Պատմութիւններ կան, որոնց մասին պէտք է խօսիլ՝ քալելով, այնպէս՝ ինչպէս ըրեր են յոյն իմաստասէրներ։ Այդպիսի պատմութիւն ունի «ճեմ»ը, այո, ան, որ մեզի տուաւ «ճեմարան» եւ «ճեմուղի» բառերը։ Ուստի, քանի մը աշակերտով որոշեր ենք հիւրանոցի նախաճաշէն ժամ մը առաջ քայլ առնել Նալպանտեան պողոտայէն վեր՝ դէպի «Հայ բարերարներու ճեմուղի» ու միջոցին յայտնաբերել «ճեմ»ին առած քայլերը։
-Պարոն, ո՞վ են այդ բարերարները։
-Լազարեանը, Մանթաշեանը, Պօղոս Նուպար Փաշան, Կիւլպէնկեանը, Ալեք Մանուկեանը եւ նուազ ծանօթ Միքայէլ Արամեանցը, որուն շլացուցիչ «Մաժէսթիք» հիւրանոցը այսօր դարձած է «Մարիոթ Թիֆլիս»։ Անոնց տրամադրած նիւթական միջոցներով էր, որ մեր ազատագրական շարժումը, ազգային կեանքը եւ լուսաւորութիւնը յառաջդիմական մեծ քայլեր առին։ Իսկ «ճեմ»ը, Անի, իր առաջին քայլերը առեր է Պարսկաստանի մէջ։ Բունը «ճամիտան» է, որ կը նշանակէ «քայլ առնել, թափառիլ, դեգերիլ, պտոյտ ընել»։ Լաւ կրթուած էր։ Զարմանալի չէ, որ մեր մայրենին գեղեցկացեր է «ճեմ»ով շինուած նուրբ բառերով, ինչպէս՝ գեղաճեմ, սիգաճեմ, նազաճեմ, նրբաճեմ։
Փոքրիկ դադար մը կու տանք։ Հասած ենք Նալպանտեան պողոտայի առաջին խաչմերուկը, ուր կայ զովացուցիչ պուլպուլակ եւ որպէս առաւօտեան արարողութիւն, պէտք է խոնարհիլ անոր առջեւ (բառացիօրէն խոնարհելու մասին է խօսքը, քանզի այդ ցայտաղբիւրները ցածլիկ են ու կը պարտադրեն, որ մօտեցողը խոնարհի ջուրի առջեւ)։
-Չենք գիտեր, թէ «ճեմ» բառը Պարսկաստանէն ե՞րբ ճամբայ ելաւ եւ Հայաստան հասաւ։ Սակայն, մեր լեզուաբանները ստուգած են, թէ Ոսկեդարուն, ան արդէն իր յարգելի տեղը ունէր մայրենիի բառապաշարին մէջ։ Մեր անդրանիկ թարգմանիչները զայն գործածեցին Ս. Գիրքի մէջ։ Դասական շրջանի մատենագիրները սիրեցին զայն ու հնարեցին՝ «ճեմ առնուլ, ճեմելի, ճեմացուցանեմ, ճեմութիւն» բառերը։ Մովսէս Խորենացին «Պատմութիւն Հայոց» աշխատասիրութեան մէջ օգտագործեց «ճեմարան» բառը. «...զմեզ առաքեցին յԱղեքսանդրիայ ի լեզու պանծալի ի ստոյգ յօդանալ ճեմարանին վերաբանութեան»։ 10-րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին անոր նոր ընթացք տուաւ։ Սուրբի պայծառ գրիչին կը պատկանին «ճանապարհ ահեղինաճեմ», «մաքրինաճեմ հրարփի», «երկնաճեմ սանդուղք» եւ «ռահ արքայաճեմ» արտայայտութիւնները։ Անոնք տեղ գտան «Ծննդեան», «Յարութեան» եւ «Գալստեան» տաղերու, ինչպէս նաեւ «Մանեան Ողբերգութեան» բանաստեղծութեան մէջ։
Աշակերտները զարմանալով կը նկատեն, թէ մայրաքաղաքի այս ամայի եւ խաղաղ ժամուն, առաջին բացուող խանութները, ո՛չ ճաշարաններն են, ո՛չ սրճարանները, ոչ ալ՝ դեղարանները, բայց՝ ծաղկավաճառները։ Կը կանգնինք ցուցափեղկը գոյնզգոյն փունջերով զարդարուած կրպակի մը առջեւ։ Կը գնենք եօթը ճերմակ մեխակներ։
-Եօթներորդը որո՞ւն համար։
-Միքայէլ Նալպանտեանին, ազատատենչ բանաստեղծ՝ որուն անունով է կոչուած այս պողոտան։ Ներսէս, 11-րդ դարուն, «ճեմարան» բառը գործնականապէս մտաւ Հայաստան։ Այդ դարուն, Գրիգոր Մագիստրոսի բացած դպրոցները, հետեւելով Արիստոտելի «ճեմական» դպրոցներու օրինակին, կոչուեցան «ճեմարան»։ Անիի, Սանահինի եւ Բջնիի մէջ էին անոնք։ 12-րդ եւ 13-րդ դարերուն Հայաստանի մէջ աւանդութիւն էր, որ «նրբաճեմ» վարդապետներ տեղէ տեղ շրջագայէին եւ զանազան վանքերու մէջ դասաւանդէին։ Սակայն, ուշ միջնադարուն «ճեմարան» բառը դուրս ելաւ Հայաստանի սահմաններէն ու