Ատելութեան գլխաւոր թիրախը հայերն են

Հրանդ Տինք հիմ­նարկի եր­կա­րատեւ ծրա­գիր­նե­րէն է գրա­ւոր մա­մու­լի մէջ ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րու յայտնա­բերու­թիւնը։ Հիմ­նարկը այս առ­թիւ ամէն օր կը քննար­կէ 39 ազ­գա­յին եւ 390 շրջա­նային օրա­թեր­թեր։ Իր ստու­գումնե­րը կը հրա­տարա­կէ քա­ռամեայ պար­բե­րակա­նու­թեամբ։ Յու­նո­ւար- Ապ­րիլ 2018 թո­ւական­նե­րու քննար­կումնե­րը ընդգրկող տե­ղեկագ­րին մէջ ընդգծո­ւած են 2,265 օրի­նակ­ներ մերթ լրա­տուու­թեան եւ մերթ ալ սիւ­նակնե­րու բո­վան­դա­կու­թեան առու­մով։ Տո­ւեալ տե­ղեկագ­րի մէջ ազ­գայնա­մոլ «Եէնի Աքիթ» օրա­թեր­թը 125 ատե­լու­թեան պատ­գա­մի օրի­նակ­նե­րով առա­ջին կար­գի վրայ է։ Իրեն կը յա­ջոր­դեն 89 ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րով կրօ­նամոլ «Միլ­լի կա­զեթէ» եւ 64 օրի­նակ­նե­րով ալ դար­ձեալ ազ­գայնա­մոլ «Եէնի Չաղ» օրա­թեր­թը։ Շրջա­նային մա­մու­լի մէջ առաջ­նութիւ­նը կը վի­ճակի «Եէնի Քո­նեա» օրա­թեր­թին, 50 ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րով։

Այս շրջա­նին ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րը ուղղո­ւած են հա­յերուն, հրեանե­րուն եւ յոյ­նե­րուն։

Ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րը առնչուած են նաեւ օրա­կար­գի նիւ­թե­րուն հետ, քա­նի որ Յու­նո­ւար-Ապ­րիլ 2018 թո­ւակա­նի ըն­թացքին օրա­կարգ զբա­ղեց­նող գլխա­ւոր նիւ­թե­րը եղան դէ­պի Աֆ­րին ուղղո­ւած «Ձի­թենեաց ճիւղ» գոր­ծո­ղու­թիւնը, Հո­լան­տա­յի խորհրդա­րանի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նաձե­ւի քննարկման օրը, Հո­ճալո­ւի կո­տորած­նե­րու տա­րեդար­ձը, Յու­նաստա­նի հետ Քար­տա­քի ճգնա­ժամը, Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շատակ­ման օրը, Մի­ջերկրա­կանի վրայ բնա­կան կազ որո­նելու աշ­խա­տանքնե­րը, Պա­ղես­տի­նեան խնդի­րը եւ 24 Յու­նի­սի ընտրու­թիւննե­րը։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