Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան 4 Օգոստոս Շաբաթ առաւօտ ժամանեց Պոլիս։ Չուլճեան սրբազան ուղղակիօրէն մեկնեցաւ Գնալը կղզի եւ նախաճաշի սեղանին շուրջ մէկտեղուեցաւ Կազդուրման Կայանի պատանիներուն հետ։ Տրուած ըլլալով թէ Սեպուհ սրբազան Վանաձորի մէջ ինք եւս կը վարէ մանկական ճամբար մը, յատուկ ուշադրութեամբ զրուցեց երախաներուն հետ եւ տեղեկութիւններ ստացաւ նաեւ կայանի վարիչներէն։ Սրբազանը նոյն օր կատարեց նաեւ մկրտութեան խորհուրդ մը։ Իսկ 5 Օգոստոս Կիրակի օր նախագահեց Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագի արարողութեան։ Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հովիւ Եղիշէ ծայրագոյն վարդապետ Ուչքունեան։ Իսկ նախագահ սրբազանը քարոզեց Յիսուսի առակներու եւ պատգամներու միջոցաւ մերօրեայ իրողութիւնները մեկնաբանելով։ Արդարեւ սրբազան իր քարոզին մէջ բնութագրեց Հրէից Նազովրեցի թագաւորի վարդապետութեան դրուակները։
«Ամէն մարդ կ՚երթար Յիսուսի ետեւէն, քանզի ժողովուրդը յոգնած էր։ Ժողովուրդը վստահութիւն չունէր կղերականներու, հոգեւորականներու, գիտնականներու, օրէնսդիրներու եւ ամէն անոնց նկատմամբ, որոնք երկիրը կը կառավարէին։ Մարդիկ կը փնտռէին իենց փրկիչը, որ երթան ետեւէն։ Հաւատք եւ վստահութիւն չունէին։ Իմացած էին, որ Յիսուս Փրկիչ մը կայ, կը բուժէ բոլորին։ Միայն սիրով ու ներողութեամբ կը բուժէ, այլ ոչ թէ օրէնքով, դատով ու դատաստանով կը պատժէ։
Ուրեմն մարդկութեան մէջ ժամանակ առ ժամանակ հաւատքը կը տկարանայ։ Եւ առայժմ կը տիրէ յուսահատութիւններ, յուսախաբութիւններ, որոնցմէ անվստահութիւն յառաջ կու գայ։ Ժամանակ առ ժամանակ այս հոգեբանութիւնը կը տիրէ ու նիւթապաշտութիւնը գլուխ կը բարձրացնէ…»։
Քարոզիչ սրբազանը խօսքերուն այս հատուածին մէջ բնութագրեց անդամալոյծի մը Յիսուսի մօտ բերուելու պատկերը։ Տաճարը այնքան բազմամարդ էր, որ կարելի չէր անդամալոյծը նոյնիսկ չորս հոգիներու օգնութեամբ Յիսուսին մօտ տանիլ։ Ուրեմն անոնք դիմած էին ալ աւելի դժուար ճանապարհի մը, քանդել տաճարի տանիքը եւ անդամալոյծը իջեցնել տանիքէն ճիշդ Յիսուսին գտնուած վայրը։ Փրկիչը այս պայքարը գնահատեց «Հաւատք ձեր կեցուսցէ զձեզ» ըսելով։ Արդարեւ Չուլճեան սրբազան այս առակով յիշեցուց որդեգրուած նպատակի համար անվհատ պայքարի կարեւորութիւնը։
«Ինչ է մեզի պէտք այսօր որպէս պոլսահայութիւն, զօրաւոր նկարագրով համայնք ձեւաւորել։ Ուրիշ կերպ համայնքը չի կրնար ոտքի մնալ։ Պէտք է վերականգնենք խզուած համերաշխութիւնը։ Փոխանակ իրարու սխալը փնտռելու, եկէք միասնաբար յարձակինք խնդիրներու վրայ։ Պէտք է ճշդենք մեր նպատակները, գիտակցինք թէ ի՞նչ է գլխաւոր նպատակը, ինչե՞ր են այդ նպատակին իրականանալը խանգարող գործօնները եւ ստայնմ գործենք այդ նպատակը իրականացնելու համար։
Ինչպէս նախորդ այցելութիւններուն այս անգամ ալ Սեպուհ արք. Չուլճեանի քարոզը եւ զանազան հանդիպումները արժանացան լայն արձագանգներու պոլսահայ ընկերային շրջանակներու մէջ։ Սրբազան Չուլճեան այս այցելութեան ընթացքին խուսափեցաւ պատրիարքական ընտրութիւններու վերաբերեալ յայտարարութիւններէ, քանի որ ժամանած էր բոլորովին ընտանեկան բնոյթ ունեցող մկրտութեան խորհուրդ մը կատարելու համար։ Ան այցելութեան յաջորդող օրերուն նախընտրեց իջեւանիլ Գումգաբու, Պատրիարքարանի մէջ։
Չուլճեան սրբազան քաղաքէս կը մեկնի 10 Օգոստոս ուրբաթ օր։