ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մարդկութիւնը վրիժառու գազանի ճիրաններուն մէջ

Հա­մաշ­­­խարհա­­­յին քա­­­ղաքակրթու­­­թիւնը դա­­­րերու ըն­­­թացքին զար­­­գա­­­­­­­ցաւ եւ մեր օրե­­­րուն իւ­­­րա­­­­­­­ցուց նոր հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թիւն մը՝ ան­­­հատնե­­­րու բո­­­ղոքե­­­լու իրա­­­ւունքը։ Մար­­­դը իրա­­­ւունք ու­­­նի իր բո­­­ղոքը ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տե­­­­­­­լու։ Մա­­­նաւանդ երբ կը հա­­­ւատայ թէ անի­­­րաւո­­­ւած է, մատ­­­նո­­­­­­­ւած է անար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան, այդ իրա­­­ւունքի գոր­­­ծադրման պա­­­հան­­­ջը շատ աւե­­­լի զօ­­­րաւոր կը դառ­­­նայ։ Բո­­­ղոքե­­­լու իրա­­­ւունքը հաս­­­տա­­­­­­­տուած է եւ օրէնքնե­­­րով կը պաշտպանուի։ Այդ օրէնքնե­­­րը ի զօ­­­րու են նաեւ Թուրքիոյ սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութեան զա­­­նազան յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րով։ Օրէն­­­քը քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րուն կը թոյ­­­լատրէ առանց որե­­­ւէ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան թոյլտո­­­ւու­­­թիւնը պա­­­հան­­­ջե­­­­­­­լու, իր բո­­­ղոքը հնչեց­­­նել, ձայ­­­նը իմաց­­­նել հա­­­սարա­­­կու­­­թեան։ Բայց գոր­­­ծին գոր­­­ծադրու­­­թեան պա­­­հուն խնդի­­­րը ու­­­նի որոշ բար­­­դութիւններ։ Քա­­­ղաքա­­­ցիներ այդքան ալ ազատ չեն ըլ­­­լար օրէն­­­քով իրենց ըն­­­ծա­­­­­­­յուած առի­­­թը գոր­­­ծա­­­­­­­ծելու պա­­­հուն։ Կը հան­­­դի­­­­­­­պին զա­­­նազան խո­­­չըն­­­դոտնե­­­րու։ Սա­­­կայն վեր­­­ջին հա­­­շուով անոնք եւս յաղ­­­թա­­­­­­­հարե­­­լի են եւ կը կա­­­յանայ ակնկա­­­լուած բո­­­ղոքի ցոյ­­­ցը։ Եւ այդպէս եղած էր 700 շա­­­բաթ­­­ներ շա­­­րու­­­նակ։ Ճիշդ է որ ան­­­ցեալին որոշ ժա­­­մանա­­­կահա­­­տուա­­­ծի ըն­­­թացքին այդ ցոյ­­­ցե­­­­­­­րը են­­­թարկո­­­ւեցան ոս­­­տի­­­­­­­կանա­­­կան բռնու­­­թեան, որու հե­­­տեւան­­­քով որոշ ժա­­­մանակ ընդհա­­­տուե­­­ցան, բայց այնպէս թէ այսպէս շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուե­­­ցան մին­­­չեւ նա­­­խորդ Շա­­­բաթ օր։

Թուրքիան Ի. դա­­­րու վեր­­­ջին քսան տա­­­րինե­­­րուն մատ­­­նո­­­­­­­ւեցաւ զի­­­նուո­­­րական իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան բռնու­­­թեան։ Այդ տա­­­րինե­­­րուն հնա­­­րուած գոր­­­ծադրու­­­թիւն մըն էր մար­­­դիկ ձեր­­­բա­­­­­­­կալել ու ապա ոչնչաց­­­նել։ Բազ­­­մա­­­­­­­հազար­­­ներ այդ ձե­­­ւով բեր­­­ման են­­­թարկո­­­ւեցան են ան­­­հետ կո­­­րան։ Ահա այդ մարդկանց հա­­­րազատ­­­ներն են Շա­­­բաթօ­­­րեայ մայ­­­րե­­­­­­­րը, որոնք իրենց պատ­­­մութեան մեկ­­­նա­­­­­­­կէտ իբ­­­րեւ, որ­­­դեգրած են 24 Ապ­­­րիլ 1915 թո­­­ւակա­­­նը, որ­­­պէս քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րու պե­­­տու­­­թեան կող­­­մէ սպա­­­նու­­­թեան եւ ապա ու­­­րացման աւան­­­դութեան սկիզ­­­բը։

