700-րդ մէկտեղումը մարդու իրաւունքներու արժէք ընծայող բոլորին համար կարեւոր դէպք մըն էր։ Սակայն անակնկալ որոշումով մը Ներքին գործոց նախարարութիւնը արգիլեց ցոյցը։ Այդ խառնակութեան մէջ 47 անձեր բերման ենթարկուեցան եւ ապա Ներքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը կրկին անգամ գրգռեց արդարութիւն պահանջելու համար հաւաքուողները։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
700-րդ մէկտեղումը մարդու իրաւունքներու արժէք ընծայող բոլորին համար կարեւոր դէպք մըն էր։ Սակայն անակնկալ որոշումով մը Ներքին գործոց նախարարութիւնը արգիլեց ցոյցը։ Այդ խառնակութեան մէջ 47 անձեր բերման ենթարկուեցան եւ ապա Ներքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը կրկին անգամ գրգռեց արդարութիւն պահանջելու համար հաւաքուողները։
Եդուարդ Տանձիկեան- Դուք այս բոլորը ինչպէ՞ս կը գնահատէք։ Արդեօք կը վերադառնանք 1990-ական տարեթիւերու միջավայրին։
Առատ Տինք- Այս ցոյցերը ընդհատուած էին 1999-2009 թուականներու միջեւ։ Անշուշտ որ այս վերջին պատահածը բոլորովին անիմաստ երեւոյթ մըն է։ Բոլորը գիտեմ թէ կատարուածը որոշ նպատակ մը հետապնդող խաղաղ բողոքի ցոյց մըն է։ Ուրեմն ի՞նչ պետքութիւն զգացին վայրագ միջամտութիւն մը ունենալու համար։ Ես այս կատարուածը ամբողջովին ճնշելու փորձ մը ըլլալով կը տեսնեմ։ Անհանդուրժողականութեան դրսեւորում մը։ Վախցան որ այս վերջինը շատ աւելի զանգուածային բնոյթ պիտի ունենայ եւ ուզեցին այդ հաւանականութիւնը չէզոքացնել։ Թերեւս ալ այստեղ ակնարկուած յանցագործութեան մեղաւորները այս պահուն որոշ իշխանութիւն մը ձեռք բերած ըլլալով իրենք կրնան արգելք ըլլալ փորձել։ Բայց այս բոլորը մեզ այնքան ալ հետաքրքրող բաներ պէտք չէ որ ըլլան։ Վերջապէս հոն գտնուիլը ճիշդ էր, այդ ցոյցին մասնակիցը ըլլալը ճիշդ էր, այդ ճիշդին հաւատարիմ մնալ։
Այս է էականը, ապա թէ ոչ այդ նոյն վայրը անցեալին իշխանութեան համար ալ կարեւոր էր։ Կառավարութիւնը իր զանգուածին կը բացատրէր այդտեղ հնչած արդարութեան պահանջը։ Ուրեմն հոն գտնուած պահուս իմ ամենակարեւոր մտատանջութիւնը ճիշդ այդ գետին վրայ էր։ Ո՛չ միայն այդ պահէն այլ շարունակութենէն ալ մտահոգ էի։ Հասարակութիւնը ինչպէս այսքան դիւրին կը համակերպի իր հաւատացած գործիչներու պարզած հակասութիւններուն։
Ե. Տ.-Իրաւ ալ շատեր իսկոյն մտաբերեցին Էրտողանի վարչապետութեան շրջանին Շաբաթօրեայ մայրերուն ուղղած խոստումները։ Ան խորհրդարանին մէջ իր կուսակցականներուն մանրամասնօրէն պատմած էր Պէրֆօ մայրիկի դժբախտութիւնը եւ իր կուսակցականներն ալ աղի արցունքներ հոսեցնելով լսած էին այդ բոլորը։ Իսկ այսօր Ներքին գործոց նախարարը կը յանդգնի այդ նոյն մայրերու ահաբեկչական գործիքը դառնալը պնդելու։ Իշխանութեան այս շեղումը ի՞նչպէս կը մեկնաբանես։
