Այս տարի վեցերորդ անգամ կը կայանայ պատմական Ամիտայի գիրքի փառատօնը։ «Թիւյափ» ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 25-30 Սեպտեմբեր թուականներուն։ Մարկոսեան որպէս իր գրութիւններով Տիյարպեքիրի յիշողութիւնը դրսեւորող հեղինակ այս տարուայ պատուոյ հիւրը հռչակուած է։ Արդէն ծանօթ էր Մկրտիչ Մարկոսեանի այս քաղաքի մէջ վայելած ժողովրդականութիւնը։ Ուրեմն եւս ուրախալի երեւոյթ է, թէ գիրքի փառատօնը կը զուգադիպի մերօրեայ կարեւորագոյն գիւղագիրի 80-ամեակին եւ գրական վաստակի 60-ամեակին։