Նախորդ Շա­­­բաթ, 25 Օգոս­­­տո­­­­­­­սին Շա­­­բաթօ­­­րեայ Մայ­­­րե­­­­­­­րը կը պատ­­­րաստո­­­ւէին 700-րդ ան­­­գամ մէկ­­­տե­­­­­­­ղուիլ այն նոյն կէ­­­տին վրայ, ուր սկսած էր այս ար­­­շա­­­­­­­ւը։ Բնա­­­կանա­­­բար խորհրդան­­­շա­­­­­­­կան այդ մէկ­­­տե­­­­­­­ղու­­­մին պի­­­տի մաս­­­նակցէին սո­­­վորա­­­կանէն շատ աւե­­­լի մեծ թի­­­ւով ցու­­­ցա­­­­­­­րար­­­ներ, իրենց զօ­­­րակ­­­ցութիւ­­­նը բե­­­րելով այս ար­­­դա­­­­­­­րատենչ ցոյ­­­ցին։ Բայց այդ օր ոս­­­տի­­­­­­­կանու­­­թիւնը ըն­­­դա­­­­­­­ռաջե­­­լով Ներ­­­քին գոր­­­ծոց նա­­­խարա­­­րի հրա­­­հան­­­գին, բռնու­­­թեամբ մի­­­ջամ­­­տեց եւ ար­­­գելք եղաւ բո­­­ղոքի ցոյ­­­ցի կա­­­յաց­­­ման։ Բռնու­­­թիւնը բա­­­ւական սաս­­­տիկ էր եւ ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­ներ բեր­­­ման են­­­թարկե­­­ցին Շա­­­բաթօ­­­րեայ մայ­­­րե­­­­­­­րը եւ անոնց զօ­­­րակ­­­ցե­­­­­­­լու հա­­­մար Կա­­­լաթա­­­սարա­­­յի հրա­­­պարակ հա­­­սած ժո­­­ղովուրդը։

Պա­­­տահա­­­ծը կա­­­տարեալ խայ­­­տա­­­­­­­ռակութիւն մըն էր յա­­­նուն ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թեան։ Բայց ար­­­դէն ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թեան սկզբունքնե­­­րը, որ թէեւ եր­­­բեք չեն հաս­­­տա­­­­­­­տուած, ար­­­մատ չեն թո­­­ղած, բայց յատ­­­կա­­­­­­­պէս նոր վար­­­չա­­­­­­­կար­­­գի օրե­­­րուն բո­­­լորո­­­վին առաս­­­պե­­­­­­­լի մը վե­­­րած­ւած են երկրին մէջ։ Մնա­­­ցած է մե­­­նատի­­­րական բռնա­­­կալու­­­թիւն մը, որ ի զօ­­­րու է նա­­­խապէս օրէնքնե­­­րով հաս­­­տա­­­­­­­տուած բո­­­լոր իրա­­­ւունքնե­­­րը չե­­­ղեալ հա­­­մարե­­­լու։ Այդ իրա­­­ւունքնե­­­րը ոտ­­­նա­­­­­­­կոխե­­­լու հա­­­մար ար­­­տա­­­­­­­կարգ լիազօ­­­րու­­­թիւններ շնոր­­­հո­­­­­­­ւած են կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան պաշ­­­տօնեանե­­­րուն, քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու կու­­­սա­­­­­­­կալ­­­նե­­­­­­­րուն կամ գա­­­ւառա­­­պետ­­­նե­­­­­­­րուն։

Մտա­­­հոգիչ է այն իրո­­­ղու­­­թիւնը, երբ կը տես­­­նենք թէ ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու չա­­­փազանց բռնու­­­թեան ետին կայ թշնա­­­միի հետ պայ­­­քա­­­­­­­րելու հա­­­մոզու­­­մին տե­­­ղի տո­­­ւած հո­­­գեբա­­­նու­­­թիւն մը։ Իշ­­­խող կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը եր­­­կար ժա­­­մանա­­­կէ ի վեր կը քա­­­րոզէ ներ­­­քին ու ար­­­տա­­­­­­­քին թշնա­­­մինե­­­րու վար­­­կա­­­­­­­ծը։ Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան նա­­­խագա­­­հը իր ելոյթնե­­­րով կը պնդէ թէ ընդդի­­­մադիր­­­ներ ոչ թէ իրեն, այլ իս­­­լամ կրօ­­­նի դէմ են։ Ինքն ու իր իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը կը նոյ­­­նացնէ հա­­­ւատ­­­քի հետ։ Այս բո­­­լորը տես­­­նե­­­­­­­լով կա­­­րելի է ըսել թէ Թուրքիա վե­­­րամուտ գոր­­­ծեց աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ցուած թա­­­գաւոր­­­նե­­­­­­­րու շրջա­­­նին։ «Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ցուած թա­­­գաւոր» եզ­­­րով առա­­­ջին հեր­­­թին կը մտա­­­բերենք հին դա­­­րերու եգիպ­­­տա­­­­­­­կան փա­­­րաւոն­­­նե­­­­­­­րը, բայց պէտք չէ մոռ­­­նալ թէ այս երկրի մէջ մին­­­չեւ ինի­­­սուն տա­­­րի առաջ սուլթա­­­նը նաեւ հա­­­մայն մահ­­­մե­­­­­­­տական­­­նե­­­­­­­րու խա­­­լիֆան եղած է։

Պե­­­տու­­­թիւն կո­­­չուա­­­ծը այս հո­­­ղերու վրայ վրի­­­ժառու գա­­­զան մըն է սկիզբ առած Հռո­­­մի կայսրու­­­թե­­­­­­­նէն, շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կած Բիւ­­­զանդա­­­կան, Օս­­­մա­­­­­­­նեան կայսրու­­­թիւննե­­­րու շրջա­­­նին ու հա­­­սած հան­­­րա­­­­­­­պետա­­­կան Թուրքիոյ մին­­­չեւ մեր ապ­­­րած օրերը։