կայսրութեան նոր մայրաքաղաք։ Մայրաքաղաք՝ որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէին տեղացիները կամ եթէ թրքական աչքով դիտենք օտարազգիները։ Այդ հակասութեան իբր լուծում կայսերական քաղաքական միտքը որոշեց յոյներու կողքին հայեր բերել Պոլիս, քաղաքի բնակչութեան մէջ որոշ հաւասարակշռութիւն մը ապահովելու համար։ Հայերու գաղթով ապահովուած եղաւ երկրորդ կարեւոր բացթողում մը, քաղաքի վերաշինութեան համար մասնագէտ մարդուժի կարիքը։ Թուրքերը նախապէս չեն մտահոգուած իրենց արշաւած քաղաքներու վերաշինութեամբ։ Բայց Պոլիս իբրեւ նոր մայրաքաղաք պէտք է օժտուէր ճիշդ ալ մայրաքաղաքի կոչումին պատշաճող կոթողային շինութիւններով։ Այս բոլորին համար անհրաժեշտութիւն էր վարպետ ճարտարապետներ եւ անոնց պահանջը գոհացնելու ատակ մասնագէտ քարտաշներ, ատաղձագործներ, դարբիններ, նաղաշներ եւ դեռ բազմաթիւ վարպետներ։
Հայոց այս նոր քաղաք ներխուժումը խրախուսելու համար Օսմանեան կայսրութիւնը հիմնեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը 1461-ին, առաջին պատրիարք նշանակելով Պրուսայի հայոց հոգեւոր առաջնորդ Յովակիմը։ Այսպէսով իրողութիւն կը դառնայ կարգ մը անձերու լոկ թրքահայութեան դէմ դիրք բռնելու համար արտասանած «Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը ո՚չ թէ հայկական, այլ թրքական հաստատութիւն մըն է» խօսքը։
Դարձեալ հայերու բնակութիւնը խրախուսելու միտումով կարգ մը յունապատկան եկեղեցիներ կայսերական կառավարութեան որոշումով յափշտակուեցան իրենց ժողովուրդին ձեռքէն եւ փոխանցուեցան եկուոր հայերուն։
Որքան տարօրինակ է, թէ ուղղափառ քրիստոնեայ երկու ժողովուրդներու միջեւ իրարու հանդէպ ատելութիւնը շարունակած է մինչեւ մօտ անցեալ։ Հայեր շատ աւելի հեշտութեամբ համակերպած են իշխող տարրին եւ մրցակցութեան մէջ մնացած քաղաքի բուն տեղացի ժողովուրդին հետ։
Բայց նոյնքան տարօրինակ է, որ այս իրարու դէմ հակադրուած ժողովուրդները նոյն ճակատագիրը կը բաժնեն, երբ մահմետականներ գրգռուին ու բորբոքին քրիստոնեաներու դէմ։
Այդ տեսակի պետական կարգադրութեամբ ապահովուած գրգռութիւն մըն է 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի վայրագ դէպքերը։ Գրգռութիւնը սկսաւ յետմիջօրէին լոյս տեսնող «Էքսփրես» օրաթերթի զգայացունց լրատուութեամբ։ Այդ լրատուութեան համաձայն Յունաստան, Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ ռումբ արձակուած էր Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալի ծնած տան վրայ։ Տարիներ անց յայտնի դարձաւ, որ այդ ռումբը արձակողը Թուրքիոյ գաղտնի գործակալութեան պաշտօնեայ մըն է։ Այդ լուրը կայծակնային արագութեամբ լսուեցաւ բոլոր երկրի մէջ եւ իսկոյն շարժման անցաւ նախապէս պատրաստուած խուժանը։ Իբրեւ թէ հասարակութիւնը կատարուածէն գրգռուած էր եւ իր բարկութիւնը կը հանէր տեղացի յոյներէն։ Սակայն ինչ որ վերեւ ալ նշած ենք այս տեսակ դէպքերու պարագային շուտով կը շփոթուին հայն ու յոյնը եւ ատելութիւնը կը փոխանցուի բոլոր քրիստոնեաներուն։ Այս անգամ ալ այսպէս եղաւ եւ քանի մը ժամուայ ընթացքին երկիրը ապրեցաւ ամենասարսափելի օրերէն մէկը։ Ցուցարարներ կազմակերպուած ձեւով կը խուժէին նախապէս նշանակուած շէնքերու վրայ, ջարդուփշուր կ՚ընէին ինչ որ ձեռքերնին կ՚անցնէր։ Յարձակումներու առաջնակարգ թիրախներն էին յունաց