Կեդրոնականի եւ Պոլսահայութեան անփոխարինելի կորուստը

Պոլ­սա­հայ իրո­­ղու­­թեան մէջ ան­­փո­­­խարի­­նելի կո­­­րուստ մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով կը յայտնո­­­ւի Կեդ­­­րո­­­­­­­նական վար­­­ժա­­­­­­­րանի վաս­­­տա­­­­­­­կաւոր ու­­­սուցիչ եւ տնօ­­­րէն Պերճ Չա­­­լըք­­­մա­­­­­­­նի մա­­­հը։ Չա­­­լըք­­­ման իբ­­­րեւ գե­­­ղան­­­կարչու­­­թեան ու­­­սուցիչ եր­­­կար տա­­­րիներ վաս­­­տակ ու­­­նի դպրո­­­ցի պատ­­­մութեան մէջ։ Ան նաեւ վա­­­րած է տնօ­­­րէնի պաշ­­­տօն եւ տի­­­րացած է բո­­­լոր ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար նա­­­խան­­­ձե­­­­­­­լի մե­­­նաշ­­­նորհի, որն է վա­­­յելել աշա­­­կեր­­­տի սէրն ու հա­­­մակ­­­րանքը։ Ափ­­­սոս որ այս նո­­­ւիրա­­­կան աս­­­պա­­­­­­­րէզի մէջ քի­­­չերն են միայն, որ կը տի­­­րանան նման հա­­­մակ­­­րանքի։ Չա­­­լըք­­­ման ու­­­նե­­­­­­­ցաւ այդ յա­­­ջողու­­­թիւնը շնոր­­­հիւ երի­­­տասարդ սե­­­րունդի նկատ­­­մամբ իր տա­­­ծած ջեր­­­մութեան։ Ըն­­­կե­­­­­­­րական էր եւ գի­­­տէր աշա­­­կեր­­­տի հո­­­գեբա­­­նու­­­թիւնը։ Դիւ­­­րաւ կը թա­­­փան­­­ցէր ու­­­սա­­­­­­­նող­­­նե­­­­­­­րու ներքնաշ­­­խարհին, ո՛չ միայն իբ­­­րեւ ու­­­սուցիչ այլ իբ­­­րեւ ըն­­­կեր։ Աշա­­­կերտնե­­­րը կը յար­­­գէին զինք, բայց չէին վախ­­­նար իր­­­մէ։ Գի­­­տէին, որ իրա­­­րու դէմ հա­­­կադ­­­րո­­­­­­­ւած դա­­­սակար­­­գէր չեն ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­ներ։ Թե­­­րեւս այս կա­­­պը ու­­­նէր իր շատ հա­­­ւաս­­­տի պատ­­­ճառնե­­­րը։ Պատ­­­ճառներ՝ որոնք կը ծա­­­գէին ժա­­­մանա­­­կի հրա­­­մայա­­­կան­­­նե­­­­­­­րէն։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Չա­­­լըք­­­մա­­­­­­­նի դա­­­սըն­­­կերնե­­­րուն մէջ բա­­­ւական մեծ թիւ կը կազ­­­մէին, բո­­­լոր այն ու­­­սա­­­­­­­նող­­­նե­­­­­­­րը, որոնք Բ. Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին պա­­­տերազ­­­մի դո­­­հու­­­բո­­­­­­­հի մէջ կրկին ան­­­գամ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րո­­­­­­­ւած էին դպրոց, զերծ մնա­­­լու հա­­­մար պա­­­տերազմ ար­­­հա­­­­­­­ւիր­­­քէն։

Սգա­­­լով իր կո­­­րուստը կը մխի­­­թարո­­­ւինք, այն երե­­­ւոյ­­­թով, թէ գե­­­ղան­­­կա­­­­­­­րիչ եւ ման­­­կա­­­­­­­վարժ Պերճ Չա­­­լըք­­­ման մեզ­­­մէ հրա­­­ժեշտ կ՚առ­­­նէ ետին թո­­­ղելով քաղցր յի­­­շատակ մը, որ ան­­­թա­­­­­­­ռամ պի­­­տի մնայ գլխա­­­ւորու­­­թեամբ աշա­­­կերտնե­­­րուն, զինք ճանչցող բո­­­լորին մօտ։

Այս տխուր առ­­­թիւ մեր վշտակ­­­ցութիւ­­­նը կը յայտնենք սի­­­րելի պա­­­րոն Պեր­­­ճի այ­­րիին, դստեր, որդւոյն եւ ըն­­տա­­­նիքի բո­­լոր պա­­րագա­­ներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