Ա.Տ.- Շատ յաճախ ապրեցանք նման շեղումներ։ Կառավարութիւնը նախապէս ուրիշ բան ըսած է, եւ աւելի ետքն ալ բոլորովին ուրիշ։ Այստեղ մեզի համար հետաքրքրականը ժողովուրդին այս տարօրինակ ալեկոծումն է։ Բան մը ըսած ատեն կը հաւատան եւ ապա բոլորովին հակառակը ըսած ատեն դարձեալ կը հաւատան։ Այս երեւոյթը նաեւ ապագայի նկատմամբ մեր յոյսերը կամ հիասթափութիւնները ձեւաւորող յատկութիւն մըն է։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ, ո՞ւր պիտի հասնի ամէն ինչ։ Մեզ նման մարդիկ երկար ժամանակէ ի վեր այս տեսակ երեւոյթներու դէմ բողոքող դիրքի մէջ ենք։ Ինծի համար կարեւոր եղածը հասարակութեան լայն շերտը ի՞նչ դիրք բռնած է։ Իրենց տուած ձայներով այս ընթացքին ալ կը զօրակցի՞ն։ Բոլոր ուժերը մէկ ձեռքի մէջ հաւաքուած է։ Ժողովուրդը քանի մը անգամներ իր դժգոհութիւնը արտայայտելու առիթներ ունեցաւ։ Արդեօք փորձեց այդ առիթներէն օգտուիլ։
Ե. Տ.-Այդ օր քու շուրջդ պահպանութեան վահան մը գոյացաւ։ Թերեւս ոչ միայն քեզ, հոն գտնուողներուն բոլորը բերման ենթարկուելէ ազատելու ջանք մը։ Այդ նկարին մէջ կը տեսնենք Ահմէտ Շըք, Կարօ Փայլան, Հիւտա Քայա, Սերփիլ Քէմալպայ եւ տակաւին ուրիշներ։ Այդ լուսանկարին մասին բաւական մեկնաբանութիւններ կատարուեցան։ Դուն ինչպէ՞ս կը մեկնաբանես այդ լուսանկարը քանի որ հոս շատ տարբեր միջավայրերէ մարդիկ նոյն նպատակի համար զօրակցութեան մէջն էին։
Ա.Տ.- Արդէն մենք այս մարդկանց հետ շատ երկար ժամանակէ ի վեր նոյն ժողովրդավարական սկզբունքներու հանդէպ զգայնութիւն մը գոյացուցած էինք։ Հոն ինծի ուղղեալ պաշտպանութեան յատուկ ջանք մը անշուշտ կար, հօրս բերմամբ։ Բայց արդէն այդ բոլորն ալ իմ գաղափարակից բարեկամներս են։ Որովհետեւ երեսփոխանները բերման ենթարկելու չէին համարձակեր, ուղղուեցան անոնց կողքին գտնուողներուն։ Իւրաքանչիւրին համար պայքար մը տրուեցաւ։ Ես թերեւս վերջինն էի եւ ամէն ոք իր բոլոր կարողութիւնով փորձեց զիս խնայել։ Այս տեսակ խորհրդանշական պահերէն մարդոց յատուկ իմաստներ արտադրելը բնական է անշուշտ։ Բայց ես այս տեսակ դէպքերուն մէջ միշտ կը նախընտրեմ ջուրին մէջ կաթիլ մը ըլլալ։ Չեմ ուզեր, որ հօրս պատճառաւ կամ ազգանունիս պատճառաւ յաւելեալ ապահովութիւն մը վայելեմ։ Անոր համար ալ միշտ զգոյշ վարուիմ։ Կը խուսափիմ ուշադրութեան կը կիզակէտին շեղումէն։ Վերջապէս այդտեղ Հասան Օճաքի ընտանիքէն երեք անձեր բերման ենթարկուեցան։ Քանի քանի տարիներու պայքարի մը մէջէն եկող մարդիկ, իրենց զաւակները, քոյրերը կամ եղբայրները փնտռող մարդիկ։ Ես ստիպուած եմ անոնց կողքին կեցած պահուս շատ զգոյշ ըլլալու։ Երբեք ու երբեք իրենց առջեւ չանցնելու։ Խօսք մը կայ «Աստուած կարգը թող չի խանգարէ կ՚ըսուի» մենք հիմա ստիպուած ենք պետութիւնը կարգը չի խանգարէ ըսելու։ Այլեւս մեր սուգը պահելու անգամ ի վիճակի չենք, այնքան շատ սուգերով շրջապատուեցանք որ…։ Բայց ինչ որ ըլլայ մենք պիտի շարունակենք հոն ըլլալու, կողք կողքի ըլլալու։