Քաղաքակրթութիւն կոչուածը յաճախ կը ներկայացուի որոշ խմբակի մը հետ։ Երբեմն ազգի մը անունով, երբեմն ալ տարածաշրջանի մը ընդհանուր համայնապատկերին մէջ կը բնութագրենք քաղաքակրթութիւնը։ Օրինակի համար, ընդունուած եւ համատարած արտայայտութիւններ են «արեւմտեան քաղաքակրթութիւն», «միջերկրականի քաղաքակրթութիւն», «հայկական քաղաքակրթութիւն» կամ հնադարեան քաղաքակրթութիւն։ Սակայն այս բոլորէն անջատաբար կրնանք խօսիլ նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան մասին։ Քաղաքակրթութիւն՝ որ ձեւաւորուած է տարիներու հոլովոյթով եւ հետզհետէ չափանիշ մը դարձած։ Ահա այդ տեսակի քաղաքակրթութիւնը վերջերս որդեգրեց կարեւոր հասկացողութիւն մը ըստ որու մահապատիժ կոչուածը ինքնին ոճրագործութիւն է։ Այս հասկացողութիւնը իւրացնող եւ որդեգրող բոլոր երկիրները անշուշտ, որ անցեալին ունեցած են մահապատժի շատ մեծ փորձառութիւն։ Սակայն ներկայ մտածելակերպը շրջանցած է այդ փորձառութիւնները եւ հասած է այս նոր հասկացողութեան՝ ըստ որու մահապատիժը սովորական պատժամիջոց մը ըլլալէ աւելի վրիժառութեան երեւոյթ մըն է։ Այդ առումով ալ տեղ չունի արդարադատութեան ժամանակակից հասկացողութեան մէջ։
Թուրքիոյ մէջ այս համոզումին ռահվիրան եղաւ Ֆարուք Էրեմ։ Ան երկար տարիներ աշխատած էր, որպէս Եղեռնադատ ատեանի դատաւոր։ Արձակած էր մահավճիռներ, որոնք արդարութիւն հաստատելէ աւելի կը ծառայէին վրիժառութեան։ Արդարեւ թոշակառու դառնալէն ետք հրատարակած յուշերը մեղանչումի մը բնոյթը ունէին։ Մեղանչումը խոստովանելու համար գործածած էր «յանցաւորը որ քերթես մարդ դուրս կու գայ» ասութիւնը։ Զանազան օրինակներ թուած էր մահուան ոճիրներու մասին, որոնք արդար չէին, բայց կը համապատասխանէին օրէնքով ճշդուած վճիռին։ Այս մեկնաբանութիւնները մասամբ հիմք ծառայեցին, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ ալ բազմաթիւ իրաւապաշտպաններ հետզհետէ բաժնեն նոյն համոզումները եւ Թուրքիոյ սահմանադրութենէն վերացուի մահապատիժը։
Թուրքիա ունեցաւ զարմանալի վերիվայրումներ վերջին տասը- տասնըհինգ տարիներու ընթացքին։ այդ վերիվայրումներուն իբր հետեւանք վերջերս օրակարգի եկած է մահապատիժը վերահաստատելու գաղափարը։ Տակաւին երեկ «Մեծ միութիւն» կուսակցութեան նախագահ՝ Մուսթաֆա Տեսթիճի հրապարակաւ կը յայտարարէր, թէ խորհրդարանի վերաբացումով իր կուսակցութիւնը բանաձեւ պիտի ներկայացնէ խորհրդարանին առաջարկելով մահապատժի վերահաստատումը։ Այս «բարեբաստիկ» լուրը աւետելու ժամանակ կ՚աւելցնէր նաեւ հետեւեալ պատճառաբանութիւնը։ «Մահապատիժը մեր հաւատքի թելադրանքն է»։ Այս խօսքը եթէ հաշուի առնենք գրութեան սկիզբին երկար ներկայացուած բացատրութիւնները կարելի է ընդունել նաեւ «Մեր կրօնքը ոճրագործութիւն կը թելադրէ» ըսելով։ Եւ այստեղ կայ նաեւ իրաւացիութեան բաժին մը։ Իսկապէս ալ Թուրքիա հանրապետական շրջան անցնելէ ետք իր առաջին բարեփոխումը ըրաւ որդեգրելով անցեալի շերիաթական իրաւաբանութեան փոխարէն քաղաքակիրթ իրաւաբանութեան սկզբունքները։ Ուրիշ տեսակ կարելի չէր քաղաքակիրթ աշխարհին մաս կազմել։ Բայց ճիշդ ալ հոս է, որ կը ծագի խնդիրը։ Արդեօք Թուրքիոյ հասարակութիւնը այս պահուն ցանկութիւն ունի՞ քաղաքակիրթ աշխարհին մաս կազմելու, թէ ոչ աւելի ձեռնտու է հեռանալ այդ քաղաքակրթութենէն եւ վերականգնել անցեալի այն բարքերը, որոնցմէ հեռացած էինք պարզուած պայմաններու թելադրանքով։ Այս տեսակի շատ ու շատ՜ հարցումներ կան երկրի օրակարգին վրայ, որոնց կարեւորութիւնը այնքան ալ նկատելի չէ քաղաքական հակաճառութիւններու ժխորին մէջ։