սկսաւ շրջագայիլ հայկական հեռաւոր գաղութներու մէջ։ Ղրիմի Ս. Խաչ վանքը ունեցաւ «ճեմարան»։ Սա, 1600-ականներու սկիզբն էր։ 1815-ին հիմնուեցաւ մեր պատմութեան ամենայայտնի ճեմարաններէն մէկը՝ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը։ Յիշել կ՚արժէ, թէ այդ ուսումնարանի մէջ մշակուած գրական նոր հայերէնը կոչուեցաւ «ճեմարանական բարբառ»։ Եւ այդ բարբառով մեր լեզուն առաւ նոր քայլեր. ճեմասէր, ճեմավայր, ճեմելի, ճեմաստան... Ունեցանք նաեւ պատկերալից ածականներ. երկնաճեմ, լուսնաճեմ, գիշերաճեմ, մենաճեմ, շորորաճեմ, կաքաւաճեմ, վեհաճեմ եւ ամենաընտիրը՝ ուղփաճեմ՝ ճաճանչներու մէջ քալող։ Այդ ածականին արժանացաւ աստուածաբան, մատենագիր եւ տոմարագէտ Վանական վարդապետը, ան, որ 1223 թուականին վանք մը հիմնեց, անունը՝ Խորանաշատ։ 1821 թուականին բացուեցաւ հայրենիքէն հեռու մէկ այլ ճեմարան, որ մինչեւ այսօր կը գոյատեւէ, Հնդկաստանի, Կալկաթա քաղաքի մէջ՝ «Մարդասիրական ճեմարան»։ 1824 թուականին Թիֆլիսի մէջ բացուեցաւ Մանթաշեանի եւ Արամեանցի հովանաւորած Ներսիսեան ճեմարանը... Ալիք, հայկական քնարերգութեան մէջ «ճեմել» բայը սիրեց վայելչօրէն քալող գեղեցկուհիներուն ընկերակցիլ, ինչպէս այն հայուհին, որ օր մը Պոսֆորի վրայ, նաւու մը սարաւանդը, Սկիւտար վերադարձող Պետրոս Դուրեանին աչքերը շոյեց.
«Բարձրահասակ եւ գեղադէմ»
«Անցաւ մօտէս սիգաճեմ»։
Հայկական մամուլի եւ քերթողութեան էջերուն մէջ պահուած կը մնան ընտիր տողիկներ, ինչպէս ան, որ զարդարեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հազարան Բլբուլ» բանաստեղծութիւնը. «Մի նազանի հուրի փերի ճեմ է առնում դէպի ինձ»։
Կը հասնինք ճեմուղի։ Բարեխնամ, ծառապատ տարածութիւն մը։ Մեզ կը դիմաւորէ Միքայէլ Նալպանտեանի բարձրահասակ եւ խոհուն արձանը։ Ապա կը յայտնուին վեց յուշակոթողները։ Մեխակները կը խոնարհին։
-Պարոն, ճեմել բայը յաճախ չէ որ կը գործածեմ, կամ կը լսեմ։ Բառը ծերացա՞ւ, այլեւս չի՞ կրնար քալել։
-Վէմ, բառը չէ որ յոգնեցաւ։ Մենք ունինք նոյնքան եւ աւելի տարեց բառեր, որոնք աշխուժօրէն կը շարունակեն գործել։ Բայց, «ճեմ»ը տարբեր է միւսներէն։ Ան կը սիրէ նազ ընել։ Կը յայտնուի արուեստի եւ գեղագիտութեան միջավայրերուն։ Օրինակ, մայրաքաղաքի ճարտարապետական գեղեցկութիւններն են «ճեմասրահ»ները։ Օբերան, քաղաքապետարանը, մանկական գրադարանը, պետական համալսարանը եւ Համալիրը ունին իրենց շքեղ ճեմասրահները։ Իսկ ամէն տարի երբ կ՚ընտրուի Հայաստանի գեղեցկուհին, կ՚ընտրուի նաեւ երկրի «Գեղաճեմ գեղեցկուհի»ն։ Անի, չկարծես, թէ միայն մարդիկ կը ճեմեն։ Լեռներն ու քաղաքներն ալ...
-Անո՞նք ալ կը ճեմեն։
-Շնորհիւ մարդու երեւակայութեան։ Մեսրոպ վարդապետ Ուղուրլեանի «Տրդատ» թատրերգական քերթուածը ունի Մասիս լերան հետեւեալ նկարագրութիւնը. «Լեառն Մասիս բարձրաճեմ»։ Իսկ մամուլի մէջ գովաբանուած էր Պէյլանը, Կիլիկիոյ երբեմնի հայաբնակ քաղաքը. «Պէյլանը գեղաճեմ»։
Նախաճաշի ժամ է։ Կը սկսինք վերադառնալ։ Ալիքը քայլ մը յառաջ կը նետուի.
-Պարոն, ես «գեղաճեմ գեղեցկուհի»ի պէս պիտի քալեմ։
Իսկ մենք, «ճեմ» բառի հետ մտերմացած եւ անոր թեւը մտած, մինչեւ պանդոկ բառախաղ կը խաղանք- կը հնարենք նոր «ճեմ»եր ու հայանպաստ այս միավանկին կու տանք նոր քայլեր. արագաճեմ... ժպտաճեմ... ցնորաճեմ... տխրաճեմ... երազաճեմ... սգաճեմ... երերաճեմ... լեռնաճեմ... եւ այն, որ հիմա սկսեր ենք կատարել… խմբաճեմ։