եկեղեցիները ապա փոքրամասնութիւններու պատկանող խանութներ, գործարաններ եւ բնակարաններ։ Այդ բոլորի ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ ոճիրներ։ Բոլոր այս զարգացումներու ընթացքին ոստիկաններ երբեք չմիջամտեցին կատարուած անկարգութեան եւ գոհացան կատարուածը հեռուէն դիտելով։ Կառավարութիւնը յաջորդ օր հռչակեց արտակարգ իրավիճակի դրութիւն եւ արգիլեց փողոց ելլալը։ Դարձեալ տարիներ անց Թուրքիոյ բանակի զօրավարներէն մին համարձակեցաւ կատարուածը փառաբանելու ըսելով որ «6-7 Սեպտեմբերին տեղի ունեցածը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ Յատուկ ծառայութեան շատ յաջող մէկ գործողութիւնը»։ Այսօր շատեր դէպքը կը դիտեն իբրեւ անցեալին կատարուած եւ այսօր մոռնալու արժանի նիւթ մը ըլլալով։ Բայց իրողութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Նախ եւ առաջ երկիրը նման դէպքերու կրկնութեան ներուժը անցեալին ինչպէս որ ունէր ունի նաեւ այսօր։ Այսօր ալ պետութիւնը ցանկացած պահուն կրնայ պաշտօնի կոչել այդ վայրագութիւնները իրականացնող խուժանը։ Այս կարողութեան գլխաւոր ազդակը պետութեան հաշւոյն գործուած յանցանքներու անպատժելիութիւնն է։ Պետութիւնը անպատժելիութեան վահան մը կը շնորհէ բոլոր անոնց, որոնք իր անունով պիտի դիմեն յանցագործութեան։
1955-ին Պոլսոյ բնակչութիւնը տակաւին չէր հասած մէկ միլիոնի սահմանին։ Իսկ քաղաքի բնակչութեան մէջ 20 տոկոս կը կազմէին յոյները, հայերը եւ հրեաները։ Այսօր քաղաքի բնակչութիւնը ենթադրաբար աւելի քան 15 միլիոն է, որուն մէջ վերոնշեալ փոքրամասնութիւնները միասնաբար չեն հասնին 100 հազարի։ Այսինքն մէկ տոկոսէն անգամ աւելի քիչ են։ Բնակչութեան այս նուազումին մէջ շատ կարեւոր դեռ ունեցաւ 6-7 Սեպտեմբերի զանգուածային յանցագործութիւնը։ Նոյն թուականներուն կը զուգադիպի նաեւ բազմակուսակցական ընտրութիւններու գործադրութիւնը, որ իր հետ բերաւ ամբոխավարական ռազմավարութիւն։ Այս նոր գործընթացին մէջ կարելի էր ամէն ինչ, բոլոր արժանիքները զոհել, քանի մը յաւելեալ ձայներու տիրանալու համար։ Այդ թուականէն ետք է, որ ծայր առաւ դէպի Իսթանպուլ գաղթի հոսանք մը։ Մարդիկ կը գաղթէին Պոլիս նոր կեանքի մը ձեռնարկելու համար։ Այս կեանքը կը խոստանար աւելի բարձր կենսամակարդակ ու նաեւ աւելի ընդարձակ ազատութիւններ։ Այս բոլորին յարմար ենթահողը պատրաստուեցաւ շնորհիւ 6-7 Սեպտեմբերի անցուդարձերուն։ Սուլթան Մեհմէտ Բ. Ճիշդ է, որ քաղաքը արշաւած էր 1453-ին, բայց այդ մէկը չէր կրցած ամբողջութեամբ փոխել Պոլսոյ ուրոյն դիմագիծը։ Նախքան 1955 դէպի այս քաղաք եկողները կը փորձէին համակերպիլ քաղաքի կենցաղին։ Իսկ աւելի ուշ եկողները համարձակեցան իրենց կենցաղը պարտադրել քաղաքի բնիկներուն։ Այս յատկութիւնները նկատի առնելով նոյնիսկ կարելի է պնդել, թէ թուրք ազգայնականութիւնը պարտի աւելի մեծ պատիւներ ցուցաբերել այս թուականին, քանի որ ան պիտի խորհրդանշէ քաղաքի թրքացումը։ Առաւել կամ նուազ իր բոլոր յատկութիւններով քաղաքը հազիւ այդ դէպքէն ետք է, որ թրքացաւ եւ ունեցաւ իր այսօրուայ դիմագիծը։ 1453-ին արշաւումով քաղաքին միայն տէրն էր, որ փոխուած էր, իսկ այս ընթացքով արդէն Պոլիս իր պատմութեան մէջ կտրուկ կերպով թրքացաւ։ Երեւոյթ մը, որ կորուստ է համաշխարհային մշակոյթի առումով եւ ձեռքբերում մը թուրք ազգայնականութեան հաշւոյն։